ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Իմաստունի մը աղջիկը օր մը հարցուց անոր.

-Հայրիկ, ես յոգնեցայ։ Իմ կեանքը այնքան ծանր է, ես այնքան շատ դժուարութիւններ ու խնդիրներ ունիմ։ Ես անդադար կ՚ընթանամ հոսանքին հակառակ, այլեւս ուժ չունիմ… Ի՞նչ ընեմ։

Հայրը պատասխանելու փոխարէն կրակի վրայ դրաւ երեք միանման ջուրով լի կաթսայ։ Մէկուն մէջ ստեպղին, միւսին մէջ հաւկիթ, իսկ երրորդին մէջ լեցուց սուրճ։ Որոշ ժամանակ անց ան ջուրէն հանեց ստեպղինն ու հաւկիթը, իսկ սուրճը լեցուց գաւաթի մը մէջ։

-Ի՞նչ փոխուեցաւ,- հարցուց ան աղջկան։

Հաւկիթն ու ստեպղինը եփած են, իսկ սուրճը լուծուած է ջուրի մէջ,- պատասխանեց ան։

-Ո՛չ, աղջիկս, ան միայն առաջին հայեացքէն կը թուի այդպէս։ Նայէ՛, կարծր ստեպղինը եռացած ջուրին մէջ մտնելով՝ դարձած է փափուկ ու փխրուն։ Իսկ փուխր եւ հեղուկ հաւկիթը կարծրացած է։ Արտաքուստ անոնք չեն փոխուած, անոնք միայն իրենց ներքին կառուցուածքը փոխած են՝ միեւնոյն անբարենպաստ միջավայրի՝ եռացած ջուրի ազդեցութեամբ։

Այդպէս են նաեւ մարդիկ, արտաքնապէս ուժեղները կրնան կոտրուիլ, դառնալ թուլակամ, իսկ նուրբ ու փխրուն մարդիկ՝ ամրանալ ու կարծրանալ։

-Իսկ սո՞ւրճը,- հարցուց աղջիկը։

-Ո՜հ, ան ամենահետաքրքրականն է։ Սուրճը ամբողջութեամբ լուծուեցաւ նոր «թշնամական» միջավայրին մէջ եւ փոխեց զայն՝ դարձնելով հոյակապ, բուրաւէտ ըմպելիք մը։

Գոյութիւն ունին առանձնայատուկ մարդիկ, որոնք չեն փոխուիր ուժեղ ազդեցութեան տակ, ընդհակառակը՝ կը փոխեն իրենց միջավայրը, դարձնելով զայն շատ աւելի լուսաւոր ու գեղեցիկ, ինչպէս նաեւ, միեւնոյն ժամանակ քաղելով օգուտ ու գիտելիքներ այդ իրավիճակէն։

*

Կոյր մարդ մը կը նստէր շէնքի սանդուխներուն վրայ։ Անոր ոտքերու քով դրուած էր գրեթէ դատարկ գլխարկ մը եւ մի տախտակ՝ հետեւեալ գրութեամբ. «Ես կոյր եմ, կ՚աղաչեմ օգնեցէ՛ք ինծի»։

Մօտակայքով անցնող անցորդ մը նշմարեց կոյրը եւ տեսաւ, որ անոր գլխարկին մէջ ընդամէնը կայ քանի մը մանրադրամ։ Ան նոյնպէս գումար մը նետեց գլխարկին մէջ, բաց աստի առանց թոյլտուութեան վերցուց տախտակը, որուն վրայ գրեց նոր բառեր եւ առանց բառ մը փոխանակելու հեռացաւ։

Օրուայ աւարտին գլխարկը լի էր դրամներով։

Երբ անծանօթը տուն կը դառնար, կոյրը զայն ճանչցաւ ոտնաձայներէն։ Ձայնեց անոր եւ հարցուց, թէ ի՛նչ գրեց ան տախտակին վրայ։

-Ես չեմ գրած այնպիսի բան մը, զոր չի համապատասխաներ իրականութեան։ Ես պարզապէս գրած եմ ճշմարտութիւնը քիչ մը այլ տարբերակով, պատասխանեց մարդը ու հեռացաւ։

Կոյրը տակաւին երկար ժամանկ մատներով կը շօշափէր տախտակի մակերեւոյթը, մինչեւ հասկցաւ՝ տախտակին վրայ գրուած էր. «Հիմա գարուն է, սակայն ես չեմ կրնար զայն տեսնել»։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունիս 25, 2020