ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՎԱՐԻՉՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, շաբաթավերջին, Պատրիարքարանի ամարանոցին մէջ ընդունեց Կազդուրման կայանի Խնամատար մարմնի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Արի Չոլաքի։

Հիւրերը յայտնեցին, թէ Կազդուրման կայանէ ներս այս տարի քորոնա համավարակի պատճառաւ աշակերտներ պիտի չըլլան։ Սակայն անոնք ընկերային հեռաւորութիւնն ու առողջապահական կանոնները նկատի ունենալով կը ծրագրեն շարք մը միջոցառումներով բաց պահել կայանի դռները։ Այս շրջագծով Պատրիարք Սրբազան Հօր տեղեկութիւններ փոխանցեցին եւ սոյն աշխատութեանց համար իր օրհնութիւնը խնդրեցին։

Նորին Ամենապատուութիւնը ցաւ յայտնեց, քանի Կազդուրման կայանը այս տարի ակամայ պիտի զրկուի մանուկներու ձայներէն։ Սակայն միեւնոյն ժամանակ մխիթարիչ է հաստատութիւնը գործօն տեսնելը։ Այս առթիւ օրհնեց հաստատութեան պատասխանատուները եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։ (Լուսանկարը՝ Պատրիարքարանէն)

Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2020