ՀԱԼԷՊԷՆ ՏԽՈՒՐ ԼՈՒՐԵՐ…

Վերջին օրերուն Հալէպէն դարձեալ տխուր լուրեր կը հասնին։ Պատերազմի թոհուբոհէն նոր դուրս ելած քաղաքը, այսօր կանգնած է բաւական բարդ իրավիճակի մը առջեւ։

Խօսքը անշուշտ քորոնա համավարակին մասին է, որ բազում քաղաքներ «այցելելէ» ետք հասած է Հալէպ, ուր մահուան մանգաղով կը հնձէ տարբեր հասակի կեանքեր։

Այս ամեհի տագնապէն անմասն չէ նաեւ Հալէպի հայկական համայնքը, որ կը կազմէ կորիզն ու սիրտը սուրիահայութեան։

Իմ ունեցած վերջին տուեալներով, Հալէպի մէջ մահացած հայորդիներուն թիւը հասած է 16-ի, որոնց ամենէն դեռատին տեղւոյն «Գանձասար» պարբերականի աշխոյժ աշխատակիցներէն՝ Յուշիկ Ղազարեանն է։ Յուշիկ առողջական ոչ մէկ խնդիր ունեցած է, սակայն անոր թոքերուն վրայ վարակին ունեցած ծանր ազդեցութիւնը վերջ տուած է իր կեանքին։

Համայնքի աշխատասէր գործիչներէն մին եղած է Յուշիկ, որ սիրուած է բոլորին կողմէ։ Ան աշխատանք տարած է ո՛չ միայն թերթին, այլ նաեւ Հալէպի համազգային թատերական «Լեւոն Շանթ» միաւորին, ինչպէս նաեւ ուսուցչագործած է Հալէպի ազգային ճեմարանէն ներս։

35-ամեայ Յուշիկի շի-ջումը իր տխուր ստուերը նետած է հալէպահայութեան վրայ ու մարդիկ, որոնք մինչ այս ողբերգութիւնը, չէին հաւատար կամ զգուշանար վարակի գոյութենէն, սկսած են հաշուի նստիլ եւ պէտք եղած բոլոր կանխազգուշական միջոցները առնել՝ հեռու մնալու համար մահաբեր համավարակի ճիրաններէն։

Ի դէպ ուշագրաւ է, որ համայնքի բազմաթիւ պատասխանատուներ եւ գործիչներ եկած են այն համոզման, թէ Հալէպի մէջ ստեղծուած իրադրութիւնը հետեւանք է Արեւմուտքի (յատկապէս ԱՄՆ-ի) կողմէ Սուրիոյ պաշարման։ Այդ պաշարումն ու առկայ պատիժներն են, որոնք փակած կամ դժուարացուած են դէպի Հալէպ դեղօրայքի ու յատկապէս քորոնայի համար խիստ կարեւոր արհեստական շնչառութեան սարքերու փոխանցումը։ Փաստ է նաեւ, որ 2011 թուականին սկիզբ առած արիւնալի պատերազմը հարուածած է Սուրիոյ պետական հիմնարկութիւնները, որոնց շարքին է նաեւ առողջապահական ոլորտը։

Ամէն պարագայի, իմ ընթերցողները մանրամասն իրազեկելու համար Հալէպի մէջ այս օրերուն ստեղծուած իրավիճակին մասին, երկու կարճ զրոյցներ ունեցայ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի պետ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի, ինչպէս նաեւ հալէպահայ բժիշկ Ռաֆֆի Զէյթճեանի հետ։

*

ՎԵՐ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՍԵԼԻՄԵԱՆ. «ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՊԱՏՃԱՌԸ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՊԱՇԱՐՈՒՄՆ Է»

-Ինչպիսի՞ն է իրավիճակը Հալէպի մէջ, յատկապէս «Քովիտ19»ի մոլեգնումէն ետք:

