ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ս. Ղեւոնդեանց քահանայից տօնակատարութիւններուն։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։ Օրուան քարոզը խօսեցաւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Օրուան տօնին վերաբերեալ խորհրդածութիւններէն վերջ, ան շեշտեց, որ Հայ Եկեղեցւոյ սպասաւորները Ս. Ղեւոնդեանց բարեխօսութեամբ կը թարմացնեն ու կը վերանորոգեն իրենց հաւատարմութիւնը՝ հայոց հաւատքի առանցքին՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ անոր գահակալին՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին նկատմամբ ու կը շարունակեն աղօթել անոնց համար։ Երգեցողութիւնները կատարեցին հոգեւոր հայրերը՝ ղեկավարութեամբ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի։ Ս. Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Պատրիարքական Աթոռի վախճանեալ բոլոր հոգեւոր սպասաւորներուն համար։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Պատրիարքարանի լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան հոգեւորականաց դասուն անունով շնորհաւորեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Իր կարգին, Նորին Ամենապատուութիւնն ալ շնորհաւորեց հոգեւոր եղբայրները՝ մաղթելով, որ Աթոռի հոգեւորականաց դասը օժտուի նոր անդամներով։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 7, 2024