ՆՈՐԻՆ ԱՄԵՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՍԿՍԻ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՇՆՈՐՀԵԼ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԵՒ ԳԱՒԱՌԻ ՄԵՐ ԲՈԼՈՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ներկայիս կը ձեռնարկէ հովուապետական այցելութիւններու շարքի մը՝ դէպի մեր բոլոր եկեղեցիները։ Այսպէս, Նորին Ամենապատուութիւնը մի առ մի պիտի այցելէ այն բոլոր սրբավայրերը, որոնք Պատրիարքական Աթոռի հոգեւոր իշխանութեան սահմաններուն մաս կը կազմեն։ Առաջին հերթին Իսթանպուլի եկեղեցիները պիտի այցելէ Նորին Ամենապատուութիւնը։ Ամէն օր քաղաքի մէկ ուղղութեան վրայ մէկէ աւելի եկեղեցիներ պիտի այցելէ ան եւ իւրաքանչիւրին մէջ պիտի դիմաւորուի «Հրաշափառ»ի արարողութեամբ։ Սա աւանդութիւն մըն է՝ խոր նախընթացներով։ Մեր բոլոր հոգեւոր պետերը անցեալի մէջ գահ բարձրանալէ վերջ անպայման փափաքած են այցելել եկեղեցիները։ Սահակ Պատրիարքն ալ այժմ այդ աւանդութիւնը կը շարունակէ։

Իսթանպուլի եկեղեցիներէն վերջ, Նորին Ամենապատուութիւնը պիտի այցելէ նաեւ գաւառի մեր սրբավայրերը։ Յառաջիկայ Մեծ պահքի շրջանին Ս. Գր. Լուսաւորչի տօնին ժամանակ նախատեսուած աւանդական ուխտագնացութիւնը առիթ պիտի հանդիսանայ, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Կեսարիայէն սկսեալ այցելէ գաւառի մեր եկեղեցիները։

Երեքշաբթի, Փետրուար 11, 2020