Արխիւ
Հոգեգալստեան տօնին առթիւ շաբաթավերջին աւանդական փայլուն տօնակատարութիւններ տեղի ունեցան Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։ Երէկ, առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ տօնական մթնոլորտ ստեղծուեցաւ մեր այս պատմական ու կոթողային սրբավայրի համալիրէն ներս։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Սարըերի քաղաքապետ Շիւքրիւ Կենճի հետ։ Հարկ է նշել, որ Սարըերի քաղաքապետարանը վերջերս փոխադրուած է Մասլաք՝ տեղակայուելով նորակառոյց համալիրի մը մէջ։
Թուրքիա մահմետական աշխարհը շարժման կ՚անցընէ ի նպաստ Պաղեստինի, Երուսաղէմի՝ Իսրայէլի մայրաքաղաք դառնալուն դէմ, նաեւ ՄԱԿ-ը կը հրաւիրէ կատարել իր պատասխանատուութիւնները:
Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան արտահերթ ժողով եւ Ենիգաբուի մէջ հանրահաւաք: Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան կոչ ուղղեց պայքարելու համար մոլեռանդ սիոնականներու դէմ:
ՏՔԹ. ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Հին Յունաստանը Հիփնոս անունով քունի աստուած մը ունէր, որմէ՝ յունարէն լեզուին «քուն» բառը: Ուրեմն, hypnosis-ը դիցաբանական անունէն կու գայ: Անիկա արհեստականօրէն յառաջ բերուած քնանման դրութիւնն է, որ կարելի է «արհեստաքուն» (hypnosis) կոչել, իսկ արհեստաքունի յառաջացման գործընթացը՝ «արհեստական քնաբերութիւն»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի մէջ իրականացուած «Թաւշեայ յեղափոխութեան» թեման կը շարունակէ մնալ լուսարձակներու տակ:
Խնդիրը այն չէ միայն, որ Հայաստանի մէջ իրավիճակ փոխուած է…
Աշխատասիրեց՝
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
- Ս. Պատարագը ե՞րբ հայացուեցաւ։
- Պատարագամատոյցին հայացումը անշուշտ տեղի ունեցաւ Ե. դարուն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հայ Եկեղեցին, այս տարի եւս կը տօնէ Հոգեգալստեան տօնը՝ 20 Մայիս Կիրակի՝ Յինանց 50-րդ օրը։ Հոգեգալուստը, որ կ՚անուանուի նաեւ «Պենտեկոստէ», հիմքը կ՚առնէ Վերնատան մէջ, ուր Յիսուս Քրիստոսի խոստումը կ՚իրականանայ. «Ես պիտի աղաչեմ Հօրս, որ ուրիշ Մխիթարիչ տայ ձեզի, որպէսզի յաւիտեան ձեզ հետ ըլլայ։ Ան Սուրբ Հոգին է, որ Ճշմարտութիւնը կը յայտնէ»։
Նիկոլ Փաշինեան. «Վիճակագրութեան ոլորտը պէտք է դուրս ըլլայ քաղաքական ազդեցութիւններէ»:
Հայաստանի Վիճակագրական կոմիտէի եւ Վիճակագրութեան պետական խորհուրդի կազմերուն համար նշանակումներ:
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այսօր կը նշուի Մայիս 19-ի տօնը։ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի ոգեկոչման եւ Երիտասարդութեան տօնը այս տարի եւս կը տօնուի քաղաքացիական խոր գիտակցութեամբ։
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան կողմէ նուիրատուութիւն՝ Մատենադարանին:
Մկրտիչ Մկրտիչեան. «Այստեղ հայութեան ազգային գանձարանը ոչ միայն կը պահպանուի, նաեւ կ՚ուսումնասիրուի»:
Նախաձեռնութեամբ ՀՄԱԿ-ի Թաւրիզի մասնաճիւղին, հովանաւորութեամբ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Գրիգոր Եպսկ. Չիֆթճեանի, Թաւրիզի Ազգային առաջնորդարանի «Հ. Ոսկանեան» սրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ Երեւանի «Թաթուլ Ալթունեան» երգի եւ պարի պետական համոյթը:
Զօհրապ Մնացականեան զրուցեց Ուէսս Միթչըլի հետ, նաեւ ընդունեց Կասպրչիկն ու Խաչատուրովը:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը առաջնահերթօրէն կ՚անդրադառնայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին:
Ռուսաստանի եւ Սուրիոյ նախագահները երէկ տեսակցութիւն մը ունեցան Սոչիի մէջ:
Ըստ Փութինի, զինուորական յաջողութիւններէն վերջ պէտք է ծանրութիւն տալ քաղաքական լուծման:
Գերմանական «Քոնրատ Ատենաուէր» հիմնադրամի քաղաքական երկխօսութեան Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանային ծրագրի ղեկավար Թոմաս Շրափէլ երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հրահանգով, պոլսահայ եկեղեցիներուն մէջ այս Կիրակի տեղի պիտի ունենան յատուկ աղօթքներ։
Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան գործարար խորհուրդի ժողովը:
Նոյան Սոյաք. «Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ առեւտրաշրջանառութիւնը կը կազմէ 300 միլիոն տոլար»:
Այս տարի կը լրանայ Վաղարշապատ քաղաքի Ս. Հռիփսիմէ վանքի հիմնադրութեան 1400-ամեայ յոբելեանը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ յատուկ յանձնախումբ մը ստեղծուեցաւ՝ յոբելենական ձեռնարկներու կազմակերպման համար։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ վերջերս լոյս տեսած է սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի նոր գիրքը, որ կը կոչուի «Սփիւռքահայ կեանքեր՝ ինչպէս որ տեսայ»։
Եշիլգիւղի վարժարանի 2017-2018 կրթական շրջանի տարեվերջի հանդէսը երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ առիթ հանդիսանալով մեծ խանդավառութեան։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Պոլսահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս անփոփոխ առաջնահերթութիւն է կրթական բնագաւառը։ Ասով հանդերձ, ատեն-ատեն գետի նման կը վարարին վէճեր, որոնց բերումով նիւթական խնդիրները կը վերածուին հրատապ օրակարգի։ Համբարձման սեղանին ընթացքին Պետրոս Շիրինօղլուի ունեցած ելոյթը վերջին օրերուն ծնունդ տուած է նման վէճի մը։