ԳԱՂՈՒԹԻ ՄԸ ԵՐԷԿԸ

Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք հայ ժողովուրդի գաղթական զաւակները զանազան երկիրներու մէջ բնակութիւն հիմնեցին եւ առաջին իսկ օրէն իրենց մեծագոյն մտահոգութիւնը եղաւ ապագայ սերունդի հայ մնալ-չմնալու սպառնալիքը: Այս մտահոգութիւնը նկատի ունենալով գաղութներու միջեւ անուղղակի մրցակցութիւնը սկիզբ առաւ: Սեփական կեանքի ապահովութիւնը երաշխաւորած գաղթականները էական նկատեցին երաշխաւորել նաեւ հայրենի լեզուին, աւանդութիւններուն ու հայու արիւնի ապահովութիւնը, այդ իսկ պատճառով առաջին իսկ առիթով փնտռեցին միջոցները հիմնելու համար դպրոցներ, եկեղեցիներ, կուսակցութիւններ ու մամուլ, որոնք իրենց համար «լաւագոյն» միջոցներն էին հայապահմանման:

Երբ թերթատենք հայկական հին մամուլը, այդտեղ բազմաթիւ լրատուական տեղեկութիւններ պիտի տեսնենք զանազան երկիրներու գաղութներու մասին, առաւելաբար բոլո՛րն ալ լաւատես, որովհետեւ իւրաքանչիւր նոր հիմնուած դպրոց, նորակառոյց եկեղեցի, նորաստեղծ կազմակերպութիւն գոյատեւելու նոր յոյս մը, նոր շունչ մը կը փոխանցէր թէ՛ գաղութին եւ թէ՛ հայութեան, որ դժոխքին մէջէն անցած նոր կեանքի յոյսով ապաքինիլ կը փորձէր:

Այդ գաղութներէն կարեւորագոյններէն մէկն էր Պերլինը, ուր կատարուած էր անցեալի կարեւոր հաշուետուութիւն մը, ուր ժողովի մեկնած էր Խրիմեան Հայրիկ եւ ուրիշներ:

Այս պատմական գաղութին մասին կը գրէ 1928 թուականին Պոլսոյ մէջ հրատարակուած «Ազդարար» օրաթերթը 17 յունուար 1928-ի թիւին մէջ (թիւ 345):

Անցնող մի քանի տարուան տեղեկատուութեան համաձայն, Պերլինի մէջ ներկայիս կ՚ապրի մօտաւորապէս 15,000-25,000 հայեր, սակայն «Ազդարար»ի փոխանցած տեղեկատուութեան ժամանակ անոնց թիւը շա՜տ-շատ աւելի քիչ էր. տեղեկատուութեան համաձայն. «Պերլինի հայ գաղութը մեծ չէ, կը բաղկանայ հազիւ 250-300 հոգիէ». թէեւ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք գաղթականներու թիւը շատցաւ, յամենայնդէպս այս մէկը հայելին է, թէ ինչպէս գաղթականները հասնելով օտար ափեր կազմեցին ընտանիք եւ ապագայ սերունդներով ապահովեցին իրենց կեանքի պայքարը եւ 250-300-ը հասցուցին հազարներու: Նոյն պատկերը կը պարզեն գրեթէ բոլո՛ր գաղութները, որուն հարազատ զաւակներէն ենք նաեւ մենք:

Յատկանշական է «Ազդարար»ի հետեւեալ տեղեկատուութիւնը. «Հանրային կեանքը թէեւ համեստ, կ՚անցնի խաղաղ պայմաններու մէջ, ամուլ վէճերէ զերծ ու պառակտիչ ազդեցութիւններէ հեռու»: Այս տեղեկութիւնը յատկանշական է, որովհետեւ շատ մը գաղութներ մեծ վնասներ կրեցին ներքին անհամաձայնութիւններու եւ սեփական շահերու հետապնդումներու շնորհիւ: Դժոխքէն նոր ազատած ժողովուրդ մը ներքին «ամուլ վէճերով» միայն վնաս կրնար պատճառել ինքնիրեն: Այդ վէճերուն մեծագոյն օրինակներէն մէկն է Լիբանանը՝ իր եղբայրասպան կռիւներով ու վէճերով... հայը հայուն թշնամի դարձնելու աստիճան: 

Պերլին նոր հաստատուած հայութիւնը արդէն իսկ մի քանի տարուան ընթացքին հասած էր հիմնել երեք կազմակերպութիւն.- գաղութային, կիներու եւ երիտասարդական. երե՛քն ալ կարեւոր ու անմիջական: Գաղութայինը պարտէր զբաղուիլ գաղութը յուզող հարցերով, կիներու կազմակերպութիւնը անպատսպար գաղթականներով ու որբերով, իսկ երիտասարդականը հայու դաստիարակութեամբ ու մշակոյթով: Այլ խօսքով երեք անմիջական:

