ԷՍԱԵԱՆ ԼԻՍԷԻ 2017-2018 ՇՐՋԱՆԻ ՀՈՒՆՁՔԸ

Էսաեան վարժարանի 2017-2018 թուականի շրջանաւարտները երէկ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը ստացան իրենց վկայականները։ Էսաեանի լիսէի բաժինը այս տարի ունի 27 շրջանաւարտ։ Երէկ երեկոյեան դպրոցի պարտէզին մէջ տեղի ունեցած շրջանաւարտութեան հանդէսը առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Ներկայ էին Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աբիկ Հայրապետեան եւ իր գործակից ընկերները, Էսաեանի ընտանիքի պատասխանատուները, շրջանաւարտներու ընտանիքները եւ հիւրեր։

Երեկոյթի յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Նայիրի Պիւյիւքսիմքէշեանի եւ Սեւան Աչըքպաշի։ Էսաեան լիսէի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։ Ընթացաւարտներէն Մելիսա Քալտըլը, Նաթալի Պարսամեան եւ Տենչալի Սաաթ արտասանեցին հրաժեշտի խօսքեր։

Վկայականներու յանձնումէն առաջ տղաքը «Ողջոյն տաճար»ը երգեցին՝ երաժշտութեան ուսուցիչ Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ։ Շրջանաւարտները ջերմ ծափողջոյններու ներքեւ ստացան իրենց վկայականները, մինչ յաջողագոյններուն համար պատրաստուած էին զանազան պարգեւներ։ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդն ալ բոլոր ընթացաւարտներուն համար պատրաստած էր յուշանուէրներ։

Յայտագրի տեւողութեան ընթացաւարտները հանդէս եկան երկու խմբերգով։ Երաժշտական կատարումներ ունեցան նաեւ Սեսիլ Գարակէօզեան, Լարիսա Եըլմազ, Էտկար Իգիթեան եւ Տենչալի Սաաթ։

Յայտագրի գործադրութեան աւարտին տղաքը զուարճացան եւ իրենց ամենասիրելի Էսաեան վարժարանի շրջափակին մէջ բաժնեցին իրարու ոգեւորութիւնը՝ դէպի կեանքի նոր հորիզոններ բացուելու ընդառաջ։

Նոյնպէս խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ Էսաեան վարժարանի շրջանաւարտները հատեցին իրենց համար պատրաստուած կարկանդակը։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 4, 2018