Տ. ՏԻՐԱՆ Ա. ՔԱՀԱՆԱՅ ՌԷԻՍԵԱՆ ՎԻՐԱՀԱՏՈՒԱԾ

Ցաւով վերահասու եղանք, որ մեր հոգեւորականաց դասու երէց անդամներէն Տ. Տիրան Ա. Քհնյ. Ռէիսեան ենթարկուած է վիրահատութեան։ Վերջին շրջանին, դժբախտաբար, ան դուրս չէր կրնար գալ բնակարանէն՝ խտացեալ գլխապտոյտներու հետեւանքով։ Ինչ մեղք, որ տէր հայրը բնակարանէն ներս ունեցած է անկում մը, որու հետեւանքով կոնքոսկրի բեկում ունեցած է։ Ան անմիջապէս փոխադրուած է Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր ենթարկուած է գործողութեան։ Փլաթին մը զետեղուած է բեկումի հատուածէն ներս։ Ներկայիս կը շարունակուի իր դարմանումը եւ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած՝ արգիլուած են այցելութիւնները։

Արագ ապաքինում եւ կատարեալ առողջութիւն կը մաղթենք Տ. Տիրան Ա. Քհնյ. Ռէիսեանին։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2020