ՃԻՇԴԻ ԵՒ ՍԽԱԼԻ ՊԱՅՔԱՐԸ

Դարերէ ի վեր փիլիսոփաներ, իմաստուններ, մտաւորականներ եւ նոյնիսկ իշխանաւորներ փորձած են ճիշդը սխալէն զանազանելու բարոյական ընդհանրական սկզբունքներ հաստատել: Տեսական գրութիւններով, պետական օրէնքներով ժամանակի ընթացքին ձեւաւորուած են որոշ ըմբռնումներ, որոնք շատերու համար հարցական կը մնան: Իսկ գոհացուցիչ պատասխաններ գտնելը, մանաւանդ՝ ներկայ խառնաշփոթին, արհեստագիտութեան յաւելեալ նորութիւններու եւ արհեստական բանականութեան սեմին, հետզհետէ աւելի դժուար կը դառնայ:

«Ֆիւչըր» կայքը յօդուածով մը անդրադարձած է այս երեւոյթին: Կը ներկայացնենք հատուածներ:

*

ԵՐԿԱՐԱՏԵՒ ՓՆՏՌՏՈՒՔԸ՝ ՃԻՇԴԸ ԵՒ ՍԽԱԼԸ ՈՐՈՇԵԼՈՒ

Մարդիկ ինչո՞ւ կը շարունակեն բարոյագիտութիւն ուսումնասիրել, ուսանիլ: Համոզիչ պատասխաններէն մէկը այն է, որ անոնք կ՚ուզեն աւելի լաւ մարդիկ դառնալ: Բայց այս պատասխանը բաւարար չէ: Եթէ դուք կ՚ուզէք բարոյագիտութեան դասընթացքի հետեւիլ՝ աւելի լաւ մարդ ըլլալու համար, ուրեմն հաւանաբար սխալ բան մը ունիք, նախ եւ առաջ:

Այդուհանդերձ բարոյագիտական սկզբունքները գտնելու փորձը, ըստ էութեան, կրնայ գրաւել բոլորը, ոչ թէ որովհետեւ ասիկա յստակ կը դարձնէ, թէ մենք ինչպէ՛ս կը գործենք, այլ որովհետեւ ատիկա կ՚օգնէ մենք մեզի եւ մեր շրջանակին, ընկերութիւնը աւելի լաւ հասկնալու, թերեւս ալ կրնայ մեզի օգնել դիմակայելու 21-րդ դարու մեծ մարտահրաւէրները՝ կլիմայական փոփոխութիւններէն մինչեւ արհեստական բանականութեան յայտնութիւնը:

Բարոյագիտական միասնական սկզբունքները ճշդելու փնտռտուքը դարեր շարունակ անհանգստացուցած եւ զբաղեցուցած է փիլիսոփաները: Հասկնալու համար՝ ինչո՞ւ, մենք պէտք է նայինք մարդկութեան պատմութեան ընթացքին՝ վերջին 10 հազար տարիներուն հասարակութեան մէջ օրէնքի յայտնութենէն մինչեւ բարոյագիտական այն միջոցները, որոնք կրնան ձեւաւորել մեր ապագան:

Ճիշդի եւ սխալի մեր զգացողութիւնը շատ հին ժամանակներէ կու գայ, ուրեմն օգտակար կ՚ըլլայ զանազանել բարոյագիտութիւնը բարոյականութենէն (morality): Բարոյականութիւնը ընդհանրապէս անհատի մը ներըմբռնողական եւ զգացմունքային դատողութիւնն է, թէ ինչպէ՛ս պէտք է վարուին ուրիշներուն հետ: Ատիկա թերեւս գոյութիւն ունեցած է հարիւր հազարաւոր տարիներէ ի վեր:

Բարոյագիտութիւնը, սակայն, ձեւակերպուած, դասաւորուած շարք մըն է սկզբունքներու, որոնք կը պնդեն, որ կը ներկայացնեն ճշմարտութիւնը, թէ ինչպէ՛ս պէտք է վարուին մարդիկ: Օրինակ, մինչ գրեթէ բոլոր մարդիկ բարոյական զգացողութիւնը ունին, որ սպանութիւնը սխալ է, եւ թէ՝ ատիկա պարզապէս պէտք չէ գործադրուի, բարոյագէտները երկար ատեն փորձած են հասկնալ, թէ ինչո՛ւ սպանութիւնը սխալ է եւ ի՛նչ պարագաներու մէջ (պատերազմ, մահապատիժ, հեշտամահութիւն՝ euthanasia) ատիկա կրնայ տակաւին արտօնելի ըլլալ:

Մարդոց փոքր խումբ մը մեկուսացուցէք տեղ մը, եւ այս բարոյական զգացողութիւնը ընդհանրապէս բաւարար պիտի ըլլայ, որպէսզի անոնք իրարու հետ հաշտ ընթանան: Սակայն մեր պատմութեան մէջ պահու մը մարդկային հասարակութիւնները այնքան ընդարձակ եւ բարդ եղած են, որ կազմակերպութեան նոր սկզբունքները անհրաժեշտ եղած են: Սկիզբը ատոնք, հաւանաբար, պարզ յենարաններ էին՝ նախապէս գոյութիւն ունեցող յոյզերու եւ զգացումներու նկատմամբ. գերբնական ծնողներէն մէկը կոչելը, անոր աղօթելը կրնար իրարու միացնել ազգականներու խումբերը կամ՝ ընդհանրական թշնամին ճանչցնել, որպէսզի երիտասարդները իրարու հետ չկռուին:

Առաջին գրաւոր տեղեկագիրով մենք կը տեսնենք կոչեր, որոնք կը ճանչցուին՝ իբրեւ բարոյագիտական արժէքներ եւ սկզբունքներ: Օրինակ՝ Համուրապիի օրինագիրքը՝ գրուած Բաբելոնի լեզուով, 18-րդ դարուն, Քրիստոսէ առաջ.

«Երկրի վրայ օրէնք հաստատելու, չարագործներն ու սատանայական գործեր ընողները կործանելու, որպէսզի վնաս չպատճառեն տկարներուն. այնպէս որ, ես պէտք է… լուսաւորեմ երկիրը, հետամուտ ըլլամ մարդկութեան բարեկեցութեան»:

ԸՆԴՀԱՆՐԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔ ԵՒ ՕԳՏԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ

Վերջին 250 տարիները ականատես եղան բարոյագիտութեան մէջ նոր մօտեցումներու ծաղկումին: Ատոնցմէ մէկն է այն վէճը, թէ բարոյագիտական սկզբունքները պէտք է ըլլան պարտականութիւն, որուն ամէն ոք, առանց բացառութեան կամ հակասութեան, պէտք է հնազանդի՝ որպէս ընդհանրական օրէնքներ: Փիլիսոփայ Էմանուէլ Քանթ առաջարկեց, որ մենք ճանչնանք այսպիսի սկզբունքներ՝ երեւակայելով հակառակը. սկզբունքներ, որոնք իրենք զիրենք կը հակասեն, եթէ ընդհանրական գործադրութեան դրուին: Պարզաբանելու համար իր եզրակացութիւններէն մէկը՝ Քանթ առաջարկեց, որ բնաւ բարոյական չէ ստելը որեւէ պարագայի մէջ, որովհետեւ եթէ ընդհանրական օրէնք մը ըլլար, որ ստելը ընդունելի էր, մարդիկ իրարու պիտի չհաւատային:

Այլ մօտեցում մը՝ օգտապաշտութիւն կոչուող, կը պնդէ, որ կան ընդհանրական արժէքներ, ինչպէս՝ «բարեկեցութիւն», որ՝ մենք բոլորս կը բաժնեկցինք, ուրեմն պէտք է նկատի առնուի որպէս ընդհանրական բարիք: Մենք պէտք է ձեւաւորենք բարոյագիտական սկզբունքներ, որոնք այս արժէքները կը քաջալերեն, եւ ասոնք են սկզբունքները, որոնք մենք ընդունելով, հաւատալով պիտի հաստատենք:

Երկու մօտեցումները կ՚առաջարկեն ներդաշնակ, միատարր բարոյական առաջնորդութեան եւ ինքնաճանաչողական կոչի համադրութիւն մը, որ նախորդ բարոյագիտական մտածելակերպէն աւելի հեռու կ՚երթայ: Աւելի՛ն. ուղղակի հիմնաւորելով «ճիշդ»ը կամ «բարի»ն՝ անոնք կրնան խուսափիլ այնպիսի մարտահրաւէրներէ, ինչպիսին է աւելի բարձր իշխանութեան դիմելու անհրաժեշտութիւնը: Սակայն կայ փոքր խնդիր մը:

Թերեւս… մէկէ աւելի, եւ հաւանաբար՝ ոչ այդքան փոքր:

Առաջինը այն է, որ այս երկու մօտեցումները տարակարծիք են ոչ միայն բնագիտական տեսութեան հիմքերուն, այլեւ՝ մարդիկ ի՛նչ պէտք է ընեն հարցին շուրջ:

Ասիկա կարելի է տեսնել՝ վերյիշելով 1967 թուականին Ֆիլլիփա Ֆութի հնարած «ելեկտրակառքի խնդիր» (trolley problem) օրինակը: Ելեկտրակառքին արգելակները խանգարուած են, եւ ճամբուն վրայ կան հինգ անձեր, որոնք տակը պիտի մնան, իսկ եթէ ուղղութիւնը շեղես, մէկ անձ կայ, որ պիտի սպաննուի… ո՞ր մէկը ընտրել:

Բարեկեցութիւնը առաւելագոյնի հասցնելու նպատակով օգտապաշտներու տեսակէտը կը հասնի այն եզրակացութեան, որ մենք պէտք է ելեկտրակառքի ուղղութիւնը շեղենք՝ ոչ թէ հինգ, այլ մէկ մարդ սպաննելով: Մինչ հինգ անձ կամ անձ մը սպաննելը երկուքն ալ գէշ են, հինգ անձ սպաննելը հինգ անգամ աւելի գէշ է:

Միս կողմէ, Քանթի աւանդութիւնը այս ընտրանքները կ՚արժեւորէ՝ հիմնուելով այն բանին վրայ, որ ատոնք ինչպէս կրնան թարգմանուիլ ընդհանրական օրէնքներու: Նկատի ունենալ օգտապաշտներուն վերեւ թելադրած ընտրանքը՝ ելեկտրակառքին ուղղութիւնը շեղել այնպէս մը, որ հինգի փոխարէն՝ մէկ անձ սպաննէ:

Որպէս օրէնք՝ ասիկա կարելի է գրել այսպէս. «Ես մէկ անձ պիտի զոհեմ, եթէ ասիկա ինծի կ՚արտօնէ փրկել յաւելեալ մարդոց կեանքերը»:

Թէեւ այս սկզբունքը հակասական է, քանի որ կ՚ենթադրէ, թէ մարդուն կեանքը ունի թէ՛ յատուկ արժէք (ուրեմն պէտք է պահպանուի) եւ թէ ատիկա կրնայ դիտ-ւիլ իբրեւ այլ նպատակ մը ձեռք ձգելու միջոց (եւ ուրեմն կարելի է զոհաբերել):

Ըստ Քանթի, բանական էակներու համար որեւէ ընդհանրական օրէնք պէտք է եզրակացնէ, որ սպանութիւնը, ինչպէս սուտը, բնաւ արդարացուած չէ, նոյնիսկ՝ արգիլելու համար մեծ թիւով մարդոց սպանութիւնը:

Փիլիսոփաներ հաստատ աւանդութիւն մը ունին՝ լուծելու այս տարակարծութիւնները, բարոյագիտական միացեալ տեսութիւն մը պատրաստելու նպատակով: Սակայն բազմաթիւ փիլիսոփաներ կը պնդեն, որ այսպիսի միասնականութիւն մը լաւագոյն պարագայի բաւական հեռու է, եւ որ՝ կարգ մը հարցերու, ինչպէս՝ ելեկտրակառքի խնդիրին շուրջ բուռն վէճը, այդ միասնականութեան հասնիլը գրեթէ անկարելի կը դարձնէ:

Դժբախտաբար իսկական աշխարհի բարոյագիտական խնդիրները այնքան ալ յստակ չեն: Անոնք անխուսափելիօրէն կը ներառեն բարդ ընտրութիւններ՝ անորոշ արդիւնքի հետ եւ կանգնած են ընդդէմ խումբերու եւ համակարգերու, որոնց ոչ բոլորը հզօր որոշում տուողներ են: Մինչ ուսումնասիրողներու խմբակ մը զբաղած է բարդութեան բարոյագիտութեամբ կամ անորոշութեան իրականութիւններով, անոնց աշխատանքը բացառութիւն մըն է:

Այս խնդիրը յատկապէս սուր բնոյթ կը ստանայ, երբ մենք բարոյապէս թերի մարդոց համար չկիրարկելով բարոյագիտական սկզբունքները, զանոնք կ՚օգտագործենք բարոյական ալկորիթմներ մշակելու համար:

Արհեստական բանականութիւն մշակողները այժմ սկսած են օգտագործել պարագաներ՝ հիմնուած ելեկտրակառքի խնդիրին վրայ, փորձելու եւ առաջնորդելու առանց վարորդի ինքնաշարժներու որոշումները: Թէեւ այս ինքնաշարժները, ինչպէս՝ բոլոր վարորդները, որոշումներ կու տան բարդ եւ անորոշ միջավայրերու մէջ, բոլորովին տարբեր՝ ելեկտրակառքի խնդիրէն: Աւելի՛ն. անոնք պէտք է հաշուետու ըլլան բոլորին համար, եւ ոչ թէ պարզապէս ուղղակի արտացոլացնեն իրենց գերբնական մշակողներուն արժէքներն ու հաւատալիքները:

ԲԱՐՈՅԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԱՊԱԳԱՆ

Այս բոլորը նկատի առնելով՝ ի՞նչ կրնայ ըլլալ բարոյագիտութեան ապագան: Նախ մտածենք երկու հաւանական ապագաներու մասին, որոնցմէ կարգ մը փիլիսոփաներ կ՚ուզեն խուսափիլ:

Անոնցմէ մէկը կարելի է ամփոփել որպէս՝ «մօտաւորապէս նոյնը»: Մարդիկ հազարաւոր տարիներէ ի վեր կը փորձէին ստեղծել բարոյագիտութեան միատարր համակարգեր ու թէեւ այդ ուղղութեամբ աւելի յառաջխաղաց կայ այսօր՝ պատմութեան մէջ որեւէ ժամանակէ աւելի, սակայն ըստ կարգ մը փիլիսոփաներու, ամբարտաւանութիւն պիտի ըլլար ըսելը, որ մենք չենք կրնար անցեալի սխալները կրկնել:

Այժմ շատեր դժուարութիւն չունին նշելու անցեալի այն ժամանակաշրջանները, երբ բարոյագիտութիւնը կ՚օգտագործուէր՝ կանգուն պահելու ստրկութեան կառոյցը, վայրագութիւնը, եւ՝ ըսելու. «Այդ ճիշդ չէր, եւ այդ մարդիկը սխալած էին»: Սակայն նոյն ճնշումները, լարուածութիւնը, որոնք մենք կրնանք տեսնել օրէնքներու ամենէն հին կանոնակարգման մէջ, այսօր տակաւին գոյութիւն ունին: Մէկ կողմէ փիլիսոփաներ կը փնտռեն արդարութեան սկզբունքներ, որոնք կը ծառայեն մարդկութեան, միւս կողմէ՝ անոնք լաւագոյն պարագային կը մատնանշեն սահմանափակ բարոյական յառաջընթացի հեռանկարը, մինչ կը շարունակեն նպաստել կամ գոնէ մթագնել շահերը մենաշնորհեալներու եւ հզօրներու:

Երկրորդ ապագայ մը, բազմաթիւ առումներով, աւելի տժգոյն է: Այս բեմագրութեան մէջ ոչ միայն բարոյագիտական միատարր տեսութեան նախագիծը մշակելը կը ձախողի, այլեւ փիլիսոփայական բարոյագիտութեան ամբողջ դաշտը կը փլի: Թերեւս մարդիկ ձանձրացած են փիլիսոփաներու տեսական ներշնչումներէն, մտածկոտութենէն, կամ հաւանաբար մենք կը շարժինք դէպի աւելի տուեալներու վրայ հիմնուած հասարակութիւն, որ կը ստորագնահատէ մեր հաւատքը անկախ մարդասիրական արժէքներու գոյութեան հանդէպ: Արժէքներ, որոնք բարոյագէտները կը նշեն իրենց տեսութիւններուն մէջ:

Թերեւս այս ապագան տեսնէ վերադարձը բարոյագիտական ներըմբռնումի եւ տրամաբանական բարոյականութեան կոչի, կամ մենք թերեւս գտնենք այնպիսի միջոց մը՝ խուսափելու այնպիսի փոխյարաբերութիւններէ, որոնք կը պահանջեն բարոյական սկզբունքներ, անոնք կառավարելու եւ շարունակելու ապրիլ մեկուսացած փուչիկներու մէջ, ուր ուղղակի հակամարտութիւնը պարզապէս անկարելի կը դառնայ:

