ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀՈՒՆՁՔԸ

Գարակէօզեան Տան մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ շրջանաւարտութեան հանդէս, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Դպրոցի այս տարուան հունձքը հրաժեշտ առաւ՝ առարկայ դառնալով Գարակէօզեան Տան ամբողջ ընտանիքի ամենաջերմ զգացումներու։

Երէկուան հանդէսին ներկայ գտնուեցան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ իր գործակից ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Գարուն Գովան, տնօրէնուհի Արուսեակ Մոնէ, կրթական մշակներ, Գարակէօզեանի ընտանիքի կառոյցներէն ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ հիւրեր։ Դպրոցը այս տարի ունի ութ շրջանաւարտ։ Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Քամի Պիւյիւքիշմանի եւ Նորէն Նշանեանի։ Աւարտական դասարանէն Արտակ Դանիէլեան եւ Տիանա Եէնիճէ արտայայտուեցան շրջանաւարտներուն անունով, մինչ սրտի խօսք մըն ալ արտասանեց իրենց դասարանի ուսուցչուհին՝ Մարի Արզուման։

Ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ տնօրէնուհի Արուսեակ Մոնէ եւս ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան։ Հուսկ, շրջանաւարտներուն համար պատրաստուած կարկանդակը հատուեցաւ ծափողջոյններու մթնոլորտին մէջ եւ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։

Գարակէօզեանէ ներս վերջին շրջանին յառաջացած վարչական վերիվայրումներն ալ երէկուան հանդէսի ընթացքին ունեցան իրենց արձագանգը։ Առկայ խնդիրները արդէն լսելի դարձած էին համայնքային շրջանակներէն ներս, սակայն երէկուան հանդէսի ընթացքին անոնք բարձրաձայնուեցան պաշտօնապէս։ Արդարեւ, խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ ցաւով մատնանշեց, որ դպրոցի վեցերորդ դասարանի աշակերտներուն մեծամասնութիւնը որոշած են հրաժեշտ առնել, ինչ որ իրենց տեսակէտէ արդար մօտեցումի մը հետեւանքը չէ եղած։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ տնօրէնուհի Արուսեակ Մոնէ եւս որոշած է բաւ համարել իր պաշտօնավարութիւնը։ Ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ տեղեկացուց, որ յառաջիկայ տարիէն սկսեալ դպրոցի տնօրէնուհին պիտի ըլլայ Նարօտ Քուրուղօղլու, որ վերջին տարիներուն արդէն փոխ-տնօրէնուհիի պաշտօնը կը զբաղեցնէր։

Շաբաթ, Յունիս 25, 2022