ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՀԱՆԴԷՍ

Պաքըրգիւղի ընտանիքը մեծ խանդավառութեամբ հրաժեշտ տուաւ Տատեան վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներուն։ Դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտութեան հանդէսը, որուն ներկայ գտնուեցան Պաքըրգիւղի ընտանիքէն պատասխանատուներ, աշակերտներու ծնողները եւ այլ հիւրեր։ Տղաքը իսկապէս խորապէս տպաւորուած էին՝ իրենց սիրելի Տատեան վարժարանին հրաժեշտ տալու այս փուլին։ Անոնց մօտ զգալի էր թէ՛ զգացականութիւնը եւ թէ միեւնոյն ժամանակ կրթական կեանքէ ներս նոր փուլ մը դիմաւորելու ոգեւորութիւնը։ Ձեռնարկի յայտագրին տեւողութեան աւարտական դասարանի տղաքը հանդէս եկան բազմաբնոյթ ելոյթներով եւ արժանացան ծափողջոյններու։

Յայտագրի գործադրութենէն վերջ յանձնուեցան վկայականները եւ շրջանաւարտներուն համար նախատեսուած պարգեւները կամ յուշանուէրները։ Դպրոցի յաջողագոյն շրջանաւարտները արժանացան նաեւ յաւելեալ այլ մրցանակներու։

Յայտագրի գործադրութենէն վերջ շրջանաւարտ դասարանի տղաքը հաճելի ժամանց ունեցան իրարու հետ, մինչ իրենց ի պատիւ հատուեցաւ նաեւ կարկանդակ մը։ Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Ալիս Պայրամն ալ շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ եւ ապագայ յաջողութիւններ մաղթեց դպրոցի այս տարուան շրջանաւարտներուն։

Չորեքշաբթի, Յունիս 7, 2017