CRR-Ի ՄԷՋ ՄՕՏԱԼՈՒՏ ՀԱՄԵՐԳ

Կը տեղեկանանք, որ յառաջիկայ հինգշաբթի՝ 30 յունիսին Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը շատ կարեւոր համերգով մը հանդէս պիտի գայ Հայպիյէի «Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» (CRR) համերգասրահին մէջ։

1 յուլիս 2022 թուականի դրութեամբ Չեխիա պիտի ստանձնէ Եւրոմիութեան շրջանային նախագահի պաշտօնը։ Չեխական նախագահութեան սկիզբին առթիւ Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած է այս յատկանշական համերգը՝ «Իրերհասկացողութեան լոյսը» կարգախօսով։ Չեխական դիւանագիտութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս համերգի ծրագրին վրայ թուրք շարք մը երաժիշտներու կատարումները տեղ պիտի գտնեն՝ զանազան ոճերով։ Բաց աստի, երկրի փոքրամասնական համայնքներէն ներկայացուցիչ խումբեր ալ ընդգրկուած են յայտագրին մէջ. ինչպէս՝ հայկական, յունական, հրէական եւ ասորական։ Հայկական երաժշտութեան նմոյշները պիտի ներկայացուին Լուսաւորիչ երգչախումբին կողմէ՝ խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ։ Իւրաքանչիւր փոքրամասնական խումբ ունկնդիրներուն իր մայրենիով երկու երգ պիտի ներկայացնէ։ Բաց աստի, յայտագիրը պիտի ունենայ նաեւ միասնական բաժին մը եւ այդ փուլին յայտագրի բոլոր մասնակիցները հանդէս պիտի գան միասնաբար։ Այդ միասնական բաժնին ալ ղեկավարը պիտի ըլլայ Յակոբ Մամիկոնեան։

Կը նախատեսուի, որ CRR-ի այս համերգը երաժշտասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան առարկայ դառնայ։

Շաբաթ, Յունիս 25, 2022