ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՔԱՂԵՑ ՔԸՐԸՔԽԱՆԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՌԿԱՅ ԿԱԼՈՒԱԾԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ ՇՈՒՐՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Անտիոքի մեր եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանը, որ գաւառի մեր համայնքներու հոգեւոր տեսուչն է միեւնոյն ժամանակ։ Իրեն կ՚ընկերանար Եուսուֆ Թապաշ, որ Քըրըքխանի եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի անդամակցութեան համար Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան թեկնածու ներկայացուած երեք անուններէն մին է։ Տէր հօր հետ էին նաեւ Վաքըֆլըգիւղէն ատամնաբոյժ Թադէոս Պէպէք եւ իրաւաբան Սեպուհ Ասլանկիլ, որոնք մեր համայնքէն ներս հետամուտ են գաւառի եկեղեցիներու խնդիրներուն։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան այս օրերուն քաղաքս եկած է մասնակցելու համար հոգելոյս Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի վերջին օծման։

Զրոյցի սկիզբին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գնահատանքով անդրադարձաւ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի գործունէութեան։ Տէր հօր ընկերակիցներէն ան տեղեկութիւններ քաղեց Քըրըքխանի եկեղեցւոյ վերաբերեալ կալուածական հարցերու։ Նորին Ամենապատուութիւնը յորդորեց, որ ծխական խորհուրդի պաշտօնապէս կազմուելէն յետոյ աշխատանքի ձեռնարկուի առկայ հարցերու լուծման ուղղութեամբ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ընդգծեց նաեւ, որ քաղաքիս մէջ կը գործէ Վաքըֆլըգիւղի հայրենակցական միութիւնը եւ նպատակայարմար կրնայ ըլլալ անոր երդիքին ներքեւ մասնաւոր յանձնախումբի մը կազմուիլը՝ որպէս օժանդակ գիւղի ծխական խորհուրդին։

Հուսկ, այցելուները ստացան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը ու խոստացան կեանքի կոչել անոր թելադրութիւնները։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 20, 2021