ՇԻՇԼԻ ՅՈՒՍԱԴՐԻՉ ՅԱՂԹԱՆԱԿՈՎ ՄԸ ՄՈՒՏՔ ԳՈՐԾԵՑ ՆՈՐ ԵՂԱՆԱԿ

Շիշլի մարզակումբի պասքեթպոլի առաջին կազմը եղանակի առաջին խաղէն դուրս եկաւ յաղթական, ինչ որ մեծ ուրախութիւն պատճառեց համակիրներուն։ Այս յուսադրիչ յաղթանակը շիշլիցիներուն յոյս ներշնչեց, որ յառաջիկայ շրջանին կրնան աւելի լուրջ յաջողութիւններու ձգտիլ։ Շիշլիի առաջին շաբթուան մրցակիցն էր «Շեւքաթկիւճիւ» խումբը, որու դիմաց 92-49 արդիւնքով առաւելութեան հասան շիշլիցիները։ Յաջորդ շաբթուան մրցակիցն է «Պահչէշէհիր Անտսփոր»ը։

Շիշլիի այս տարուան կազմին մէջ կը գտնուին՝ Կարէն Չեթինքայա, Պուրակ Սեչկին, Ռոնտի Փեքմէզ, Պուրակ Ալթըկէօզ, Պուրակ Էօզաղազար, Էնտի Եշիլթեփէ, Մասիս Աքպաշ, Արաս Շահին, Նաթան Սարաֆ, Ճան Քըրըլմազ, Սէրճան Էրկէլմէզ, Էմրէ Եըլմազ, Պուտաք Եուրտաքուրպան, Պուրակ Էօզթիւրք, Մեհմէտ Ալի Պաքըր, Արտա Տեմիր եւ Արտա Թոփալմըղտըս։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2017