ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մարի Եանճըն եւ իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ թաղի հոգեւոր հովիւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Հանդիպման ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ողջունեց նորընտիր թաղային խորհուրդը եւ շնորհաւորութիւններ յղեց անոնց։ Ատենապետուհի Մարի Եանճըն ալ տեղեկացուց, որ ընտրութիւններէն վերջ նորընտիր կազմին պետական վաւերացումն ալ հասած է շուտով։

Միեւնոյն ժամանակ, հանդիպման ընթացքին թաղականները շեշտեցին, որ Տատեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը նախատեսուած է 8 յունուար 2023 թուականին։

Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը իր օրհնութիւնը տուաւ թաղականներուն եւ խոստացաւ նախագահել մօտալուտ մատաղօրհնութեան եւ սիրոյ սեղանին։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2022