ՄՈՌՑՈՒԱԾՆԵՐԷՆ ՈՄԱՆՔ

Յաճախ կը խօսինք համացանցի եւ արդի արհեստագիտութեան վնասներուն մասին, սակայն անցեալը ուսումնասիրելով մարդ մասամբ կրնայ համոզուիլ, որ իր ժխտական երեւոյթներուն կողքին, ունի նաեւ իր դրական կողմերը: Արհեստագիտութեան չգոյութիւնը, ցաւ ի սիրտ, մեր մէջ խեղդած ու մոռացութեան յանձնած է բազմաթի՜ւ արժէքներ, որոնք մեզի համար մնացած են օտար եւ գուցէ յաւիտեան օտար ալ շարունակեն մնալ:

Արհեստագիտութեան պակասի, անոնց մոռացութեան մէջ դեր ունցած է բախտը, որովհետեւ բոլորին նոյն եւ հաւասար պայմանները չէ՛ տուած կեանքը եւ այդ անհաւասարութեան շնորհիւ է գուցէ, որ ունեցած ենք բազմաթիւ արժէքաւոր գրողներ՝ որոնք այնպէս ալ չկրցան «փայլիլ», ինչպէս ուրիշներ:

Այսօր որպէս գրող կը ճանչնանք Դուրեանը, Պարոնեանը, Օտեանը, Զօհրապը եւ ուրիշներ, սակայն կը հաւատանք, որ թիւով շա՜տ աւելի ունեցած ենք այլ արժէքաւոր գրողներ, որոնք անշքութեան մատնուելով եւ պայմաններու թշուառ վիճակին իբրեւ զոհ մնացած են աննշմար ու անծանօթ հայ հասարակութեան: Նոյնն է պարագան աշուղներուն. այսօր հպարտութեամբ կը յիշենք Սայաթ Նովան, Հավասին եւ Ջիւանին, սակայն անոնց կողքին ունինք անշուք ու չլսուած աւելի քան երկու հարիւր աշուղներ, որոնք երգած ու ստեղծագործած են 1800-1900 թուականներուն միջեւ: Օրինակի համար, մեզմէ ո՞վ լսած է Աշուղ Զուլալի, Ֆէրեատիի, Խայաթիի, Ֆիզահիի, Ղէյրաթիի, Հազիրիի եւ բազմաթիւ այլ աշուղներու անունները, որոնք եղած են հայեր, երգած եւ ստեղծագործ են ու յանձնուած են մոռացութեան:

Յիշենք անոնցմէ մի քանին.-

ԱՇՈՒՂ ՀԱԶԻՐԻ

Օրինակի համար, անծանօթ մնացածներէն մէկն է Աշուղ Հազիրի, որուն մասին համացանցի մէջ եւս կարելի չէ տեղեկութիւն մը գտնել։ Աշուղ Հազիրի (բուն անունով Համբարձում)։ Աշուղը ծնած է Պոլսոյ մէջ՝ 1840 թուականին եւ ցաւ ի սիրտ վախճանած է երիտասարդ՝ 36 տարեկան հասակին, 22 յունիս 1876 թուականին: Աշուղական անունը յիշուած է որպէս «Հազիրի», որ կը նշանակէ (պատրաստի). այս անունը տրուած է գուցէ իր պատրաստաբանութեան պատճառով: Աշուղ Հազիրիի ծնողները եղած են աղքատ դասակարգի պատկանող մարդիկ եւ նոյնիսկ կարողութիւնը չեն ունեցած իրենց զաւակը ուսումի ղրկելու. հակառակ ուսում ստացած չըլլալու դժբախտ իրողութեան, ունէր կատարեալ վարք ու բարք, համեստութիւն, ինչպէս նաեւ ուսումի ու կրթութեան հանդէպ սաստիկ սէր: Ուսումի հանդէպ իր ունեցած սիրոյ լոյսին տակ օր մը ծնողքէն գաղտնի կ՚երթայ իր մօրեղբօր՝ տիրացու Յակոբի մօտ եւ կը յաջողի հազիւ այբբենարանը սորվիլ եւ հազիւ սաղմոս կարդալ, սակայն ակամայ կը ստիպուի վերադառնալ ու երկրագործութեամբ զբաղուիլ:

Այդ ժամանակներուն աշուղ դառնալը որոշ դասընթացք ու պատրաստութիւն կ՚ենթադրէր։ Աշուղներ նոյնիսկ իրենց աշակերտներուն վկայական կը փոխանցէին՝ հաստատելու համար այս կամ այն աշուղի իրենց մօտ սորվիլը, սակայն աշուղ Հազիրի այս բախտաւորութիւնը չ՚ունենար. առանց մէկու մը մօտ աշուղական արուեստի գաղտնիքները սորվելու, կը սկսի թրքերէն եւ ապա հայերէն երգեր գրել ու երգել:

Ցաւ ի սիրտ, աշուղ Հազիրի անգիտակցաբար չէ՛ պահած իր երգերու սեւագրութիւնները. անոր դժբախտ մահէն ետք հազիւ մի քանի երգեր գտած են անոր տան մէջ:

ԱՇՈՒՂ ՆԷԱԶՄԻ

Ցաւ ի սիրտ, այս աշուղէն մեզի հասած է ընդամէնը մէկ երգ, որ ունի գրական մեծ ճաշակ: Մասնաւոր տեղեկութիւններ գոյութիւն չունին աշուղ Նէազմիի մասին, սակայն գիտենք, որ իսկական անունը եղած է Սիմէոն. եղած է էրզրումցի. ան իր երգերը նուագած է ջութակի եւ սազի վրայ: Կ՚ուզենք յիշել մեզի հասած անոր միակ երգին առաջին քառատողը.-

«Փողի հետ խելք էլ պիտի ինչպէս սորան մին զարդարանք
Թէ ոչ դու չես ստանալ, ոչ խելօք ոչ հարուստ անուանք.
Ամէն մի ծառ բարձրանալով պտուղն ծիրան չի լինի՛լ,
Ամէն այբ ու բեն գիտեցող, մարգարէ Յովհնան չի լինիլ»:

Գուցէ աշուղ Նէազմի ունեցած ըլլայ երգերու հսկայական ու ազդեցիկ փունջ մը, սակայն անոր կեանքը միայն մի քանի տողերու մէջ կրնանք ամփոփել ցաւ ի սիրտ:

ԱՇՈՒՂ ՆԱՄԻՅԻ

Տարօրինակ է, որ աշուղ Նամիյի մասին մասնաւոր տեղեկութիւն մը հասած չէ մեզի, հակառակ այն իրողութեան, որ իր ժամանակին որպէս աշուղ մեծ համակրանք վայելած է թուրք իշխանաւորներու կողմէ: Գիտենք, որ իսկական անունը եղած է Յակոբ. լաւապէս տիրապետած է թրքերէն լեզուին, որ մինչեւ անգամ զարմացուցած է թուրքերը՝ աշուղի ունեցած շնորհակալի տաղանդին վրայ: Ցաւ ի սիրտ, աշուղէն հայերէն երգեր հասած չեն մեզի. պահպանուած է միայն անոր թրքերէն երգերէն մի քանի մասունք պարզապէս...:

Ունինք վերոյիշեալ անձերէն շատ աւելի անբախտները, ինչպէս օրինակ, աշուղ Բանգին, որ իր ժամանակին ունեցած է լաւ անուն, սակայն անոր երգերէն ո՛չ մէկ հատ հասած է մեզի:

Հիմա ո՞ր մէկը մտածենք. մոռացութեան տրուած արժէքնե՞րը, թէ ոչ կամաց կամաց մոռացութեան առաջնորդուող «յիշուած»ները. ազգովի մեր արժէքները պահելու եւ պահպանելու թերութիւնը ունինք եւ այս ընթացքով պիտի գայ օր, որ Սայաթ Նովա, Հաւասի եւ կամ Ջիւանի տարբերութիւն մը պիտի չունենան աշուղ Հայաթիէն կամ աշուղ Մայիֆէն, որոնց մասին մեր ազգը բան մը չի գիտեր այսօր:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչո՞ւ համար ձմեռը ցուրտ, իսկ ամառը տաք կ՚ըլլայ:

Պատասխան. Ջերմաստիճանի տատանումները հիմնականին մէջ կապուած են երկրագունդի թեքութեան եւ արեւի շուրջ անոր ունեցած պտոյտին հետ: Երկրագունդի պտոյտին պատճառով տարբեր մասեր կը ստանան տարբեր քանակութեամբ արեւի լոյս։ Ամառը երկրի կիսագունդը կը թեքուի դէպի արեւին եւ այդ մասը կը ստանայ շատ աւելի արեւլի լոյս եւ տաքութիւն: Ձմրան ժամանակ կը պատահի հակառակը. կիսագունդը կը թեքուի արեւի հակառակ ուղղութեամբ, որուն որպէս հետեւանք օդը աւելի պաղ ու ցուրտ կ՚ըլլայ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունուար 15, 2024