Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ «ԻՅԻ» ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՅԻՇԵՑՈՒՑ ԱՆՑԵԱԼԻ ՄԷՋ ՄԵՐԱԼ ԱՔՇԷՆԷՐԻ ԿՈՂՄԷ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՀԱԿԱՀԱՅ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ ընդունեց նորակազմ «Իյի» կուսակցութեան ներկայացուցիչները։ Այսպէս, Գումգաբու այցելեցին կուսակցութեան Իսթանպուլի մասնաճիւղի փոխ-նախագահ Եաշար Էօզքան, հաւատոց յանձնախումբի վարիչ Մուրատ Զէյնէլ Ճէյլան եւ մեր համայնքէն այս կուսակցութեան անդամ Ժիրայր Եշիլպաղճեան։ Ներկայ գտնուեցան նաեւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ իր կարգ մը ընկերները։

Նորաստեղծ կուսակցութեան ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ Պատրիարքարան այցելել փափաքած էին՝ նորին սրբազնութեան տեղեկութիւններ փոխանցելու համար իրենց քաղաքական ծրագրերուն շուրջ։ Այս առթիւ անոնք կոչ ուղղեցին միասնականութեան ու շեշտեցին երկրի վերելքին համար աշխատանք տանելու կարեւորութիւնը։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կուսակցութեան անդամներուն յիշեցուց, որ կուսակցապետ Մերալ Աքշէնէր անցեալին անհաճոյ արտայայտութիւններ ունեցած էր հայ ժողովուրդի զաւակներուն դէմ եւ այս գետնի վրայ տակաւին թարմ է հանրային յիշողութիւնը։ Ուստի, նորին սրբազնութիւնը ընդգծեց, որ Պատրիարքարան Աթոռն ու մեր համայնքը կը գնահատեն այն կուսակցութիւնները, որոնք կը ծառայեն երկրի վերելքին ու խտրականութիւն չեն դներ հայրենակիցներուն միջեւ։

Զրոյցի աւարտին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար եւ հիւրերուն յղեց յաջողութեան մաղթանքներ՝ իրենց գործունէութեան մէջ։

Հարկ է յիշեցնել, որ «Իյի» կուսակցութեան ղեկավար Մերալ Աքշէնէր անցեալի մէջ եղած էր ներքին գործոց նախարար։ Նախկին վարչապետներէն Թանսու Չիլլէրի կառավարութեան մէջ ան այդ շըր-ջանի «Տողրու եոլ» կուսակցութենէն մաս կազմած էր նախարարաց խորհուրդին։ Մերալ Աքշէնէր ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութեան ղեկավար Ապտուլլահ Էօճալանը որակած էր «հայու անարգ սերմ»։ Նոյն շրջանին ստեղծուած հակազդեցութիւններու մթնոլորտին մէջ ան հանդիպում մը ունեցած էր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան այդ շրջանի ատենապետ Փիլօ Աթանի եւ կարգ մը համայնքային գործիչներու հետ, որոնց միջոցաւ փոխանցած էր իր ներողութիւնը։ Մերալ Աքշէնէր աւելի վերջ քաղաքական գործունէութիւնը շարունակեց ՄՀՓ-ի շարքերէն ներս։ Բոլորովին վերջերս ան ստեղծեց «Իյի» կուսակցութիւնը ու որպէս կուսակցապետ կը պատրաստուի հանրապետութեան նախագահի թեկնածու ըլլալ յառաջիկայ ընտրութիւններուն։

Ուրբաթ, Ապրիլ 27, 2018