ԶԵՔԻԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌԻ ԳԼԽԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ՄԻՋԻՆՔԻՆ ԱՌԹԻՒ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՍԵՂԱՆ

Մեծ պահոց Միջինքին առթիւ նախընթաց օր Հայ Կաթողիկէ հասարակութենէն ներկայացուցիչներ համախմբուեցան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններու առթիւ։ Այսպէս, Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանի գլխաւորութեամբ առաւօտուն ժամերգութիւն մը տեղի ունեցաւ Թաքսիմի Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ մէջ։ Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, նոյն եկեղեցւոյ տիկնանց կազմին նախաձեռնութեամբ Միջինքի սեղան մը սարքուեցաւ Կայրեթթեփէի «Փոինթ» պանդոկին մէջ։ Աւելի քան 200 հոգի մասնակցեցաւ այս խանդավառ հաւաքոյթին, որու ընթացքին սեղանը օրհնեց Զեքիեան Գերապայծառ, որու կողքին էին Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, Հայր Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆըրատեան եւ Հայր Միքայէլ Ծ. Վրդ. Ուչար։ Մասնակիցներու շարքին էր նաեւ Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պեռնար Սարըպայ։ 

Յայտագրի տեւողութեան ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ տիկնանց կազմի ատենապետուհի Մարի Միմար։ Օրհնութեան խօսք մը արտասանեց Զեքիեան Գերապայծառ։ Կատարուեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն մը։ Ներկաները հաճելի ժամանց ունեցան՝ անմիջական զրոյցով։

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ տիկնանց կազմի անդամուհիներն են՝

Մարի Միմար, Արուսեակ Սուլթանօղլու, Հիւլիա Աթսուփ, Գարոլ Թերզիօղլու, Մարգրիտ Թերտէքեան, Ինտրա Ուղուրկէլ, Ժանէթ Թարաքճը եւ Ֆիլիզ Աղտեմ։

Շաբաթ, Մարտ 14, 2020