ԲՆԱԿԱՆ ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Սուրբ Գիրքը մարդկային ցեղին մասին խօսելով մէկ սկիզբէ կը դնէ բոլոր մարդոց ցեղերը կամ մարդկային սերունդը. լեզուներու համար եւս կ՚ըսէ, թէ սկիզբէն կար մէկ լեզու միայն, որ յետոյ այլ եւ այլ լեզուներու բաժնուեցաւ, բայց ոչ այնչափ բազմաթիւ լեզուներու որչափ հիմա կը տեսնենք աշխարհիս տարածքին վրայ, այլ երկու կամ երեք գլխաւոր լեզուներու. (ԾՆՆԴ. Ժ 32, ԺԱ 1-9). եղելութիւն՝ որ հաստատուն վկայութիւն գտած է ազգերու պատմութենէ եւ փիլիսոփայութենէ, թէպէտ այդ մասին յուզուած են շատ վէճեր եւ խնդիրներ։

Յիսուսի խօսքն է թէ՝ արեգակին հետ լուսինը եւս կեցաւ՝ համաձայն է ասիկա արդի աստղագիտական տուեալներու։ Կ՚ըսուի, թէ արեգակի, այսինքն արեւի եւ լուսնի օրական առերեւոյթ շարժումը մի եւ նոյն պատճառէ, այսինքն՝ երկրիս իր առանցքին վրայ դառնալէն յառաջ կու գայ. ուստի երբ արեւի առերեւոյթ շարժումը կեցած տեսնուի, լուսնին եւս կենալը կը սպասուի հարկաւ։ Բայց ըստ հին դրութեան, որովհետեւ կ՚ենթադրուէր, թէ արեւ եւ լուսին, իրարմէ անկախ, երկրիս բոլորտիքը կը դառնան զատ զատ շրջաններով, մէկուն կենալէն չէր հետեւեր, թէ միւսը եւս պիտի կենար։ Ուրեմն արեւին կենալուն հետ լուսնին ալ կենալուն խօսքը համաձայն կու գայ ո՛չ հին, այլ՝ նոր աստղաբաշխական արեգակնային դրութեան. եւ նոր դրութիւնը ճշմարիտ ըլլալով՝ իրաւամբ կարելի է ըսել, թէ Աստուածաշունչին այս յիշատակութիւնը բնական ճշմարտութեան համաձայն է։

Սուրբ Գիրքը, մինչ կը խօսի աստղերուն վրայ, փոխանակ, հին աստղագէտներու նման, հազարի չափ միայն դնելու (ինչպէս Հիպպարքոս դրաւ 1022 աստղ, եւ նախկին աստղագէտներու հռչակաւորագոյնը Պտղոմէոս՝ 1026 աստղ), ճիշդ նոր դիտակներով կատարուած դիտողութիւններուն համեմատ կ՚իմացնէ, թէ աստղերը անթիւ, անհամար են։

Սըր Ճոն Հէրշէլ այս մասին կ՚ըսէ. «Աստուած համաստեղութիւնները եւ շատ մանր աստղերու խումբերը աչքէ անցընելէ ետք.- երկնից անհուն միջոցին մէջ ցանեց զանոնք իբրեւ փոշի կամ մղեղ»։ (Sir John Frederick William Herschel, 1792-1871)։

Բայց եւ այնպէս, պէտք է գիտնալ նաեւ, թէ Սուրբ Գիրքը, մինչ կը խօսի բնական իրողութիւններու վրայ, ընդհանրապէս կը խօսի հասարակ կամ սովորական լեզուով. եւ այս լեզուն համաձայն է իրողութիւններու երեւոյթին մանաւանդ քան անոնց իսկականութեան։

Զոր օրինակ. «Արեւը կը ծագի եւ արեւը կը մտնէ եւ իր ծագած տեղը արտորալով կը դառնայ». (ԺՈՂ. Ա 5)։ Այս լեզուն կը նկարագրէ արեւուն առերեւոյթ շարժումները միայն. քանի որ արեւուն ծագելու, մտնելու կամ ետ դառնալու շարժումները իսկական շարժումներ չեն, այլ երկրիս իր առանցքին վրայ դառնալուն պատճառով յառաջ եկած երեւոյթներ են։