Այս երեք կազմակերպութիւններուն կողքին կարեւոր ու անհրաժեշտ էր հայկական դպրոց մը, սակայն ցաւ ի սիրտ, գաղթի ճամբան բռնած ու հազիւ մահապուրծ Պերլին հասած հաւաքականութիւն մը դժուար ունէր դպրոց մը կառուցելու բաւարար գումար ու նիւթական, այդ իսկ պատճառով Պերլինի մէջ առաջին անգամ հիմնուեցաւ միօրեայ հայերէն լեզուի դասընթացքներու դասարան մը, որուն համար հետեւեալ ձեւով կ՚արտայայտուի «Ազդարար». «Ամենէն աչքառու դէպքը պերլինահայ կեանքին մէջ մայրենի լեզուի դասընթացքին բացումն էր, որ նեյեմբերի սկիզբին տեղի ունեցաւ: Այդպէսով գլուխ հանուեցաւ երկար ատենէ ի վեր հետապնդուած ծրագիրը- հոգ տանիլ որ մեր փոքրիկները չմոռնան հայերէնը եւ կապուած մնան իրենց ժողովուրդին ու ազգային արժէքներուն»: Թերթը հպարտութեամբ կը յիշատակէ, թէ ինչպէս հայերէն լեզուի դասընթացքին մասնակցող աշակերտներ ինչպէս հանդիսութիւններու ընթացքին կ՚երգեն հայերէն, կ՚արտասանեն ու կ՚արտայայտուին հայերէն լեզուով:

Երիտասարդաց միութիւնը իր կարգին ամէն շաբաթ կ՚ունենայ հաւաք, «որուն ներկայ կ՚ըլլան գրեթէ գաղութի ԲՈԼՈՐ երիտասարդները». այդ հաւաքներու ընթացքին երիտասարդներ կ՚արծարծեն գրական ու պատմական զանազան հարցեր, ինչպէս նաեւ կ՚ունենան դասախօսութիւններ:

Գաղութը առողջ նոր սերունդ մը ունենալու համար անհրաժեշտ կը նկատէ նաեւ ընթերցասրահի մը բացումը, ուր երիտասարդներ առիթ պիտի ունենան այս կամ այն հայ մտաւորականի գործերը թերթատելու եւ զանազան ուսումնասիրութիւններ կատարելու:

Այդ բոլորին մասին կը գրենք, որովհետեւ վստահ ենք որ 15,000-էն 20,000 հաշուող գաղութ մը այսօր չի՛ յաջողիր ընել այն՝ ինչ որ տարիներ առաջ ըրին 250-300 հաշուող աղքատ գաղթականները: Ներկայի եւ անցեալի տարբերութիւնը ա՛յն է, որ անցեալին նիւթական բաւարար միջոցներ գոյութիւն չունէր, սակայն կար կա՛մքը ապրելու եւ հայ մնալու, իսկ այսօր կայ բոլոր անհրաժեշտ նիւթական միջոցները, սակայն կամքը կը պակսի:

Ուսումնասիրող պատմաբան մը եթէ փորձէ մամուլի հին էջերուն մէջի տեղեկութիւններուն հետ համեմատել գաղութներուն ներկայ վիճակը, պիտի տեսնէ, թէ անցեալը, հակառակ իր բոլոր դժուարութիւններուն շա՜տ աւելի փայլուն ու խոստմնալից վիճակ կը պարզէ՝ քան այսօր:

«Ազդարար»ի լրատուուենթէն կը պարզուի, թէ Պերլինի հայութեան համար կը սպասուի ապագայ խոստացող, հայու ոգիով հասակ առնող սերունդ մը եւ այդ վիճակը կը պարզէր գրեթէ ամէ՛ն գաղութ, որովհետեւ դժոխքէն անցած մեր նախահայրերը իրենց սեփական կեանքին հաւասար կը կարեւորէին հայ մնալու եւ հայ ապրելու երեւոյթը, սակայն իրենց երազը եւս յուսախաբ դուրս եկաւ:

Երանի՜ մեր ունեցած այսօրուան առաւելութիւնները նախկին սերունդը ունենար եւ կամ մենք ունենայինք այն կամքն ու ոգին՝ որոնք ունէին իրենք, որպէսզի կարենայինք ստեղծել ա՛յն սերունդը, որուն երազով ապրեցան ու յաւերժութեան մեկնեցան:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -92-

Մեր թուականէն 13 տարիներ առաջ՝ 2009-ին մի քանի դասընկերներու հետ մեկնեցայ Սուրիոյ հեռաւոր գիւղերէն մին՝ Եագուպիա։

Փոքր գիւղ մը՝ սակաւաթիւ բնակչութեամբ։ Այս գիւղը բազմաթիւ միւս գիւղերէն տարբերողը այն էր, որ բոլոր բնակիչները ունէին հայու անուն, ունէին հայկական վարժարան ու եկեղեցի, սակայն ոչ ոք հայերէն կը խօսէր։ Յովսէփը Սալբիին կը բարեւէր արաբերէնով, կը մտածէին ու կ՚ապրէին արաբական ոճով, սակայն իրենց հայ ըլլալը գիտէին։

Եագուպիէն ցաւալի մէկ օրինակն է մեր գաղութային կեանքին։ Տասնամեակներ ետք շա՜տ Եագուպիաներ պիտի ունենանք։

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 11, 2022