ԴԷՊԻ ԱՄՆ ԵՒ ԱՆԳԼԻԱ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ներկայիս ձեռնարկած է ուղեւորութեան մը։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը շաբաթավերջին հաղորդեց, որ Վեհափառ Հայրապետը մեկնած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմը։ Հայրապետական այցելութիւնը կ՚ընդգրկէ նաեւ Անգլիոյ հայոց թեմը։

Նորին Սրբութիւնը հանդիպումներ կ՚ունենայ թեմական կառոյցներուն հետ։ Բաց աստի, ան կը մէկտեղուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բարերարներուն հետ՝ քննարկելու համար ձեռնարկուած զանազան ծրագիրներու ընթացքը։

Հարկ է նշել, որ Վեհափառ Հայրապետը սովորաբար տարեմուտին կ՚իրականացնէ նման ուղեւորութիւններ, որոնք առիթ կը դառնան աշխատանքային մթնոլորտի մէջ նախանշելու յաջորդ քայլափոխի թիրախային քայլերն ու նպատակասլաց նախաձեռնութիւնները։

Վեհափառ Հայրապետի տեսլականով, արդէն կայացած հունի մը մէջ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը երկար տարիներէ ի վեր նոյնաժամանակ յառաջ կը տանի բազմաբնոյթ ծրագրեր, որոնք ամենատարբեր ոլորտներու կը վերաբերին։ Համավարակի, 44-օրեայ պատերազմի եւ Արցախի վերջին հայաթափումի մարտահրաւէրներու ազդեցութեամբ ընկերային աջակցութեան բնոյթով նախագծերը դարձած են անյետաձգելի առաջնահերթութիւն։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը ջանայ համազգային զօրաշարժի մթնոլորտ ապահովել՝ այդ բոլորին հասնելու համար։

Երկուշաբթի, Յունուար 15, 2024