ԱՆԳԻՏԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ

«Մարդու միտքը անտեսելը անկարելի, բայց նաեւ պատասխանելը անկարելի հարցումներով լեցուն է»։

IMMANUEL KANT

Մարդ կարո՞ղ է ամէն բան գիտնալու, կարելի՞ է, որ մարդ «ամենագէտ» ըլլայ։ Մարդ, քանի որ դարերէ՜ ի վեր կը շարունակէ սորվիլ, այս կը նշանակէ, որ գիտնալու եւ սորվելու համար տակաւին շա՜տ դարերու, շրջաններու պէտք ունի ան։ Արդարեւ, գիտութիւնը անվերջ է, անսահման է, քանի որ բնութիւնը անսահման է եւ տեւական բարեշրջման մէջ կը շարունակէ իր գոյութիւնը։

Ուրեմն, մարդուս ամէն բան գիտնալուն կարելիութիւնը եւ կամ անկարելիութիւնը քննարկելէ առաջ, պէտք է տեսնել բնութեան անսահմանութիւնը։ Ուստի, իր ամենալայն իմաստով գիտութիւնը կը նմանի հորիզոնին. մարդ երբ կը տեսնէ հորիզոնը եւ երբ փորձէ անոր հասնիլ, կ՚ուղղուի դէպի անոր, բայց ան որքան մօտենայ անոր, հորիզոնը աւելի եւս կը հեռանայ իրմէ, այնպէս որ հորիզոնին հասնիլ երբեք կարելի չ՚ըլլար։

Ահաւասիկ, ընդհանուր առումով գիտութիւնն ալ հորիզոնին կը նմանի, որքան մօտենայ մարդ անոր, ան միշտ կը հեռանայ, եւ այս իմաստով, մարդ որքան ալ շատ բան գիտնայ, միշտ պակաս բան մը կը մնայ, միշտ սորվելիք, գիտնալիք բան մը կ՚ըլլայ, եւ պիտի ըլլայ միշտ։

Այս իմաստով պէտք է մասամբ իրաւունք տալ անգիտապաշտ վարդապետութեան, որոնք կ՚ըսեն, թէ կեանքին պատճառը, կեանքին իմաստը գիտնալ, հասկնալ կարելի չէ՛, եւ այս ուղղութեամբ ապարդիւն են մարդոց բոլոր ջանքերը…։

«Անգիտութիւնը երջանկութիւն է», ըսուած է. «ignorance is bliss», որքան ճիշդ է, խնդրական է, թերեւս հեգնանք մը (ironie) համարուի այս խօսքը, բայց պէտք է ընդունիլ, որ առօրեայ կեանքին մէջ իրաւացի կողմ մը ունի. կարգ մը իրողութիւններու տեղեակ չըլլալ, չգիտնալ, ժամանակի մը համար կրնայ նպաստել մարդուս հոգեվիճակին։ Զոր օրինակ՝ եթէ մարդ չի գիտեր, լուր չէ ստացած որեւէ կորուստի, ցաւալի դէպքի, իր մերձաւորին հիւանդութեան կամ կորուստին, եթէ ոչ բառին իսկական իմաստով երջանիկ, բայց գոնէ տխուր չ՚ըլլար, որեւէ ցաւ, որեւէ վիշտ չի զգար։

«Եթէ լուր չկայ, լա՛ւ լուր է», կ՚ըսեն ֆրանսացիներ։ Հաւանաբար այս ըսել կ՚ուզեն. աւելի լաւ է լուր չստանալ, քան գէշ լուր մը առնել։ Ահաւասիկ, այս իսկ պատճառով մասամբ կարելի է իրաւացի համարել այն մտածողութիւնը՝ որ կ՚ըսէ. «անգիտութիւնը երջանկութիւն է»։

Յատկապէս չենք գործածեր «տգիտութիւն» բառը, քանի որ իր իսկական իմաստով տգիտութիւնը երջանկութիւն համարել կարելի չէ՝ նոյնիսկ մարդկային արժանապատուութեան հակառա՛կ է։

