Արխիւ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Սինկափուրի վարչապետ Լի Սիեն Լունի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Հայաստան։ Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց երկու երկիրներու միջեւ շփումները զանազան մակարդակներու վրայ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախկին նախագահներէն Ժագ Շիրաք երէկ յուղարկաւորուեցաւ Փարիզի մէջ։ Իր մարմնաւորած՝ քաղաքական գործիչի կերպարին, իր պաշտօնավարութեան շրջանին Ֆրանսայի ունեցած ձեռքբերումներուն, ընդհանրապէս Եւրոպայի հարթութեան վրայ բերած նպաստին մասին բազմակողմանիօրէն արտայայտուեցան միջազգային լրատուամիջոցները՝ Շիրաքի մահէն ի վեր անցած այս վերջին քանի մը օրերուն։
Երեւանի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) գագաթաժողովը։ Անդամ երկիրներու ղեկավարները արդէն ժամանած են Հայաստան, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալուին երկրի ղեկավարութեան կողմէ։
Իսթանպուլահայ սանուց միութիւններու նախաձեռնութեամբ երէկ Սկիւտարի բարձունքին տեղի ունեցաւ խանդավառ խրախճանք մը։ Աւանդական այս դաշտահանդէսը կազմակերպուած էր Գալֆաեան Տան ննջարանի բաժնի համալիրէն ներս։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան հանդիսապետեց Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն։
Սիրոյ սեղանին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Եսայի Տեմիր տեղեկացուց, որ ատենապետի պաշտօնը պիտի փոխանցէ։ Բարերարուհի Հայկան Պիրոս ծափողջոյններու ներքեւ ստացաւ յուշանուէր մը։
Համայնքային շրջանակները հերթական անգամ զօրակցութեան առարկայ դարձուցին Սահակեան-Նունեան վարժարանը, որու պիւտճէի հաւասարակշռման համար հանգանակուեցաւ լուրջ գումար մը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան շաբաթավերջին Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆի հետ։ Երկու նախարարներն ալ Նիւ Եորքի մէջ կը գտնուէին մասնակցելու համար ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման արարողութիւններուն։
Հայաստանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Սինկափուրի վարչապետ Լի Սիեն Լունը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Օրուան տեւողութեան հիւր վարչապետը ընդունուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։
Սուրիոյ հիւսիսին ստեղծուելիք անվտանգ գօտիի խնդիրը կը շարունակէ մնալ Անգարայի առաջնահերթութիւնը:
Նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու. «Այժում վիճակը չի գոհացներ Թուրքիան եւ այս բանը ըսած ենք ամերիկեան կողմին»:
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան, շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեանի հետ։ Ս. Գայիանէի վանքի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը, որու ընթացքին Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան նշեց, որ ուշադրութեամբ կը հետեւի պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի վերաբերեալ իրադարձութիւններուն՝ մանաւանդ, կանոնադրութեան ուղարկուելուն զուգահեռ ստեղծուած վիճակին։
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացէն ներս կը սկսի բախտորոշ շաբաթ մը:
Այսօր յետմիջօրէին Գումգաբուի մէջ կը գումարուի Կրօնական ժողովը, երեկոյեան տեղի կ՚ունենայ Նախաձեռնարկ մարմնի հերթական նիստը:
Պետրոս Շիրինօղլու շաբաթավերջին կարեւոր տեսակցութիւն մը ունեցաւ Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի հետ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Տէրունական աղօթքը երբ կ՚արտասանենք, Հայր «Մեր» գոչելով, մենք կ՚ոգեկոչենք Նոր Ուխտը՝ կնքուած Յիսուս Քրիստոսով, հաղորդութիւնը Ամենասուրբ Երրորդութեան հետ, եւ աստուածային անհուն սէրը, որ կը ծաւալի աշխարհի տարածքով։
Մեր Հայր Աստուածը պաշտելու, սիրելու եւ օրհնաբանելու համար մեզ Անոր ներկայութեան դնելէ ետք, «որդիական Հոգի»ն մեր սրտերէն եօթը խնդրանքներ, եօթը օրհնաբանութիւններ երկինք կը բարձրացնէ։
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Կենսոլորտին ուղղուած սպառնալիքներուն քննարկման յատուկ՝ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նստաշրջանը բացուեցաւ երեքշաբթի, 24 սեպտեմբերին, սակայն միջազգային մամուլի լուսարձակները առաւելաբար կեդրոնացան… Իրանի ուղղուած՝ նախագահ Թրամփի մեղադրական արտայայտութեանց, Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Զարիֆի հակադարձութեան եւ եւրոպական միջնորդութեան մը հաւանականութիւններուն վրայ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուծոյ վաւերական պաշտամունք մը մատուցանելու պարտականութիւնը կը վերաբերի մարդուն՝ անհատապէս եւ ընկերապէս։ Արդարեւ, բոլոր մարդիկ պարտաւոր են փնտռել ճշմարտութիւնը, յատկապէս այն հարցերուն շուրջ, որոնք կը հային Աստուծոյ, եւ զայն ճանչնալէ ետք, անոր փարիլ եւ անոր հաւատարիմ մնալ։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեանն ու իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էին նաեւ եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Լաւ է, որ համաշխարհայնացման եւ միօրինակութեան այս ժամանակաշրջանին, երբ յատկապէս մարմաջ մը կայ համակարգիչի, համացանցի տարածուած լեզուն՝ անգլերէնը աւելի տիրապետող դարձնել, մարդիկ կը փորձեն քանի մը լեզուներ սորվիլ, իսկ տարբեր ազգեր մեծ ճիգեր ի գործ կը դնեն իրենց մայրենին պահպանելու: Բազմաթիւ ձեւեր կան՝ դասակարգելու անձի մը լեզուական հմտութիւնները, բայց սահունութեան հասկացողութիւնը դժուար է սահմանել:
Տեսակցեցաւ՝ ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հարցերուն կը պատասխանէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աւագ եպիսկոպոսներէն, երկար տարիներ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմը հովուած եւ ներկայիս Վատիկանի եւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։
Հայ օգնութեան ֆոնտը Հայաստանի մէջ շարք մը ձեռնարկներով կը նշէ իր հիմնադրութեան 30-ամեակը:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը յոբելենական շրջանին դրուատեց հիմնադրամին ծաւալած գործունէութիւնը:
Մնացականեան Նիւ Եորքի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Թոմաս Կրեմինկէրի եւ Միրոսլաւ Լայչաքի հետ:
Երեւան կ՚ընդգծէ Արցախի՝ խաղաղ գործընթացի նկատմամբ սեփականութեան զգացումի ընդլայնման կարեւորութիւնը:
Իրաւաբան Սեդրակ Տավութհան վերջին իրադարձութիւններուն բերումով լքեց Նախաձեռնարկ մարմինը:
Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը՝ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին շուրջ:
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանէն ներս յատկանշական հանդիսութիւն մը:
Տեւական կրթական կեդրոնի շրջանաւարտները ծափողջոյններով ստացան իրենց վկայականները: