ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ

Երէկ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ մատոյց նաեւ Ս. Պատարագը։ Արարողութեան ընթացքին հայր սուրբը խօսեցաւ քարոզ մը։ Ի ժամ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գահակալութեան 24-րդ տարեդարձին առթիւ։ Քարոզիչ հայր սուրբը շեշտեց, որ Հայրապետական մաղթանքը առիթ կը ստեղծէ, որպէսզի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ զաւակները վերահաստատեն իրենց հաւատարմութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի նկատմամբ եւ աղօթեն ազգիս Վեհափառ Հայրապետի արեւշատութեան համար։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2023