ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԿՂԶԻԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ՕՐՀՆԵՑ ՏԱՂԱՒԱՐԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Շաբաթավերջին Ս. Աստուածածնի տաղաւարին ընդառաջ համայնքային կեանքէն ներս ստեղծուած է մեծ եռուզեռ։ Մեր եկեղեցիներէն ներս հերթական անգամ պիտի օրհնուին խաղողի ողկոյզները, ինչ որ մեծ խանդավառութիւն յառաջացուցած է հաւատացեալ ժողովուրդին մօտ։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Ս. Աստուածածնի տօնին համայնքի ուշադրութիւնը Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ վրայ կեդրոնացած է։ Արդարեւ, այս եղանակին մեր համայնքի անդամները խտացած են կղզիի վրայ։

Մինչ կղզիի բարձունքին Ս. Աստուածածնի տօնի պատրաստութիւնները խանդավառութեամբ յառաջ կը տարուին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանն ալ այցելեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ընկերացան Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ ատենապետ Լեւոն Շատեանի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդի անդամները։ Նորին Ամենապատուութիւնը միջոց մը հետեւեցաւ տաղաւարի պատրաստութիւններուն, որոնք կը կատարուին կամաւորներու կողմէ։ Անոնք կը պատրաստեն այն ամանները, որոնց մէջ պիտի դրուին ժողովուրդին բաժնուելիք խաղողի ողկոյզները։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս առթիւ իր օրհնութիւնը փոխանցնեց բոլորին եւ գոհունակութիւն յայտնեց ստեղծուած հոգեւոր ուրախութեան մթնոլորտին համար։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 12, 2021