-Այս օրերուն համաճարակը ահռելի եւ արագընթաց ձեւով կը տարածուի Հալէպի մէջ։ Ինքնամփոփ Հալէպը երկիւղ կը քաշէ եւ կ՚ողբայ իր մեռելները, մինչ միջազգային լրատուական գործակալութիւնները, իրենց ոսպնեակները ուղղած են տառապեալ Լիբանանի ծանր կացութեան: Հալէպը իր ապրած դժնդակ ինն տարիներու պատերազմէն ետք անգամ մը եւս կը մնայ անպաշտպան՝ ժահրին տարածումը դիմակայելու իր մարտունակութեան մէջ: Գրեթէ իւրաքանչիւր ընտանիքի մէջ վարակուած մը կայ եւ այս մեծ ցաւ ու դժբախտութիւն է մեզի համար իբրեւ սուրիահայ համայնք։ Իրականին, Սուրիոյ մէջ առողջապահական ու նախազգուշական պայմաններու անլուրջ մօտեցումն ու տգիտութիւնը, ինչպէս նաեւ ոչ-անհրաժեշտ հաւաքներու եւ համախմբումներու կազմակերպումը հիմնական պատճառները եղան, որ ժահրը այսքան արագ տարածուի: Ցաւալի իրականութիւն է այսօր, որ օրական դրութեամբ մեծ թիւով մարդիկ կը մահանան եւ դժբախտաբար հիւանդանոցներու մէջ անհրաժեշտ դեղօրայք չկայ եւ նոյնիսկ բժշկական անձնակազմի յստակ բացակայութիւնը նշմարելի է։

-Ինչպիսի՞ն է վիճակը հայկական համայնքին մէջ, ի՞նչ են հիմնական խնդիրները: Ընդհանրապէս այս առումով համայնքը շտապ մարմին մը ստեղծելու նախաձեռնութեան մէ՞ջ է արդեօք, կա՞յ ատոր անհրաժեշտութիւնը:

-Իրականութեան մէջ վերջին քանի մը օրերուն հայ համայնքէն ներս եղան մեծաթիւ վարակուողներ եւ գուցէ մահացողներ՝ երիտասարդներ եւ չափահասներ: Իբրեւ հայ համայնք՝ մեծ է մեր մտահոգութիւնը համաճարակին ստեղծած խուճապով: Կը փորձենք մեր լաւագոյնը ընել մեր ժողովուրդին հասնելու, մեր կարելիութեան սեղմ սահմաններուն մէջ: Կը խորհիմ, թէ շուտով շտապ մարմին մը ստեղծուելու է հասնելու համար հիւանդներուն, որոնք թէ՛ նիւթապէս եւ թէ բարոյապէս աջակցութեան կարիքն ունին:

-Լուրեր տարածուեցան, ըստ որոնց հալէպահայ համայնքը կարիքն ունի դեղօրայքի եւ առաջին հերթին պարէնի: Արդեօք ինչքանո՞վ ճիշդ է այս տեղեկութիւնը:

-Այո, հալէպահայ համայնքը իսկապէս կարիքը ունի դեղօրայքի, որովհետեւ Հալէպի մէջ պատկերացուցէք Սէ. կենսանիւթ անգամ չկայ, ինչպէս նաեւ անմիջական կարեւոր անթիպիոթիքներ, որոնք վարակին բուժման կը նպաստեն։ Ահա այս ալ կը համարուի կարեւորագոյն պատճառներէն, որոնց հետեւանքով մարդիկ իրենց կեանքերը կը կորսնցնեն: Իսկ ինչ կը վերաբերի պարէնին. պարէնը կը նկատուի անհրաժեշտ, որովհետեւ գաղութը իրապէս կարիքը ունի աջակցութեան, սակայն այս հանգրուանին նախապատուութիւնն ու առաջնահերթութիւնը ժահրով վարակուած հիւանդներուն օգնութեան փութալն է։

-Հալէպը պատերազմական փուլին դժուար օրեր տեսաւ, այսօր ալ կարծես ուրիշ պատերազմ մըն է որ կը մղուի: Ի՞նչ է ձեր կարծիքը, արդեօք միջազգային շրջափակումը իր ծանր հետեւանքը կ՚ունենա՞յ նաեւ «Քովիտ19»ին առաջքը առնելու առումով:

