ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԵՐԵԿՈՅԹ

Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը երէկ երեկոյեան փառաշուք համերգով մը տօնախմբեց իր հիմնադրութեան 90-ամեայ յոբելեանը։ Հանդիսաւոր երեկոյթը պատուեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որու կողքին էին հոգեւոր հայրեր։ Լուսաւորիչ երգչախումբը թէ՛ հոգեւոր եւ թէ աշխարհիկ երաժշտութեան կալուածէն ներս ծաւալած գործունէութիւնով ուրոյն դիրք մը ունի պոլսահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Ուստի, երգ-չախումբի 90-ամեայ յոբելեանն ալ նշուեցաւ համապատասխան պատշաճ շուքով։ Երէկուան հանդիսաւոր երեկոյթը տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի «GRANDPERA» բեմին վրայ։ Հարկ է նշել, որ համերգը ձօնուած էր մեծն Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին։ Երկու յոբելեաններու համատեղումը արդէն արտասովոր իմաստ մը վերագրեց այս համերգին։

Ձեռնարկի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Գարոլին Մամիկոնեան։ Պաստառի վրայ ներկայացուեցաւ Լուսաւորիչ երգչախումբի 90 տարիներու ոդիսականը։ Աւելի վերջ սկսաւ յայտագրի գործադրութիւնը։ Լուսաւորիչ երգչախումբը հանդէս եկաւ խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ։ Այս համերգը անշուշտ Յակոբ Մամիկոնեանի տեսակէտէ անբացատրելի իմաստ մը ունէր, որովհետեւ իրմով դրոշմուած է երգչախումբի արդի տարեգրութիւնը։ Երգացանկի բոլոր գործերը իսկապէս յաջողութեամբ կատարուեցան Լուսաւորիչ երգչախումբին կողմէ։ Ունկնդիրներուն վրայ խոր տպաւորութիւն գործեցին նաեւ մեներգիչները՝ Մարալ Այվազ Չաղլըչուպուքճու, Մարիա Հազարեան Էրշէն, Շանթ Չաքմաքճեան, Սէրճան Կազէրօղլու, որոնց նուագակցեցաւ դաշնակահարուհի Մելինէ Թեմելճի։ Ռոպէր Տողանայն ալ յայտագրի տեւողութեան նուագակցեցաւ երգչախումբին։

Համերգի երկրորդ բաժնին մէջ հանդէս եկաւ երգչախումբի մանկապատանեկան կազմը՝ Հրանդ Չիզմէճեանի մականին ներքեւ։ Բոլորը մեծապէս խանդավառուեցան այս փուլին, երբ մանկապատանեկան կազմն ու բուն կազմը միասնաբար կատարումով մը հանդէս եկան։

Ձեռնարկի աւարտին մենակատարներուն եւ նուագակիցներուն յանձնուեցան ծաղկեփունջեր։ Տնօրէն խորհուրդի ատենապետ Շանթ Չաքմաքճեանն ալ յուշանուէր մը յանձնեց խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանին, որ երեսուն տարիէ ի վեր Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի ուղղութիւնը կը բնորոշէ։

Ձեռնարկի ներկաներու շարքին էին Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդէն իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ եւ Պերրին Տայան, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, Պէշիկթաշի քաղաքապետարանէն Նուրհան Փալաքօղլու, համայնքային շրջանակներէ ծանօթ դէմքեր եւ բազմաթիւ երաժշտասէրներ։

Հուսկ բանքին մէջ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ Լուսաւորիչ երգչախումբին կողմէ ծաւալուած գործունէութեան շուրջ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2019