ՂԱԼԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ԱՐԵՒԱԳԱԼ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Արեւագալի արարողութեան։ Կեդրոնական վարժարանի սաներն ալ հետեւեցան հոգեպարար արարողութիւններուն, որոնց ընթացքին եկեղեցւոյ մէջ խորհրդաւոր մթնոլորտ ստեղծուեցաւ։ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Յաւարտ արարողութեան, ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեանի կողմէ գլխաւորուած Ղալաթիոյ խնամակալութիւնը եկեղեցւոյ յարակից «Կոլոտ» սրահին մէջ պահքի սիրոյ սեղան սարքեց ի պատիւ Նորին Ամենապատուութեան եւ հոգեւոր հայրերուն, ինչպէս նաեւ ներկայ հաւատացեալներուն։ 

Ուրբաթ, Փետրուար 24, 2023