ԱՐՄԷՆ ՄԱՆՈՒԷԼԵԱՆ. «ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԷՋ ՆԱՒԹԸ ԿԸ ԿՈՐՍՆՑՆԷ ԻՐ ՆԱԽԿԻՆ ԱՐԺԷՔԸ»

Այն ինչ որ տեղի ունեցաւ ապրիլի 20-ին, անսպասելի չէր, հակառակ անոր, որ ստեղծուած տագնապին հետեւանքով ամերիկեան նաւթի գինին տարողունակ անկումը՝ բոլոր առումներով ալ կ՚արձանագրէր մրցանիշ հաստատող նոր թիւեր։

«Ռէօյթըրզ» լրատուական գործակալութիւնը, որ ստեղծուած տագնապին մասին երկար վերլուծական նիւթ մը հրապարակած է, առկայ տագնապին եւ ամերիկեան նաւթի նուազ տոլարի մակարդակի հասնելուն վերաբերեալ հարցում մը ուղղած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին։ Ստացած է հետեւեալ պատասխանը. «Այս տարուան աւարտին ամերիկեան նաւթին սակագինը պիտի ըլլայ 37 տոլար»։ Դիտարկելու համար նաւթի տագնապին վերջին տատանումները՝ անպայմանօրէն հաշուի պէտք է առնել այդ առումով առկայ բաւականին սուր պայքարները. մէկ կողմէ Միացեալ Նահանգներու ու անոր սերտ դաշնակից Սէուտական Արաբիոյ եւ միւս կողմէ Ռուսաստանի միջեւ։ Արդէն նախքան քորոնա վարակին յայտնուիլն ու համաճարակի վերածուիլը արդէն իսկ ստացած էին բաւականին սուր բնոյթ։

Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան եւ յատկապէս նաւթի համաշխարհային շուկային վրայ ազդեցութիւն բանեցնելու դրոյթներուն հետեւողները շատ լաւ գիտեն, որ եթէ նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ երեւցած «վեթոներ»ը չըլլային, ապա Ռիատ պիտի յայտնուէր բաւական դժուար դիրքերու մատնուած. սկսեալ Ճեմալ Քաշըքճիի խնդրէն, հասնելով մինչեւ ԱՄՆ-ի քոնկրէսին մէջ Սէուտական Արաբիոյ զէնք չվաճառելու օրինագիծը։ Նախագահ Թրամփ հաւատալով, որ սէուտցիք անփոխարինելի դաշնակից են, յաջողած է փրկել կացութիւնը։ Սակայն միւս կողմէ մեծ հաշուով ակներեւ սկսած է դառնալ, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամմէտ պին Սելման իշխանը չէ կարողացած, կամ ալ չէ ուզած ճիշդ գնահատական տալ ընթացքներուն։ Ան փոխանակ Թրամփի կեցուածքներուն դիմաց «ջերմ» ողջոյն մը կամ գործնական «ժեսթ» մը կատարելու՝ փորձած է նոր ճանապարհ բանալ։ Սելման փութացած է խօսիլ Մոսկուայի հետ եւ նաւթի արտադրութեան վերաբերեալ «ՕՓԷՔ» համաձայնութիւնը գործադրելու փոխարէն՝ շարունակած է առատօրէն նաւթ արտահանելու իր ծրագիրները։

Անշուշտ, այս կէտին ոչ ոքի համար գաղտնիք է, թէ ռուսական կողմը նկատելով Սելման իշխանի կողմէ դէպի Մոսկուա կատարած քայլը, ընդունած է «ներքին կարգ»ով գործակցիլ սիւննի թագաւորութեան հետ։ Իբր այդ ալ պատճառ դառնալ, որպէսզի ամերիկեան նաւթի գերհզօր կառոյցը ապրի մեծ ճգնաժամ եւ առնուազն մինչեւ յառաջիկայ յունիս ամսուան համար նախատեսուած գնողական համաձայնութիւններու մէջ ամերիկեան նաւթի տակառին գինը նշուի՝ նուազ 37 ամերիկեան տոլարով։

Բնականաբար այս մթնոլորտին մէջ չի բացառուիր, որ Ռուսաստանի կողմէ առնուած քայլին մէջ մեծ միտում կար ցնցումի տանիլ նաեւ ամերիկեան տոլարը, յատկապէս հակամերիկեան կեցուածքներով յայտնի դիտարկողներուն համար։ Սկիզբ առած նաւթի տագնապը լաւագոյն առիթ պիտի հանդիսանար, որպէսզի քորոնաժահրով «անկիւնը մնացած» Միացեալ Նահանգներ նաւթի խնդրէն հեզասահ կերպով անցնի ելեւմտական շուկայի մէջ դէպի տագնապ։ Այս ձեւով ալ նաւթի սակագիներու կտրուկ անկումէն ետք, մեծ անկում կրէ ամերիկեան տոլարը, որուն դիմաց ալ իրենց ներկայութիւնը պիտի փորձէին պարտադրել «Պրիքս» ճակատի տիրական անդամները՝ Ռուսաստանն ու Չինաստանը։ Այս պարագային անոնք պիտի յայտնէին, որ իրենք եւս ըսելիք ունին եւ այս անգամ, իրենց խօսքը լսելի կ՚ուզեն դարձնել ամերիկեան տոլարին մօտ իր արժանի տեղը գրաւել ուզող Եուանով, կամ որեւէ այլ արժեդրոյթով, որ պիտի ունենայ «Պրիքս»ի ճակատի ամուր նեցուկը։

