«ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒՆ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսը, ինչ որ ստեղծեց մեծ ոգեւորութիւն։ Մանկապարտիզպանուհիներ Մարգրիտ Աւագեանի եւ Նոնա Յարութիւնեանի վերահսկողութեան ներքեւ պատրաստուած էր օրուան յայտագիրը, որուն մաս կազմեցին խմբերգներ, պարեր ու մանաւանդ հիանալի արտասանութիւններ։ Փոքրիկները ծափահարութիւններու արժանացան այդ բոլորով։ Հանդէսին ներկայ գտնուեցան դպրոցին պատասխանատուները, բարերարները, ինչպէս նաեւ համայնքային շրջանակներէն ծանօթ դէմքեր, որոնք կը զօրակցին այս դպրոցին, որ ունի մասնաւոր առաքելութիւն մը։ Հանդիսութեան աւարտին դպրոցի պատասխանատուներուն կողմէ յուշանուէրներ յանձնուեցան փոքրիկներուն, մինչ տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեանն ալ զանոնք գնահատեց եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց կրթական կեանքին ընդառաջ։

«Հրանդ Տինք» դպրոցի մանկապարտէզի փոքրիկները յառաջիկայ Սեպտեմբերի 1-ին արդէն պիտի դառնան առաջին դասարանի սաներ եւ այսպէսով առաջին քայլն ալ առած պիտի ըլլան իրենց կրթական կեանքէն ներս։

Հինգշաբթի, Յունիս 8, 2017