Այս երկու հաւանական ապագաներն ալ անբաղձալի պիտի ըլլային: Մարդկութեան բնորոշ ունակութիւնները համագործակցելու եւ կառուցելու տնտեսական, քաղաքական հիմնարկներ, որոնք կը նպաստեն առեւտուրի, գաղափարներու փոխանցման եւ կառավարելու մեր բռնի բնազդները հեռու են կատարեալէն: Սակայն անոնք կարեւոր եղած են մեր ջանքերու համար՝ դիմակայելու եւ լուծելու համաշխարհային խնդիրներ, ինչպէս՝ միջուկային զէնքի տարածումը կամ կլիմայի փոփոխութիւնը:

Սակայն ասոնք մարտահրաւէրներ են, որոնք հետզհետէ աւելի եւ աւելի դժուար կը դառնան, երբ համաշխարհային հասարակութիւնները կը համարկուին, տեղական համայնքները կը տարանջատուին, կը չքանան եւ արհեստագիտական ու կենսոլորտային փոփոխութիւնը արագ թափ կ՚առնէ եւ միջազգային մարտահրաւէրները, որոնք մենք կը դիմակայենք, աւելի ու աւելի դժուար կ՚ըլլայ լուծելը: Բարոյագիտութիւնը կրնայ մասամբ ի յայտ գալ՝ որպէս պատասխան կրկնուող ընկերային փլուզման խնդիրին, սակայն այդ խնդիրը տակաւին մեզի հետ է եւ անոր հետեւանքները թերեւս աւելի մեծ են, քան երբեւէ եղած են:

Ոչ ալ այս մէկուն աւելի դիւրին պիտի ըլլալ սկսիլ: Մարդկութեան որդեգրելիք կարգ մը ապագայ ուղիները կը պարունակեն ապագայ մը, երբ ներըմբռնական եւ զգացական հոլովոյթները, որոնցմով մենք կը ձգտինք մարել վայրագութիւնը եւ իրարու հետ հաշտ ըլլալ, կը դառնան քիչ թէ շատ զեղուն, աւելորդ: Ասոնք կը ներառեն «յետմարդկային» ապագաներ: Մենք կամաւոր կը մերժենք այդ կարելիութիւնները՝ իբրեւ մարդկային շեղումներու եւ տկարութիւններու արտացոլումները, եւ՝ ապագաներ, որոնց մէջ մենք կը գաղութացնենք տիեզերքը՝ երկար հեռաւոր հաղորդակցութիւնը դարձնելով գրեթէ անկարելի, ներգրաւուած՝ մեծ տարածութիւններու պատճառով:

Փիլիսոփաներ կը յուսան, որ մենք կրնանք ստեղծել երրորդ ապագայ մը՝ կառուցուած մեր ժառանգած բարոյագիտական մօտեցումներու վրայ, դէպի ընդհանրական սկզբունքներ, որոնք կրնան թէ՛ ուղղութիւն տալ մարդկային կենցաղին եւ թէ լուծել մեր դիմագրաւած ճնշիչ մարտահրաւէրները: Այսպիսի տեսութիւն մը պիտի ունենայ գրաւչութիւնը՝ անցեալի իմաստութեան, ժամանակակից փիլիսոփայութեան խստութիւնը եւ ունակութիւնը կարգաւորելու մեր դիմագրաւած բարդութիւնը եւ անորոշութիւնը:

Եւ ասիկա անկարելի չէ: Մինչ բարոյագիտութեան դէմ ցցուած մարտահրաւէրները ձեւով մը աւելի դժուար կը դառնան, ատոնք լուծելու մեր գործիքները նոյնպէս կը զարգանան, կ՚աճին:

Կարգ մը փիլիսոփաներ նշած են, որ եթէ մենք յաջողինք ղեկավարել ներկայի համաշխարհային վտանգը եւ անորոշութիւնը, մարդկութիւնը պէտք է ժամանակ յատկացնէ «երկար արտացոլման» համար, որով մենք գիտակցաբար կը դանդաղեցնենք ճարտարագիտական յառաջընթացը՝ բաւարար ժամանակ ստեղծելով, որպէսզի աւելի լաւ հասկնանք մենք մեզ եւ մեր արժէքները, որոշելու, թէ ի՛նչ կ՚ուզենք ընել: Անոր հասնիլը, անշուշտ, գերազանցութիւնը ի նպաստ մեզի կը պահէ:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Երկուշաբթի, Յուլիս 1, 2019