ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ

Պատրիարքարանի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցած է տնտեսական օրակարգով հանդիպում մը։ Ցաւալի է, որ համայնքէն ներս կը խորանայ Գումգաբուի մէջ շղարշի ետին ժողովներ կազմակերպելու նախընթացը։ Հրապարակուած հաղորդագրութիւնները հեռու կը մնան խորաթափանց տպաւորութիւն մը կազմելու հնարաւորութենէն։ Տակաւին չենք խօսիր այդ հաղորդագրութիւններու բովանդակած առարկայական վրիպումներէն՝ տիտղոսներու կամ այլ առումներով։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ երէկ կազմակերպուած ժողովին շուրջ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութիւնը ստորեւ կը ներկայացնենք՝ անխուսափելի ուղղումներով։

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ, 27 օգոստոս 2020, հինգշաբթի, յետմիջօրէին, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ տնտեսական օրակարգով ժողով մը տեղի ունեցաւ։ Ժողովի մասնակցեցան՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութենէն՝ Միհրան Օնուր, Գարակէօզեան Տան խնամակալութենէն՝ Գարուն Գովան, Սուրբ Խաչ վպրեվանքի խնամակալութենէն՝ Վարուժան Պուլկան, Գատըգիւղի թաղային խորհուրդէն՝ Սարվէն Սերթշիմշէք, Պէյքոզի թաղային խորհուրդէն՝ Արէտ Չիչէքէքէր, ինչպէս նաեւ Արեգ Ֆէրահեանի գլխաւորած երիտասարդ տնտեսագէտներէ բաղկացեալ խումբ մը եւ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ERVAB)ի համակարգող՝ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու։

Ժողովը սկսաւ Պատրիարք Հօր բացման աղօթքով ու բարեմաղթութիւններով։ Նորին Ամենապատուութիւնը անդրադարձաւ ժողովի օրակարգին մասին եւ յայտնեց թէ համայնքային կեանքէ ներս տնտեսական համագործակցութիւնը առաւել եւս կարեւորութիւն ստացած է։ Այս առումով, ERVAB-ի կողմէ եւս առաջարկուած է ենթայանձնախումբեր կազմել՝ վարչութիւններու միջեւ տնտեսական համագործակցութիւնը առաւել եւս զօրացնելու նպատակաւ։ Այս ուղղութեամբ պատրաստական աշխատութիւնները տարուած ըլլալով, պիտի ներկայացուէին երկու ենթայանձնախումբերը, որոնցմէ մին պիտի բաղկանար տնտեսագէտներէ, իսկ միւսը՝ վարչայիններէ։ Այսպիսիով համայքային տնտեսական ընդհանուր պատկերը տեսնելու առիթ պիտի ստեղծուէր, որմէ յետոյ աւելի դիւրին պիտի ըլլար՝ արժեւորումներ ընել։

Պատրիարք Հայրը յատկապէս անդրադարձաւ ներկայ երիտասարդներու պատրաստակամութեանց եւ շնորհաւորեց համայնքային կեանքէ ներս իրենց ստանձնած պատասխանատուութիւնը։ Իրենց մասնակցութեամբ թարմ ուժ պիտի միանար վարչական կեանքին ու այս ծրագիրով անոնք իրենց գիտութիւնը ի գործ դնելու առիթ պիտի գտնէին։ Պատրիարք Հայրը յոյս յայտնեց որ, ապագային անոնք եկեղեցիներու վարչական կազմերէ ներս եւս պաշտօն ստանձնեն։

Նախ յայտնուեցաւ, թէ Պատրիարքական Աթոռոյս Ելեւմտից յանձնախումբի անդամներէն Արեգ Ֆերահեանի առաջնորդութեամբ ու Մուրատ Պէրպէրօղլուի եւ Վարդավառ Ճաւաքի ներդրումով կազմուած է ներհամայնքային ելեւմտից խումբ մը, որուն կ՚անդամակցին. Յակոբ Յակոբօղլու, Աքսէլ Շահինկէօզ, Արա Քուրթօղլու, Արարատ Տէօնէլ, Առէն Սաղըրօղլու, Արի Տելկի, Արի Թիւթիւնճիւօղլու, Արման Չիչէքօղլու, Արման Քենտիրլի, Արթուն Օտապաշեան, Պուրակ Էօզակազար, Կարպիս Պողազլը, Լիանա Մարաշլեան, Նորա Սապահ, Նորա Շիրինօղլու, Նորեկ Շէն, Սեւան Չորլուօղլու, Սեւան Մուրատեան, Թարա Տէօքմէճի եւ Վահան Ալեանաքեան։ Այս խումբի անդամները, իրենց մօտն ունենալով, Պատրիարքական Աթոռոյս Ելեւմտից յանձնախումբը, վարչութիւններու կողմէ ներկայացուած հաշուեցուցակները պիտի քննարկեն եւ վերլուծումներ պիտի կատարեն։ Խումբի անդամներու բոլորն ալ կը պաշտօնավարեն յատուկ հաստատութեանց մէջ եւ իրենց մասնագիտութեամբ պիտի մօտենան ներկայացուած հաշիւներուն։ Իրենց աշխատութիւնը նաեւ եկեղեցեաց վարչութեանց համար խորհրդակցութեան բնոյթ պիտի ունենայ։ Ժողովի մասնակից երիտասարդներ, իրենք զիրենք ծանօթացուցին եւ համայնքային վարչային կեանքի մասին տեղեկութիւններ ստացան։

Ապա, ներկայացուեցաւ նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի, Գարակէօզեան Տան, Սուրբ Խաչ դպրեվանքի, Օրթագիւղի, Գատըգիւղի եւ Պէյքոզի ներկայացուցիչներէ բաղկացեալ միւս ենթայանձնախումբը։ Վարչութեանց անդամներէ բաղկացեալ այս խումբին պիտի յղուի ելեւմտից յանձնախումբի աշխատութիւնները եւ առաջարկները։ Այս խումբը իր ստացած տեղեկութիւնները պիտի մշակէ եւ պիտի ներկայացնէ ERVAB-ին։

Խորհրդակցական այս աշխատութիւնը առաջին հերթին իր օրակարգին վրայ պիտի ունենայ 2020-2021 տարեշրջանին վարժարաններու օժանդակութիւն մատուցանելու հրամայականը։ Այս ուղղութեամբ նկատի պիտի առնուին անցեալ տարիներու հաշուեցուցակները։

Ուրբաթ, Օգոստոս 28, 2020