Սուրբ Գիրքի այսպէս երեւոյթներու համեմատ խօսելուն պատճառը յայտնի է։ Եթէ գործածուի փիլիսոփայական ճիշդ լեզու, թէեւ բնական իրաղութիւններու վրայ խօսող մասերը կ՚ունենային աստուածային հեղինակութիւն, այն լեզուն հասկնալու մէջ դժուարութիւն ունեցողներ կրնան երկբայութեան մէջ մնալ, եւ ուստի օգտակար պիտի չըլլար անոնց. իսկ գիտցողներու համար բաւական պիտի չըլլար, քանի որ իր գլխաւոր նպատակին նայելով, հարկաւ հարեւանցի եւ համառօտ կերպով պիտի խօսէր այն բնական իրողութիւններու վրայ. ուստի ո՛չ ճշմարիտ փիլիսոփայական ոգի մշակելու եւ ո՛չ ալ կրօնական օգուտներ յառաջ բերելու յարմար գիրք մը ըլլար այն ժամանակ։

Ոչ նուազ դիտողութեան արժանի է նաեւ այն կերպը՝ որով Սուրբ Գիրքը կը ծանուցանէ վերացեալ խնդիրներ, կամ բարոյական գիտութեան մեծամեծ սկզբունքներ։

Ասոնք յատուկ կերպով յայտնուած կամ բացատրուած չեն անոր մէջ, բայց պարունակուած ըլլալով անոր պատմութեան եւ վարդապետութեան միջոցաւ յայտնուած ճշմարտութիւններուն մէջ, կրնան մակաբերուիլ այն ճշմարտութիւններէն։

Սուրբ Գիրքէն անկախ, կամ արտաքին, քննութիւններ հինէն ի վեր ցոյց տուած են, թէ մարդուս սրտին հանգամանքը կամ որպիսութիւնը մեծ մասամբ կախում ունի անոր մտքին խորհուրդներէն, եւ թէ այն բաները, որոնք կ՚ազդեն մարդուս մտքին՝ կ՚ազդեն նաեւ անոր սրտին։

Սուրբ Գիրքը, ճիշդ այս օրէնքին համեմատ կ՚ուսուցանէ, թէ երբ մարդիկ մտօք հաւատան աստուածային ճշմարտութիւններուն՝ անոնց կը դիւրանայ պահել Աստուծոյ պատուէրները նոյն գերագոյն օգնութեամբ որ Սուրբ Գրքի մէջ իսկ խոստացուած է հաւատքի հնազանդողներուն, եւ այդպէս անոնց կը դիւրանայ սրբութեան վիճակի հասնիլ. (ՍԱՂՄ. ՃԺԹ 9-11), (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԵ 2), (Բ ԿՈՐՆԹ. Գ 18), (Ա ՊԵՏ. Ա 22), (Ա ՅՈՎՀ. Դ 16-19)։

Վերոյիշեալ՝ միտքով հաւատալ աստուածային ճշմարտութիւններու՝ կը դիւրացնէ Աստուծոյ պատուէրներուն հնազանդութիւնը, կը համապատասխանէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոսի «Հասկնալով հաւատալ. հաւատալով հասկնալ» սկզբունքին։

«Մարդս ի՞նչ կրնայ ընել որ ուղի՛ղ ըլլայ իր հաւատք»։

Այս հարցումը երկար ատեն գրաւած եւ զբաղեցուցած է խոհական մարդոց ուշադրութիւնը։ Փիլիսոփայութիւնը այս հարցին տուած է սա պատասխանը. «Կրօնական վարդապետութիւններու փաստերը քննելու է, մինչեւ որ ճշմարտութիւնը յայտնուի»։

Սուրբ Գիրքը ըստ ամենայնի համաձայն է փիլիսոփայութեան այս վճիռին։ Ուստի, որեւէ ճշմարտութեան հաւատալու, զայն ընդունելու եւ զայն սիրելու համար բաւական չէ գիտնալ, թէ ի՛նչ է հաւատքը եւ սէրը. եւ հաւատքը կ՚ուղղուի ո՛չ թէ բռնի՝ այլ՝ ճշմարտութիւնը քննելով եւ սէրը կ՚արծարծի սիրոյ առարկային քաջ ծանօթ ըլլալով։ Ուստի, Սուրբ Գիրքը կը պատուիրէ, որ ուշադրութիւն եւ քննութիւն ընենք, վստահեցնելով զմեզ, թէ անկեղծ միտքով եւ խոնարհութեամբ քննելէն յառաջ կու գայ ուղիղ հաւատք, իսկ հաւատքէն՝ սուրբ զգացումներ։

Արդարեւ, քրիստոնէութիւնն ալ հրամայականոն վարդապետութիւն մը չէ՛, այլ՝ բանական եւ սիրոյ կրօն մը, ուր հասկնալով կը հաւատան եւ հաւատալով կը հասկնան մարդկային միտքեր եւ սիրտեր…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 12, 2021, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Յունուար 19, 2021