ԽՂՃՄՏԱՆՔԻՆ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ

Խղճմտանքը մարդուն ամենէն մտերիմ եւ ամենէն գաղտնի ներսիդին է. սրբավայրը՝ ուր ան առանձին է Աստուծոյ հետ եւ ուր Աստուծոյ ձայնը ինքզինք լսելի կ՚ընէ։ Ուստի, մարդ իր խղճմտանքին խորը կը գտնէ ներկայութիւնը օրէնքի մը՝ որ ինչ չէ տուած, բայց որուն ինք պարտաւո՛ր է հնազանդիլ։

Խղճմտանքը «ձայն» մըն է մարդուն մէջ, որ անդադար կը մղէ զինք սիրելու եւ կատարելու «բարի»ն եւ զգուշանալու «չար»էն։ Այս ձայնը պատեհ պահուն կը հնչէ մարդուն սրտին մտերմութեան մէջ։ Արդարեւ, «խղճմտանք»ը օրէ՛նք մըն է՝ արձանագրուած Աստուծոյ կողմէ մարդուն սրտին մէջ։ Եւ այս իմաստով, «անխիղճ» մարդ չկա՛յ, այլ՝ իր խղճի ձայնը չլսող եւ խղճին չանդրադարձող «անտարբեր» եւ «անզգայ» մարդ կայ։

Զգայնական եւ հոգեւոր իր ամբողջ ուժերով, առաքինի մարդը կը ձգտի դէպի բարին, կը հետապնդէ եւ կ՚ընտրէ զայն շօշափելի գործերուն մէջ։

Առաքեալը կ՚ըսէ. «Ինչ որ ճշմարիտ է, ինչ որ ազնիւ է, ինչ որ արդար է, ինչ որ մաքուր է, ինչ որ սիրելի է, ինչ որ պարկեշտ է, ինչ որ բարի է առաքինութեան մէջ եւ ինչ որ գովելի է, թող միայն ասոնք զբաղեցնեն ձեր միտքը», (ՓԻԼ. Դ 8)։

Մարդուն սրտին մէջ ներկայ եղող բարոյական խղճմտանքը պատեհ վայրկեանին կը հրամայէ անոր կատարել բարին եւ զգուշանալ չարէն։ Ան կը զատորոշէ նաեւ կատարուելիք ընտրանքները, անսալով բարիին, մերժելով չարը։ Ան կը վկայէ ճշմարտութեան իշխանութեան, որ կ՚ենթադրէ արդարութիւնը, որ սերտ կապակցութեան մէջ է գերագոյն «Բարի»ին հետ, որուն քաշողականութիւնը կը կրէ մարդկային անձը եւ կ՚ընդունի Անոր պատուիրանները։ Խոհեմ եւ ողջամիտ մարդը երբ կ՚ունկնդրէ բարոյական խղճմտանքին, կարող կը դառնայ լսելու իրեն խօսող Աստուածը։

Արդարեւ, բարոյական խղճմտանքը բանականութեան մէկ դատողութիւնն է, որուն միջոցով մարդկային անձը կը ճանչնայ բարոյական հանգամանքը շօշափելի գործի մը, զոր պիտի կատարէ, կամ արդէն կատարած է։ Իր ամէն ըսածին եւ ըրածին մէջ, մարդը պարտաւոր է հետեւելու հաւատարմաբար այն բանին, զոր գիտէ, թէ արդա՛ր եւ ուղիղ է։ Իր խղճմտանքին դատողութեամբ է, որ մարդը կը տեսնէ եւ կը ճանչնայ հրահանգները աստուածային օրէնքին։

John Henry Newman (1801-1890), խղճմտանքի մասին կ՚ըսէ. «Խղճմտանքը օրէ՛նք մըն է մեր սրտին, մեր մտքին, որ կը գերազանցէ մեր միտքը, կու տայ մեզի հրահանգներ, կը նշէ պատասխանատուութիւն, պարտականութիւն, երկիւղ եւ յոյս։ Ան պատգամաբերն է Անոր՝ որ բնութեան եւ շնորհքին աշխարհին մէջ, կը խօսի մեզի վարագոյրին ընդմէջէն, կը դաստիարակէ եւ կը կառավարէ մեզ։ Խղճմտանքը Քրիստոսի բոլոր փոխանորդներուն առաջինն է»։

