ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՀԱՆԴԷՍԸ

Գումգաբուի ընտանիքը երէկ երեկոյեան մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ Պէզճեան Մայր վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներուն համար կազմակերպուած հանդիսութեան առթիւ։ Թաղի համանուն սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երեկոյթը, որուն ներկայ գտնուեցան Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան, Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ իր ընկերները, Մայր վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սեւան Կիւրիւն, տնօրէնուհի Թալին Նայիր, ուսուցչական կազմէն ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ հիւրեր։

Շատ խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ սարհին մէջ, ուր առաջին առթիւ ներկայացուեցաւ տեսաերիզ մը, որ կը ցոլացնէր դպրոցի եւ աշակերտներու առօրեան։ Աւելի վերջ ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Թալին Նայիր։ Երաժշտութեան ուսուցիչ Արթիւր Պաղտասարեանի մականին ներքեւ տղաքը ներկայացուցին խմբերգներ։ Յայտագրին տեւողութեան շրջանաւարտները պարերով եւ այլ զանազան ելոյթներով արժանացան ծափահարութիւններու։

Սրահէն ներս ոգեւորութիւնը կրկնապատկուեցաւ վիճակացոյցներու եւ շրջանաւարտներու յուշանուէրներու բաժնուելու հանգրուանին։ Բոլորը զիրար շնորհաւորեցին եւ մաղթեցին կրթական կեանքի շարունակութեան համար նորանոր յաջողութիւններ։

Կարկանդակ մը հատուեցաւ ի պատիւ շրջանաւարտներուն եւ տղաքը հաճելի ժամանց ունեցան՝ իրենց վարժարանէն հրաժեշտ առնելու այս նշանակալից փուլին։

Չորեքշաբթի, Յունիս 7, 2017