ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մատաղօրհնութեան ու իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն: Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ եւ դիւանապետ ու եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մանուկ Էօղէրի, հիւրընկալեցին Նորին Ամենապատուութիւնը: Ներկայ էր նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան: Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին եկեղեցւոյ սարկաւագներն ու դպիրները, իսկ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։

Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ մատաղօրհնութիւն եւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ եւ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի հանգուցեալ բարերարներու հոգւոցն ի հանգիստ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2020