ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻ ՄՇԱԿ՝ ՀՈՄԱՆԻՇ ԹՇՈՒԱՌՈՒԹԵԱՆ

«Երբ մեծատաղանդ երգիծաբանը մեռաւ, գրպանէն չորցած կտոր մը հաց ու սոխ ելան» եւ այսօր հայ գիր ու գրականութեամբ զբաղուող գրեթէ շատերու գրապանները լեցուն են նոյն սոխ ու հացով եւ այդ թշուառութեան ու հէգ իրավիճակի մեղապարտները մենք բոլորս ենք, որովհետեւ թէեւ լեզուով կ՚ընդունինք, թէ հայ մշակոյթով, հայ գրականութեամբ զբաղուիլը սրբազան առաքելութիւն է, սակայն իրական գետնի վրայ կ՚ուրանանք անոր վեհութիւնն ու բարձրութիւնը:

Ի դիմաց սփիւռս աշխարհի սփռուած ներկայ կացութեան, ամէ՛ն բանէ աւելի այսօ՛ր է, որ պէտք ունինք ազգային մշակներու, որոնք իրենց կեանքը ի սպաս դնեն հայ լեզուի ու մշակոյթի պահպանման ու բարգաւաճման: Անոնք թիւով շա՜տ քիչ են այսօր, որովհետեւ ինչպէս դար մը առաջ Գարեգին Սրուանձտեանց կ՚ըսէր. «պաշտօնը նուիրաբար վարող վարժապետներ՝ անպատիւ, անարժան, աղքատ, մուրացկանի վիճակ ունին»:

Բազմաթիւ գրական մշակներ, սերունդներ դաստիարակելու նուիրուած ուխտեալներ, որոնք տիւ եւ գիշեր մաշեցուած են հոգի, միտք ու առողջութիւն, շատ անգամ ապրած են թշուառութեան մէջ: Իրենց կեանքը զոհաբերած են ի սէր Հայութեան, սակայն որպէս հունձք արժանացած են թշուառ կեանքի: Գուցէ այդ սրբազան առաքելութեան փոխարէն ընտրած ըլլային այլ ասպարէզ մը՝ հաւանաբար հարուստներ ըլլային: Եւ այդ որոշումը կենաց մահու չափ նուրբ գիծ մըն է կա՛մ գրպանը եւ կա՛մ ազգն ու մշակոյթը հարստացնել...:

Մեր թուականէն 129 տարիներ առաջ, 3 դեկտեմբեր 1892 թուականին, «Հայրենիք»ի մէջ Արփիար Արփիարեան «Քանինե՜ր տեսայ» խորագրեալ յօդուածին մէջ ցաւով կը գրէր իր տեսած այն նուիրեալներուն մասին, որոնք աղքատութեան մէջ ի Տէր հանգան:

Ինչքա՜ն զգայացունց են Արփիարեանի բառերը... «քանինե՜ր տեսայ անօթի»: Եւ անօթութեան պատճառը երբե՛ք ալ հացի գոյութեան պակասը չէ, այլ ազգութեամբ մեր ապաշնորհ բնութեան արգասիքը: Դուք եւս ամօթ ու անպատուութիւն չէ՞ք զգար Արփիարեանի տողերուն դիմաց... «Մինչեւ իսկ հիմա, - թէեւ անցած են շատ տարիներ, - կը տխրիմ, երբ մտքիս առջեւ կը բերեմ դէմքերն այն վարժապետներու, որոնց մուրացկանութիւնը տեսած եմ, կամ մուրալու վիճակի մօտեցած ըլլալնին»:

Եղան նուիրեալ մշակներ, որոնք իրենց աչքերը փակեցին ծերանոցներու եւ անկելանոցներու մէջ: Եղան մշակներ, որոնց թաղման արարողութեան նուազ քան տասնեակ անհատներ ներկայ գտնուեցան. անոնցմէ շատերու գերեզմանները մնացին աննշմար ու աննկատ: Եղան մտաւորականներ, որոնք ծնունդ տուին սքանչելի երկերու, սակայն մնացին լոկ ուրուագիր՝ նիւթականի չգոյութեան պատճառով, մինչ անդին ուրիշներ լոյս կ՚ընծայեն երկեր՝ որոնք ո՛չ գրական եւ ո՛չ մարդկային արժէք կը ներկայացնեն: Եղան մշակներ, որոնք ծնունդ տուին ոսկէ սերունդներու, սակայն մատնուեցան անշքութեան:

Սրուանձտեանցի «պաշտօնը նուիրաբար վարող վարժապետներ»ը վստահաբար երբեք չգործեցին մեծարուելու եւ պատուուելու համար, սակայն նուազագոյնը մեր ճիտին պարտքն էր գէթ անոնց վաստակին համար յարգել:

