ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԷՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Գերմանիոյ աւագ հիւպատոս Ժոհաննէս Ռեկենպրեխթը։ Աւագ հիւպատոսը, որ սեպտեմբեր ամսուան մէջ նոր ձեռնարկած է իր պաշտօնին, Պատրիարք Սրբազան Հօր քաղաքավարական այցելութիւն մը տալով, փափաքած է ծանօթանալ հայ համայնքի հոգեւոր կեդրոնին։ Զրոյցի տեւողութեան Ռեկենպրեխթ առիթն ունեցաւ նաեւ շնորհաւորելու Նորին Ամենապատուութեան ընտրութիւնն ու գահակալութիւնը։ Պատրիարք Հայրը աւագ հիւպատոսին շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար եւ յաջողութիւն մաղթեց դիւանագիտական իր նոր պաշտօնին մէջ։ Նորին Ամենապատուութիւնը մասնաւորապէս շեշտեց, թէ Հայ Եկեղեցւոյ չորս կարեւոր կեդրոններէն մին է Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը եւ այս շրջագծով Աթոռոյ հովանաւորութեամբ Թուրքիոյ հնագոյն համայնքներէն՝ հայ համայնքը կը շարունակէ իր հոգեւոր եւ մշակութային կեանքը։ Հանդիպման աւարտին Ռեկենպրեխթ շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ամենապատուութեան ջերմ ընդունելութեան համար ու մեկնեցաւ Պատրիարքարանէն։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2020