ՍՈՒՐԲ ԳԵՐԵԶՄԱՆԻՆ ԱՌՋԵՒ

Երուսաղէմի մօտ Ֆրանսայի նորանշանակ աւագ հիւպատոս Նիքոլա Քասսիանիտես երէկ իր առաջին պաշտօնական այցելութիւնը տուաւ Սուրբ Յարութեան տաճար։ Յետմիջօրէի ժամերուն, Հին քաղաքի Եաֆայի դրան առջեւ ան դիմաւորուեցաւ քրիստոնեայ երեք յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ, որոնք թափօրով զինքը առաջնորդեցին դէպի Սուրբ Յարութեան տաճար՝ քալելով Արաբական շուկայէն։ Սուրբ Յարութեան տաճարի մուտքին ֆրանսացի դիւանագէտը դիմաւորուեցաւ հայ առաքելական, յոյն ուղղափառ եւ կաթոլիկ-ֆրանսիսքեան տեսուչներու կողմէ եւ առաջնորդուեցաւ դէպի Սուրբ Գերեզման։

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կողմէ ներկայ էին տնօրէն ժողովի ատենապետ Տ. Թէոդորոս Եպիսկոպոս Զաքարեան, աւագ թարգման Տ. Վազգէն Վարդապետ Ալեքեան եւ դիւանապետ Տ. Աղան Վարդապետ Գոգճեան։

Ուրբաթ, Յունուար 12, 2024