ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԻ ԵՐԴԻՔԻՆ ՏԱԿ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ՈԳԵՒՈՐ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Գարակէօզեան Տան «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստական աշխատանոցի յարկէն ներս Բարեկենդանը նշուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ։ Աշխատանոցի ծրագրերուն մասնակից յիսունութ փոքրիկներ մասնակցութիւն բերին կազմակերպուած խրախճանքին։ Հտպիտներու ելոյթներուն հետեւելէ վերջ, տղաքը պատրաստեցին դիմակներ, ինչպէս նաեւ համտեսեցին իրենց իսկ պատրաստած ուտեստեղէնները։

Համակրելի մեներգչուհի Լարա Նարինն ալ բաժնեկից եղաւ փոքրիկներու Բարեկենդանի զուարճանքին։ Ան իր կատարումներով խանդավառեց մթնոլորտը։

Երեքշաբթի, Փետրուար 13, 2018