ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԸ

Գումգաբուի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Կեդրոնական վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանը։ Համայնքային շրջանակները երէկ հերթական անգամ համախմբուեցան Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրին մէջ՝ այս անգամ զօրակցելու համար Կեդրոնական վարժարանին։ Թէեւ յայտարարուած պիւտճէի բացի հազիւ երկու երրորդը հանգանակուեցաւ, սակայն ընդհանուր արդիւնքը եղաւ ակնկալուածէն բարձր։ Ներկայ եղանակին հանգանակուած ամենաբարձր գումարներէն մին ապահովուեցաւ Կեդրոնականի համար, ինչ որ մասամբ փարատեց համայնքային շրջանակներէ ներս առկայ յոռետեսութիւնը։ Այս տարուայ հանգանակութեան արդիւնքը որոշ չափով իսկապէս կ՚երաշխաւորէ Կեդրոնականի գործունէութեան կայունութիւնը։

Գումգաբուի մէջ երէկուան արարողութիւններուն հանդիսապետեց, պատարագեց եւ քարոզեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ լեցուած էր եկեղեցին։ Պատարագիչ սրբազան հօր առընթերակայ էին Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան եւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութ, Ժիլպէռ Սրկ. Քարափեքմէզ եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Կեդրոնական դպրաց-դաս երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ովսաննա Գալէնտէրի եւ երգեհոնահարութամբ Քրիստին Սալմասլըի։

Ս. Պատարագէն վերջ կատարուեցաւ մատաղի օրհնութիւն եւ հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ՝ Կեդրոնական վարժարանի հիմնադիր երանաշնորհ Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեանի հոգւոյն ի հանգիստ։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որու կողքին էին հոգեւոր հայրերը, որոնց միացաւ նաեւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։ Ներկաներու շարքին էին Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան, ներկայացուցչական խորհրդական Իկոր Մարտիրոսեան, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, բարերարներ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ եւ հիւրեր։ Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլու եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ Տայք Միսիսօղլուի հանդիսավարութեամբ։ Ելոյթներով հանդէս եկան Յարութիւն Էպէօղլու եւ Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան։ Գեղարուեստական բաժնին մէջ «Լուցիքա տուտու»ն ներկայացուց Մելիսա Աթընըզ։ Սիրոյ սեղաններու ընկալեալ սովորութիւններէն դուրս ճաշի ընթացքին մատաղի միս չմատուցուեցաւ ներկաներուն, այլ պատրաստուած էր ղաբամա։ Կեդրոնականի սաները համանուն ժողովրդական երգը կատարեցին ու պարեցին՝ մինչ մատուցուեցաւ հայկական այդ աւանդական ուտեստը։

Հանդիսութիւնը աւարտին հասաւ նորին սրբազնութեան խօսքով եւ աղօթքով։

             

Երկուշաբթի, Յունուար 15, 2018