Հինգշաբթի, 17 նոյեմբեր 1966 թուականին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Գրողներու Ե. համագումարը, որուն ընթացքին Ե. Թոփճեան իր ելոյթին ընթացքին ըսաւ. «Արտասահմանի հայ գրողի համար անհասանելի երազ է միայն ստեղծագործական աշխատանքով ապրելու միտքը: Նա պէտք է որեւէ կերպ հոգայ իր ապրուստը եւ յետոյ զբաղուի գրականութեամբ»: Այս ցաւալի իրողութիւնն է, որ կամաց-կամաց մեր մէջէն կը վերացնէ արեւմտահայ գրողները. երիտասարդներ նուազ հետաքրքրութեամբ կը մօտենան այդ սրբազան ասպարէզին: Այս իրողութիւնը ահազանգ է գալիքին. ահազանգ, որուն կրնայ յաջորդել արեւմտահայ մամուլի գոյժը:

Այսօր ո՛չ թէ երիտասարդ գրողներու պակասը, այլ ընդհանրապէս հայերէն գրել գիտցողներու նօսրացումն է խոցելին, որուն որպէս հետեւանք դարաւոր սփիւռքի մէջ հազիւ մի քանի թերթեր իրենց երթը կը շարունակեն:

Տարիներ առաջ սիրեցի աղջնակ մը եւ ուզեցի անպայման ընտանիքին հետ ծանօթանալ: Աղջկան հայրը հարցուց «ի՞նչ գործ կ՚ընես»... հպարտութեամբ ըսի լրագրող եւ յօդուածագիր եմ: Պատասխանը ինքնավստահ էր. «թերթը փոր չի՛ կշտացներ»:

Հաստատումը խոցելի էր, միաժամանակ նոյնքան ստոյգ ու առարկայական: Եղերեգակ մեր խառնուածքը պէտք է դնել մէկդի, որովհետեւ հայ սփիւռքը պանդուխտ ու թշուառ հայը չէ այսօր՝ ինչ որ էր հարիւր տարիներ առաջ: Այսօր գրեթէ ամէ՛ն բանի համար դրամ կայ, սակայն կարգը երբ հայ լեզուին ու անոր մշակին գայ՝ կը չորնայ ամէն բան:

Հայ մշակը տարի մը ամբողջ կը տրամադրէ պատրաստելու գրական արժէք ներկայացնող հատոր մը, սակայն նոյնքան ժամանակ կը վատնէ մեկենաս ճարելու համար եւ շատ անգամ չգտնելու պատճառով կը մնայ անտիպ: Հայ երգիչին կը վճարուի հազարաւոր գումարներ, որպէսզի երգէ, մինչ անդին երգի բառերու հեղինակը աննշմար վիճակի մէջ կը փորձէ շարունակել իր գոյութիւնը:

Այս դժբախտ ընթացքով շատերս պիտի արժանանաք քանիներու դժբախտ վիճակին. «Ի՞նչ եղաւ ետքը. չեմ գիտեր. այսօր միայն միտքս կը բերեմ զինքը. հաւանօրէն տեղ մը ինկաւ մեռաւ անօթի. եւ աւելի գէշը, անծանօ՛թ»:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԹԵՐԵԶԱ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ
(1922-2016)

Մեր թուականէն 99 տարիներ առաջ՝ 11 օգոստոս 1922 թուականին, Ղարաքիլիսայի մէջ (այժմ՝ Վանաձոր) ծնած է հայ քանդակագործուհի եւ արուեստի վաստակաւոր գործիչ Թերեզա Միրզոյեան:

Թերեզա Միրզոյեան 1939 թուականին աւարտած է Թիֆլիզի Անդրկովկասեան ճարտարապետութեան ուսումնարանը, իսկ 1946 թուականին գեղարուեստի ճեմարանը, որմէ ետք մեկնած է Ռուսաստան, 1946-1967 թուականներուն, կատարելագործելու համար ուսումը:

Վարած է ուսուցչութեան պաշտօն «Փանոս Թերլեմեզեան» գեղարուեստի դպրոցին մէջ: 1975-2000 թուականներուն եղած է Գեղարուեստի եւ թատրերգութեան կաճառի քանդակագործութեան ամպիոնի վարիչ:

Թերեզա Միրզոյեանի քանդակները հիմնականին մէջ ընդգրկած են սիրոյ, գարնան եւ մայրութեան նիւթերը: 1949 թուականէն սկսեալ մասնակցած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներու թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ արտերկրի մէջ: 1967 թուականին արժանացած է Հայաստանի Վաստակաւոր նկարիչի կոչման, իսկ 1986 թուականին՝ Հայաստանի Արուեստի վաստակաւոր գործիչ կոչման:

Թերեզա Միրզոյեանի նշանաւոր գործերէն են Յունան Աւետիսեանի կիսանդրին (1956 թուական), Մայիսեան ապստամբութեան մասնակիցներու յուշարձանը (1960 թուական), «Կուժով աղջիկը» (1962 թուական), «Անուշ Եւ Սարօ» (1969 թուական) եւ ուրիշներ:

Թերեզա Միրզոյեան մահացած է իր ծնունդէն 4 օր առաջ՝ 7 օգոստոս 2016 թուականին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 11, 2021