ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Վերջերս կալուածի մը վերաբերեալ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի ու Գարակէօզեան Տան միջեւ գոյացած տարակարծութեան կապակցութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, նախընթաց օր տեղի ունեցաւ երկխօսութեան հանդիպում մը։ Նորին Ամենապատուութեան հրաւէրով Պատրիարքարանի մէջ կայացած հանդիպման ներկայ եղան Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ եւ դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ երկու կողմերու ներկայացուցիչները։

Նորին Ամենապատուութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ կողմերը ընդառաջած են հրաւէրին եւ ըրաւ իր հայրական թելադրութիւնները՝ հարցին բարւոք լուծման համար։

Երկու կողմերը յետ կարծեաց փոխանակութեան յայտնեցին, թէ սեղանի վրայ գոյացած գաղափարի փոխանակումները եւ եղած թելադրութիւնները պիտի հաղորդեն իրենց վարչական սեղաններուն, առ ի տեղեկութիւն այլ անդաններու եւ ի քննարկութիւն։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յաջողութիւն մաղթեց իրենց եւ յայտնեց, թէ կը փափաքի, որ հարցը լուծուի սիրոյ եւ եղբայրական մթնոլորտի մը մէջ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 31, 2020