Այս վարկածը անշուշտ իրականութիւն չդարձաւ, որովհետեւ բոլոր այն երկիրները, որոնք մինչեւ օրս կը շարունակեն համարուիլ վստահելի բարեկամները Միացեալ Նահանգներուն, կը շարունակեն եւ պիտի շարունակեն վստահութիւն ունենալ ամերիկեան տոլարին նկատմամբ։ Սակայն այն փաստը, որ Միացեալ Նահանգներ ապրեցաւ մեծ ցնցում՝ թէ՛ առողջապահական ոլորտին, թէ՛ նաւթի ոլորտին մէջ, աւելի քան իրականութիւն է։

Յառաջիկայ ատենները ցոյց պիտի տան, թէ Միացեալ Նահանգներ որքանով պատրաստ է դիմակայել նաւթի սակագիներու անկումով ընթացք առած սուր տագնապը եւ ան ի՛նչ քայլերու պիտի դիմէ ջլատելու համար նաւթի աշխարհի երկու հզօրներուն՝ Ռուսաստանի եւ Սէուտական Արաբիոյ սերտ գործակցութիւնը։

Անշուշտ այս հեռանկարին վրայ ալ կայ այն կարեւոր եւ հիմնական վարկածը, թէ աշխարհ այսօր կը մտնէ «յետնաւթի» դարաշրջանը, որուն ոչ բոլոր կանոններուն ծանօթ ենք, հետեւաբար նաեւ վստահ չենք, թէ ինչպիսի փուլ կը մտնենք։

Ամէն պարագայի նաւթի սակագիներու վերջին տատանումներուն ու տագնապին մասին աւելի յստակ պատկերացում ունենալու համար օրերս հեռավար կապով զրոյց մ՚ունեցայ պատմական գիտութիւններու թեկնածու, անվտանգութեան եւ ջերմուժի քաղաքականութեան նիւթերով մասնագէտ, Երեւանի Պետական համալսարանի դասախօս Արմէն Մանուէլեանին հետ։

*

-Սպասելի է՞ր նաւթի այս տագնապը։

-Նմանատիպ զարգացումներու կանխատեսումը փորձնականօրէն հնարաւոր չէ, քանի որ նուազով (զերոյէն վար) գնահատուող նաւթի տակառներու վաճառքը շատ հազուադէպ կ՚ըլլայ։ Յայտնի է մէկ դէպք՝ 1946-ին եւ 1983-ին, սակայն այն ժամանակ նաւթը կը համարուէր շատ երկրորդական, հետեւաբար նմանատիպ ազդեցութիւն տնտեսութեան վրայ չէր կրնար ունենալ, ինչպէս այսօր։

-Ի՞նչ են այս տագնապին երկարաժամկէտ հետեւանքները։

-Նախ կրնանք ըսել, որ այս իրավիճակի կրկնութիւնը ոչ ոք կրնայ բացառել, հետեւաբար այսուհետեւ զարգացման բեմագրութիւնները կազմելու ժամանակ պէտք է հաշուի առնել նաեւ այսպէս կոչուած «բացասական» բեմագրութիւնը։ Միւս կողմէ ալ պարզ կը դառնայ, որ նաւթի շուկայի զարգացման տրամաբանութիւնը կը փոխ-ւի ու այստեղ, առաւել քան երբեւէ, կը սկսին կարեւորուիլ խոշոր արդիւնահանողները։

Փոքրերը, ինչպէս օրինակ՝ Ատրպէյճանը, յատկապէս մեծ վնասներ կը կրեն այս կացութիւններէն, քանի որ չունին համապատասխան պաշարներ, որպէսզի կարողանան ցած գիները երկարատեւ կերպով դիմակայել։ Այս իրավիճակը, յատկապէս խոշոր արդիւնահանողները՝ Ռուսաստանը եւ Սէուտական Արաբիան, պիտի օգտագործեն իրենց դիրքերը ամրապնդելու ու նոր շուկաներ նուաճելու համար։

