ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԱՅՑ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմէն խումբ մը ուխտաւորներ։ Մինեսոթայի Ս. Սահակ եկեղեցւոյ հովիւ Տ. Թադէոս Քհնյ. Բարսեղեանի կողմէ գլխաւորուած ուխտաւորներու խումբը ստացաւ Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը, ինչ որ իրենց ուխտագնացութեան ամենավառ պահերէն մին բնորոշուեցաւ։

Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ հաստատեց, որ այցելութիւնը դէպի Հայաստան եւ համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոն՝ առիթ մըն է ուխտի վերանորոգութեան, հաղորդ դառնալու սրբութիւններուն, ինչպէս նաեւ ամրապնդելու կապը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայաստանի հետ։ Ան բարձր գնահատեց հայորդիներու ազգային ոգին եւ հաւատարմութիւնը՝ հայրենի երկրի եւ ազգային հարուստ ժառանգութեան նկատմամբ։

Հանդիպման տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին եկեղեցական կեանքին, Հայաստանի կացութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին։

Շաբաթ, Յուլիս 29, 2017