ՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ

Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան շաբաթավերջին այցելութիւն մը տուաւ Փորթուգալի հայութեան։ Նորին Սրբազնութիւնը այս առթիւ այցելեց նաեւ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի կեդրոնը, ուր Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն տքթ. Ռազմիկ Փանոսեանի հետ ունեցաւ հանդիպում մը։ Զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան համագործակցութեան վերաբերեալ ծրագրեր։

Այս այցելութիւնը իսկապէս յատկանշական էր՝ քանի Փորթուգալի հայութիւնը երկար տասնամեակներ վերջ առաջին անգամ հնարաւորութիւն ունեցաւ Ս. Զատկի շրջանին հայածէս Ս. Պատարագի մասնակցելու։ Այսպէս, Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան պատարագեց Լիզպոնի «Igreja de Nossa Senhora do Rosário de Fátima» եկեղեցւոյ մէջ, ուր բազմատասնեակ հաւատացեալներ համախմբուած էին՝ զիրար ողջունելու համար տօնական աւետիսով։ Պատարագիչ սրբազան հօր առընթերակայ էր Տ. Շնորհք Աբեղայ Սարգսեան։ Թէ՛ Լիզպոնէն եւ թէ մօտակայ շրջաններէն, ինչպէս նաեւ նոյնիսկ Պորտօ քաղաքէն բազմաթիւ հաւատացեալներ մասնակցութիւն բերին այս արարողութեան, որ կազմակերպուած էր Փորթուգալ-Հայաստան բարեկամութեան միութեան կողմէ։

Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան տօնակատարութիւններուն առընթեր գլխաւորեց նաեւ փորթուգալահայութեան կողմէ կազմակերպուած տօնական սիրոյ սեղանը, որ տեղի ունեցաւ Լիզպոնի «Արարատ» հայկական ճաշարանին մէջ։ Բոլոր ներկաները կենացներով, անկեղծ մաղթանքներով եւ հայկական աւանդական երգերով շնորհաւորեցին զիրար՝ փոխանակելով բարեմաղթանքներ։

Փորթուգալ այցելութեան ընթացքին Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան քաղաքավարական այցելութիւն մըն ալ տուաւ Լիզպոնի Պատրիարք-Արքեպիսկոպոս Ռուզ Մանուէլ Սոուզա Վալերիոյին։ Սիրալիր տեսակցութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Փորթուգալ-Հայաստան բարեկամութեան միութեան նախագահ Վահէ Մխիթարեան։ Զրոյցի ընթացքին Նորին Սրբազնութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց իր հոգեւոր եղբօր՝ հայածէս Ս. Պատարագի մատուցման համար կաթոլիկ սրբավայրի մը տնօրինման բերումով։ 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 16, 2024