-Նաւթի մեծ շուկային մէջ կային յայտնի մի քանի դաշինքներ, որոնք այսօր կարծես թէ փլուզման եզրին են. խօսքը Միացեալ Նահանգներ-Սէուտական Արաբիա դաշինքին մասին է։ Արդեօք այդ փուլը պիտի գա՞յ, ի՞նչ կ՚ըլլան այդ փլուզման հետեւանքները։ Միւս կողմէ երեւելի կը դառնայ Մոսկուա-Ռիատ համագործակցութիւնը, որ որքա՞ն ուժեղ եւ արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ։

-Ռուսաստան-Սէուտական Արաբիա դաշինքը երկարատեւ ու խոր չի կրնար ըլլալ, քանի որ այս երկիրները նաւթի շուկային մէջ մրցակիցներ են ու յառաջիկայ քանի մը տասնամեակին այդ մրցակցութիւնը պիտի չտկարանայ։ Վերջիններուս «համագործակցութիւնը» պայմանաւորուած է նաւթի ցած գիներով։ Բան մը, որ անոնց կը ստիպէ երթալ երկխօսութեան, քանի որ ցած գիները կը հարուածեն երկուքին շահերը, հետեւաբար անոնք պատրաստ են էականօրէն նուազեցնելու նաւթի արդիւնահանումը, նաւթի շուկան վերականգնելու համար։

Ուաշինկթընի հետ համագործակցութեան հիմքը այդ պետութիւններու աշխարհաքաղաքական շահերն են՝ տարածքաշրջանին մէջ ու յատկապէս Իրանի հետ մրցակցութեան հարցով Միացեալ Նահանգներ-Սէուտական Արաբիա շահերու համընկնումը եւ այլն։

-Այս տագնապի աւարտին՝ կրնա՞նք ըսել, որ աշխարհի մէջ վերջ կը գտնէ «Նաւթի դարաշրջանը»։

-Այսօր շատ յաճախ կը խօսին, որ այսուհետեւ կրնանք խօսիլ յետնաւթային դարաշրջանի մասին, սակայն կը կարծեմ այստեղ որոշակի շտապողականութիւն կայ։ Նաւթը, իսկապէս կը կորսնցնէ նախկին ազդեցութիւնը եւ եթէ հետեւինք նաւթի սպառման ծաւալներուն Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի կամ Եւրոպական երկիրներու մէջ, ապա կը տեսնենք, որ վերջին տարիներուն անոնք կայուն կերպով կը նուազին։

Այսինքն, զարգացած պետութիւնները, արդէն կարիք չունին նախկին ծաւալով նաւթի, քանի որ կ՚անցնին այլընտրանքային կամ վերականգնողական ջերմուժի, բացի այդ մեքենայ արտադող ընկերութիւնները կ՚անցնին ելեկտրոմոպիլներու եւ ջրածինով աշխատող ինքնաշարժներու արտադրութեան։ Սա էականօրէն կը փոխէ նաւթի արդիւնահանման շուկայի ընդհանուր շարժումները, քանի որ, յիշեցնեմ, թէ հում նաւթի 80 տոկոսը կը սպառուի որպէս վառելանիւթ։

Միաժամանակ կան նաեւ արագ կերպով զարգացող Ասիական հսկաներ՝ Չինաստան եւ Հնդկաստան, ուր վառելանիւթով աշխատող ինքնաշարժներու աճը կը շարունակուի։ Սա կը նշանակէ, որ նաւթի արդիւնահանման ծաւալներն ու պահանջարկը, եթէ ոչ նախկին չափով, այնուամենայնիւ պիտի շարունակուին։

-Հայաստանը պիտի ազդուի՞ այս տագնապէն, կա՞ն վտանգներ։

-Հայաստանի տնտեսութիւնը կապուած է թէ՛ Ռուսաստանի եւ թէ Իրանի հետ, հետեւաբար բացասական ազդեցութիւնը այդ պետութիւններու ու յատկապէս Ռուսաստանի վրայ պիտի զգանք նաեւ մենք։ Պիտի նուազին դէպի Հայաստան ուղարկուող նիւթական փոխանցումները, պիտի նուազի նաեւ Հայաստանէն դէպի Ռուսաստան արտահանումը եւ այլն։

Ինչպէս յայտնի է, նաւթի գինը կ՚ազդէ նաեւ ռուսական ռուբլի-տոլար գնագոյացման վրայ, որ իր հերթին կը թանկացնէ դէպի այդ երկիր նաեւ Հայաստանէն արտահանուող ապրանքները։ Նշեմ, որ տնտեսական աշխուժութեան նուազումը աժանցուցած է նաեւ պղինձի գինը, որ Հայաստանէն արտահանուող հիմնական հումքերէն է։

Այսինքն բացասական ազդեցութիւնը կը զգան ոչ միայն նաւթ արդիւնահանող, այլեւ սպառող պետութիւնները, թէեւ վերջիններուս պարագային դրական է, որ վառելանիւթի գինը որոշակիօրէն սկսած է նուազիլ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Մայիս 16, 2020