Տարիներ առաջ, Արա Գօչ՝ մեր սիրելի Արային մեծ հայրիկը, հօրս Գրիգոր Գալփաքճեանի մահուան առթիւ սապէս գրած էր. «Մարդուս իր մահուան օրը չգիտնալը Աստուծոյ ամենամեծ պարգեւներէն մին է»։ Այն ատեն շատ տպաւորուած էի այդ խօսքէն եւ խորհած էի, թէ եթէ մարդիկ գիտնային իրենց մահուան օրը եւ ժամը, ո՜րքան տաժանելի կ՚ըլլար կեանքը։ Այո, մարդիկ, եթէ բացառիկ եւ հազուադէպ պարագաներ նկատի չառնուին, ընդհանրապէս չեն գիտեր իրենց մահուան ժամանակը եւ ասիկա, անոնց ապրելու փափաքը կ՚աւելցնէ, կը մոռցնէ եւ կամ կը թեթեւցնէ ամենամեծ վախը՝ մահուան վախը։ Մարդիկ երբ չեն գիտեր իրենց մահուան օրը եւ ժամը, երբեմն նոյնիսկ կը կարծեն, թէ բնաւ պիտի չպատահի այդ երեւոյթը եւ կամ շա՜տ հեռու կը համարեն անիկա իրենց կեանքին համար։

Ահաւասիկ, Արա Գօչ իր այս վերոյիշեալ խօսքով ցոյց տուած էր, որ մասամբ ճիշդ է «անգիտութեան երջանկութիւն» համարուիլը։

 Մարդիկ չեն գիտեր, թէ ի՛նչ պիտի պատահի ապագային, նոյնիսկ մօտաւոր ապագային, մինչեւ իսկ պա՛հ մը վերջ. եւ այդ անգիտութիւնը կ՚ամբողջացնեն յո՛յսով, լաւատեսութեան ամենաբարի հոգեվիճակով։ Մարդ, եթէ չի գիտեր, տեղեակ չէ, եւ կամ անորոշ է վիճակը՝ կը դիմէ յոյսին, որ իր տրամադրութիւնը միշտ բարձր կը բռնէ։

Եւ իրապէս, մարդ եթէ գիտնար, թէ ապագային ի՛նչ պիտի պատահի, ամենատես ըլլար, ո՛րքան տարբեր պիտի ըլլար կեանքը. ապագայ դժբախտութիւն մը եթէ պարզուէր նախապէս մարդուն առջեւ, կարելի կ՚ըլլա՞ր խորհիլ, թէ ան երջանկութիւն պիտի զգար այդ տեսարանէն։ Չեմ կարծեր եւ այս պատճառով, մարդիկ եթէ գիտնային իրենց ապագայի իրողութիւնները, թերեւս երբեք երջանիկ պիտի չըլլային։ Լա՛ւ է, որ մարդիկ չեն գիտեր իրենց մահուան օրը եւ ժամանակը, լա՛ւ է, որ մարդիկ կ՚ապրին այնպէս՝ թէ երբեք պիտի չմեռնին…։

Ոմանք ալ կ՚ըսեն. «Մարդը կը ծրագրէ, եւ Աստուած կը դիտէ եւ կը ծիծաղի…»։ Այս խօսքն ալ մասամբ ճիշդ է, քանի որ մարդուն տեսողութեան սահմանը որոշ չափ մը ունի, իսկ Աստուած ամենատես է։ Ան չունի ո՛չ անցեալ եւ ո՛չ ապագայ։ Ան միշտ ներկա՛յ է, միշտ «աստ» է՝ անժամանակ եւ անսահման կերպով…։

Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս սապէս կ՚ըսէ. «Անշուշտ մենք ալ կը գործենք, բայց մենք կը գործենք Աստուծոյ հետ, որ կը գործէ։ Որովհետեւ Անոր ողորմածութիւնը մեզ կանխեց, որպէսզի մենք բուժուինք, ապա կը շարունակէ հետեւիլ մեզի, որպէսզի բուժուելէ ետք՝ կենդանանանք։ Ան կը կանխէ մեզ՝ որպէսզի կանչուինք, ապա կը հետեւի մեզի՝ որպէսզի փառաւորուինք։ Ան կը կանխէ մեզ, որպէսզի աստուածպաշտութեամբ ապրինք։ Ան կը հետեւի մեզի, որպէսզի յաւէտ Աստուծոյ հետ ապրինք, որովհետեւ առանց Անոր, մենք ոչինչ կրնանք ընել»։

Մարդ եթէ խորհի, իրապէս «երջանկութիւն» է կարգ մը բաները չգիտնալ, գոնէ ժամանակի մը համար «պատահածները չպատահա՛ծ» կարծել…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 27, 2020, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2020