ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՖԼՈՐԱՆՍԱ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ երեկոյեան մեկնեցաւ Իտալիա։ Նորին Սրբութեան ուղեւորութիւնը տեղի կ՚ունենայ Վատիկանի պետական քարտուղար Կարտինալ Փիէթրօ Փարոլինի հրաւէրին ընդառաջ։ Նորին Սրբութիւնը Ֆլորանսայի մէջ կը մասնակցի «Կրօններու փառատօն» արարողութեան։ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի աղբիւրներու հաղորդումներով, Ֆլորանսայի Ս. Մինասի տաճարէն ներս Վեհափառ Հայրապետը հանդէս կու գայ յատուկ բանախօսութիւնով մը՝ «Կրօններու դերը արդի աշխարհի մէջ» նիւթին շուրջ։

Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին կ՚ուղեկցին Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պաշտօնական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի պատասխանատու Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան, յայտնի երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեան եւ գաւազանակիր Տ. Անանիա Աբեղայ Ծատուրեան։

Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2019