-Հալէպը բաւականին տագնապալից օրեր ապրեցաւ պատերազմի շրջանին եւ ահա ճիշդ ինչպէս որ սահմանեցիք, սոյն համաճարակը նաեւ տարբեր տեսակի պատերազմ մը կը համարուի: Կը խորհիմ, որ Սուրիոյ վրայ պարտադրուած պատժամիջոցները նաեւ իրենց ժխտական անդրադարձը կ՚ունենան տնտեսական իմաստով, նամանաւանդ համաճարակի պարագային անհրաժեշտ դեղօրայքի ապահովման մեծ դժուարութիւն մը ստեղծելով։

ՏՔԹ. ՌԱՖՖԻ ԶԷՅԹՃԵԱՆ. «ՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼՈՒ ՅՈՅՍ ՈՒՆԻՆՔ»

-Ինչպիսի՞ն է իրավիճակը ներկայիս Հալէպի գաղութէն ներս՝ քորոնա վարակի տարածման հարցով:

-Հալէպի մէջ քորոնաժահրի տարածումը վերջին երկու-երեք շաբաթներուն շատ սուր իրավիճակ ստացած է եւ մեզի համար զարմանալի էր՝ յանկարծ մեծ թիւով վարակակիրներու ի յայտ գալը: Իրավիճակը ծանր է, ամէն օր կը լսենք մահացողներու եւ վարակուողներու մասին: Իմ կարծիքով, այս վիճակը ստեղծուեցաւ, որովհետեւ ժողովուրդը հարեւանցի կը վերաբերի այս վտանգաւոր ժահրին դէմ։ Մինչեւ այսօր ալ կան մարդիկ, որոնք դեռ անտարբերութեամբ կը վերաբերին այս վարակին։ Անշուշտ ժողովուրդին այս ընթացքը տարածման պատճառներէն մին է։ Իսկ մեր հայաշատ շրջաններուն մէջ ալ կան բաւականին վարակուողներ եւ մահացողներ, դժբախտաբար:

-Ի՞նչ տուեալներ ունիք, ինչքա՞ն է Հալէպի մէջ վարակուածներու եւ կորուստներու ընդհանուր թիւը:

-Վարակուողներու պարագային, որքան կը լսենք, թիւերը բարձր են, պաշտօնական ստոյգ տուեալներ չկան: Անշուշտ մեր հայերուն մէջ ալ վարակեալներու մեծ թիւ կայ, մահացողներ ալ կան, ասկէ 3-4 օր առաջ թիւը ստոյգ շուրջ 10-12 հոգի էր, հիմա կը կարծեմ, որ այս 4 օրուան մէջ ալ 5-6 հոգի եղաւ, ընդհանուր թիւը այս է։ Անշուշտ կան հիւանդներ, որոնք հիւանդանոցային խնամքի տակ են, Աստուած օգնական ըլլայ բոլորին:

-Վերջին օրերուն նաեւ իմացանք, որ մեծ է թիւը այն վարակակիրներուն, որոնք առողջապահական համակարգին մէջ կը գործեն՝ ըլլան բժիշկներ, թէ հիւանդապահներ. ի՞նչ է պատճառը, ի՞նչ բանի կը վերագրէք այս մէկը:

-Ես ալ կը դժուարանամ բուն պատճառը ըսելու, թէ ինչու համար բժիշկներու եւ հիւանդապահներու մօտ այսքան բարձր է վարակուածներու թիւը։ Բայց եւ այնպէս, ինչ որ գիտեմ, հականեխման դեղերը այստեղ շատ սուղ են, հաւանաբար անոնք իրենց բժշկական կեդրոններուն մէջ չեն կրնար հականեխումը ամբողջական ձեւով կատարել ու կը վարակուին:

-Ծանօթ է, որ Սուրիան ինն տարուան պատերազմէն ետք յայտնուած է բաւական բարդ կացութեան մը մէջ, արդեօք ի՞նչ են կարիքները երկրի առողջապահական համակարգին, ի՞նչ կարեւոր դեղօրայք, սարքեր կը պակսին, ի՞նչ է ամենակարեւոր կարիքը այսօր՝ Սուրիոյ եւ, յատկապէս, Հալէպի մէջ:

-Դեղօրայքի սակաւութիւնը զգալի է. իսկ եթէ նոյնիսկ դեղը կայ, գինը բարձր է։ Անշուշտ, տնտեսական ծանր վիճակի մատնուած մարդիկ չեն կրնար գնել դեղերը։ Բացի այդ, հիւանդանոցներուն մէջ արհեստական շնչառութեան սարքերու պակաս կայ։ Պատկերացուցէք, որ շատ մը հիւանդներ ծանր վիճակի մէջ կ՚երթան հիւանդանոց, ուր չեն կրնար ընդունիլ զիրենք, ազատ տեղեր չըլլալու պատճառով: Մարդիկ խուճապի մատնուած են, որովհետեւ դեղի շատ մեծ պակաս կայ, քորոնայի վերաբերեալ դեղերը չեն գտնուիր: Անշուշտ, Սուրիոյ շրջափակման հետեւանքով կը յառաջանայ դեղերու չգոյութիւն։ Մինչեւ այսօր տակաւին նոյնիսկ այդ դեղերու հումքը երկիր մտցնելու արգելքը կայ, հետեւաբար ժողովուրդը մատնուած է նեղ դրութեան։

-Համայնքը ի՞նչ միջոցներով որոշած է պայքարիլ այս վարակին դէմ, արդեօք յատուկ մարմին մը ստեղծուեցա՞ւ: Ծանօթ է, որ պատերազմի թէժ օրերուն ստեղծուած էր Հալէպի վերականգնումի շտապ մարմինը, ներկայիս կա՞յ նման մարմին մը:

-Այս հարցի՝ քորոնաժահրի յաղթահարման կամ անոր դէմ պայքարի մասնաւոր մարմին մը չէ ստեղծուած, բայց համայնքի ղեկավար մարմինները միշտ զգուշացման կոչեր կ՚ընեն։ Եկեղեցիները, դպրոցները, ուր տեղի կ՚ունենան հաւաքոյթներ, արգիլուած են։ Առաջնորդարանն ալ արգիլած է որեւէ հաւաքոյթ կազմակերպելը։ Յարատեւ կոչեր կ՚ուղղուին, որպէսզի մարդիկ զգոյշ ըլլան ու զիրար չվարակեն եւ այլն։ Իսկ ձեր նշած «Շտապ մարմին»ը տակաւին կայ, տնտեսական եւ նիւթական օժանդակութիւններ կը տրամադրէ կարիքաւորներուն, բայց ես չեմ լսած համավարակի յատուկ օգնութեան մը մասին։

-Իբրեւ բժիշկ ի՞նչ նախադրեալներ ունիք քորոնա վարակի վերաբերեալ, այսինքն յատկապէս Հալէպի մէջ ե՞րբ կրնայ այս վարակը նահանջել:

-Իմ կարծիքով, քորոնաժահրը տակաւին երկար պիտի շարունակուի, դարձեալ իմ կարծիքով՝ բոլորս ալ պիտի վարակուինք, որովհետեւ ամէն վայրկեան ենթակայ ենք վարակուելու։ Մարդոց դիմադրողականութիւնն է, որ պիտի յաղթահարէ ժահրը։ Դեղերը թէեւ կ՚օգնեն, սակայն կարեւորը անհատի դիմադրողականութիւնն է: Այս հիւանդութեան պարագային, ինչպէս կը տեսնենք, ընդհանրապէս առողջական այլ հարցեր ունեցող մարդիկն են, որ շատ աւելի ծանր կը տանին զայն ու կը պատահին մահեր։ Ներկայիս արդէն կը լսենք՝ նոր պատուաստի մը յայտնուած ըլլալու մասին։ Տայ Աստուած, որ այդ պատուաստը արդիւնաբեր ըլլայ ու այս հարցին վերջնական լուծում տրուի, որովհետեւ մինչեւ այդ պիտանի պատուաստին չյայտնուիլը՝ մարդիկ հոգեպէս ալ պիտի չհանգստանան։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Օգոստոս 22, 2020