ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՓԱՌԱՏՕՆ

Երէկ Էսաեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Էսֆեսթ» փառատօնը, որ ներկայ կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլին առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշանի ողջոյնի խօսքով սկսաւ այս ձեռնարկը, որուն մասնակցեցան համայնքային միւս լիսէներու աշակերտութիւններէն ներկայացուցիչներ։ Ամբողջ օր մը տեւեց «Էսֆեսթ» փառատօնը, որու ծիրէն ներս Էսաեանի ընտանիքը խանդավառութեամբ հիւրընկալեց երիտասարդները։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ վարժարանի պարտէզին եւ սրահին մէջ։ Զանազան գործունէութիւններու յատկացուած յայտագիր մը ունէր փառատօնը։ Մարմնամարզէն մինչեւ գե-ղարուեստ տղաքը ճոխ ծրագրի մը հետեւեցան եւ իրարու հետ ունեցան հաճելի ժամանց։

Մինչ այդ, այս փառատօնին առթիւ նշուեցաւ «Էրասմուս» ծրագրի 30-ամեայ յոբելեանը եւ այս առթիւ հատուեցաւ կարկանդակ մը։ Փառատօնի ընթացքին ի նշանաւորումն այս յոբելեանին, ներկայացուեցան նաեւ Էսաեան վարժարանի մասնակցութեամբ իրականացած «Էրասմուս»ի զանազան ծրագրերը։

Հինգշաբթի, Յունիս 8, 2017