ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլուն եւ իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, որ միեւնոյն ժամանակ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն է։ Կեդրոնականցիներու խումբին մաս կազմեցին թէ՛ այժմու խնամակալներ եւ թէ՛ թեկնածուներ, որոնք յառաջիկայ ընտրութիւններուն պիտի ստանձնեն Ղալաթիոյ խնամակալութեան ղեկը։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուրախութիւն յայտնեց դեկտեմբերի 24-ի ընտրութեան ընդառաջ Կեդրոնականի ընտանիքի ներկայացուցիչները հիւրընկալած ըլլալու բերումով։ Կեդրոնականի ընտանիքը խորհրդակցաբար ձեւաւորած է խնամակալութեան նոր կազմ մը՝ յառաջիկայ շրջանին Ղալաթիոյ խնամակալութեան ղեկը ստանձնելու համար։ Այդ կազմին գլուխը կը գտնուի ծանօթ անուն մը՝ Մկրտիչ Արծիւեան, որ Կեդրոնականի ընտանիքէն ներս մեծ վստահութեան եւ համակրանքի առարկայ դէմք մըն է եւ անցեալի մէջ ալ խնամակալութիւնը գլխաւորելու փորձառութիւնը ունեցած է։

Նորին Ամենապատուութիւնը հանդիպման ընթացքին վերահասու դարձաւ թեկնածուներու ծրագիրներուն եւ մտադրութիւններուն, որոնց լոյսին տակ ըրաւ իր հայրական թելադրութիւնները։ Հուսկ, Կեդրոնականի ընտանիքի ներկայացուցիչները ստացան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 9, 2022