ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Ս. Ծննդեան եւ Աստուծայայտնութեան տօնին առթիւ ընդունեց Էսաեան լիսէի աւարտական դասարանէն խումբ մը աշակերտներ։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, վարժարանի լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Տենչա Չընար եւ կրթական մշակներ։

Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անդրադարձաւ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի գործունէութեան եւ աշակերտներուն թելադրեց, որ շրջանաւարտութենէ յետոյ եւս օգտուին թաղի յարակից մարմիններու գործունէութիւններէն։ Ան անդրադարձաւ նաեւ մայրենի լեզուի գործածութեան, մշակութային արժէքներու պահպանման կարեւորութեան ու մաղթեց, թէ աշակերտութիւնը Էսաեան վարժարանէ շրջանաւարտ ըլլալէ յետոյ շարունակէ ըլլալ հաւատարիմ պահապանը ազգային եւ եկեղեցական արժէքներուն։

Իր կարգին, Տենչա Չընար յանուն աշակերտութեան շնորհակալութեան խօսք մը արտասանեց եւ ըսաւ, թէ Էսաեան վարժարանի հիմնական նպատակներէն մին է ծանօթացնել ազգային հաստատութիւնները՝ զանազան առիթներով տրուած այցելութիւններով եւ դասաւանդութեամբ։ Ան յայտնեց նաեւ, որ վարժարանի վարչայիններուն, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին յոյսն է աշակերտներու ուսման շրջանին լաւապէս զինուած ըլլալը, որպէսզի ապագային եւս ծառայեն ազգային հաստատութիւններէ ներս։

Հուսկ, աշակերտներ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր յանձնեցին նուէր մը։ Իսկ Նորին Ամենապատուութիւնը բոլորին նուիրեց գիրքեր ու օրհնուած նուռեր։ Ապա, Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեանի ընկերակցութեամբ աշակերտները այցելեցին «Յովհաննէս Թ. Կոլոտ Պատրիարք» թանգարանը եւ տեղեկութիւններ ստացան գոյքերու մասին։

Ուրբաթ, Յունուար 12, 2024