ՄԻՋՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ԿԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԷ ՈՍԿԻ ԱՇՆԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔ ՄԸ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու միջմիութենական յանձնախումբի ատենապետ Գէորգ Սիմքէշեանը, որուն կ՚ընկերանար Մարիամ Տրամէրեան։ Ինչպէս ծանօթ է, Գէորգ Սիմքէշեան միեւնոյն ժամանակ Կեդրոնական սանուց միութեան վարչութեան բազմամեայ ատենապետն է ու կը գլխաւորէ միջմիութենական կարգադիր յանձնախումբը։

Հաճելի զրոյցի ընթացքին հիւրերը մեզի տեղեկացուցին, որ միջմիութենական յանձնախումբը պատրաստութիւններու ձեռնարկած է՝ կազմակերպելու համար ոսկի աշնան աւանդական հաւաքոյթ մը։ Դաշտահանդէսի մը ձեւաչափին մէջ նախատեսուած է այս խրախճանքը, որ տեղի պիտի ունենայ 29 սեպտեմբերին։ Սա երկրորդ անգամն է, որ միջմիութենական յանձնախումբը կը ձեռնարկէ նման երիտասարդական հաւաքոյթի մը կազմակերպման։ Գալֆաեան Տան Սկիւտարի ննջարանի բաժնի պարտէզին մէջ տեղի պիտի ունենայ ոսկի աշնան խրախճանքը, որուն մասնակցութիւն պիտի բերեն մեր բոլոր թաղերէն երիտասարդներ։ Սերունդներու համախմբում մը կը նախատեսուի այս խրախճանքով եւ քաղաքիս բոլոր թաղերէն փոխադրամիջոցներ պիտի ուղղուին դէպի Սկիւտար՝ դիւրացնելու համար փափաքողներու մասնակցութիւնը։

Կարգադիր յանձնախումբը ոսկի աշնան խրախճանքի բոլոր աւանդութիւններու վերականգնումը կը նախատեսէ հաւաքոյթի ժամանակ։ Օրուան յայտագրին մաս պիտի կազմեն հայկական պարեր եւ երաժշտութիւն։ Մասնակիցները հնարաւորութիւն պիտի ունենան բաժակ բարձրացնելու իրարու կենացը՝ բարեմաղթութիւններ փոխանակելով ներկայ ձմեռնամուտին։

Գէորգ Սիմքէշեան եւ Մարիամ Տրամէրեան կոչ ուղղեցին, որպէսզի բոլորը այս խրախճանքին մասնակցութիւն բերեն՝ ըմբոշխնելու համար ոսկի աշնան հրճուանքը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2019