Այս պատճառով, ահաւասիկ, կարեւոր է, որ իւրաքանչիւր մարդ ինքզինքին գիտակից ըլլայ՝ լսելու համար խղճմտանքին ձայնը եւ անոր հետեւելու։ Այս գիտակցութիւնը կը կոչուի «ներամփոփում», եւ այս ներամփոփումի պահանջքը այնքան աւելի կարեւոր է, որքան կեանքը յաճախ կը մղէ մեզ խուսափելու ամէն խորհրդածութենէ, քննութենէ եւ կամ ինքնամփոփումէ։

«Վերադարձի՛ր քու խղճմտանքիդ, հարցաքննէ՛ զայն։ Վերադարձէ՛ք եղբայրներ, դէպի ձեր ներաշխարհը եւ ձեր բոլոր գործերուն մէջ դիտեցէ՛ք Վկան Աստուած», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։

Արդարեւ, մարդկային անձին արժանապատուութիւնը իր մէջ կը ներփակէ ե՛ւ կը պահանջէ «ուղղամտութիւնը բարոյական խղճմտանքին»։ Բարոյական խղճմտանքը իր մէջ կը բովանդակէ գիտակցութիւնը բարոյականութեան սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ անոնց գործադրութիւնը տուեալ պարագաներու մէջ՝ պատճառներու եւ բարիքներու գործնական դատողութեան միջոցով, եւ վերջապէս՝ կը բովանդակէ դատումը կատարուելիք կամ արդէն կատարուած շօշափելի արարքներուն մասին։

«Բարոյական բարի»ին շուրջ ճշմարտութիւնը, որ հռչակուած է իմացականութեան օրէնքին մէջ, գործնականապէս եւ շօշափելի կերպով ճանչցուած է խղճմտանքին «խոհեմ դատողութեամբ»։

Ուստի, «խոհեմ» կը կոչուի մարդը՝ որ ընտրութիւն կը կատարէ այս դատումին համեմատ։

Խղճմտանքը թոյլ կու տայ ստանձնել պատասխանատուութիւնը կատարուած արարքներուն։

Խղճմտանքը պէտք է ըլլայ լուսաբանուած, իսկ բարոյական դատողութիւնը՝ լուսաւորուած։ Լաւ կազմաւորուած խիղճը ուղիղ է եւ ճշմարի՛տ։ Ան կը բանաձեւէ իր դատումները ըստ բանականութեան, Արարչին իմաստութենէն ուզուած ճշմարիտ բարիին համեմատ։ Խղճմտանքին կրթութիւնը անհրաժեշտ է մարդկային արարածներուն համար, որոնք ենթարկուած են ժխտական ազդեցութիւններու եւ փորձուած են մեղքէն՝ իրենց սեփական դատողութիւնը նախընտրելու եւ հեղինակաւոր ուսուցումները մերժելու հարցով։

Խղճմտանքին կրթութիւնը ամբողջ կեանքին պարտականութիւնն է։ Կեանքին առաջին տարիներէն իսկ, ան կը զարթուցանէ տղան դէպի ճանաչումը եւ գործադրումը ներքին օրէնքին, որ ճանչցուած է բարոյական խղճմտանքէն։ Խոհական կրթութիւնը մարդուն կ՚ուսուցանէ առաքինութիւնը, զերծ կը պահէ կամ կը բուժէ զայն վախէն, եսասիրութենէն, հպարտութենէն, յանցաւորութեան քինախնդրութենէն եւ մարդկային տկարութենէն, թերութենէն եւ յանցանքներէն ծնած կամահաճութեան շարժումներէն։ Խղճմտանքին կրթութիւնը կ՚երաշխաւորէ մարդուն ազատութիւնը եւ ծնունդ կու տայ սրտի խաղաղութեան՝ որ է ներքին խաղաղութի՛ւն։

Խղճմտանքին կազմաւորումին մէջ, Աստուծոյ խօսքը ճանապարհի լո՛յսն է. հարկ է իւրացնենք զայն հաւատքով եւ աղօթքով եւ զայն գործադրենք անվերապահօրէն։ Հարկ է նաեւ որ քննենք մեր խիղճը Տիրոջ Խաչին ակնարկին տակ։ Մեզի հետ ունինք օգնութիւնը Սուրբ Հոգիին պարգեւներուն, ունինք օժանդակութիւնը ուրիշներուն վկայութեան կամ խրատներուն եւ առաջնորդուած՝ հեղինակաւոր ուսուցումովն Եկեղեցւոյ։

Բարոյական ընտրանքին գալով, բարոյական ընտրանքի մը դէմ դիմաց դրուած՝ մարդուն խիղճը կրնայ կազմել կա՛մ ուղիղ դատաստան մը, հաշտ՝ բանականութեան եւ աստուածային օրէնքին հետ, կա՛մ ընդհակառակն կազմել թիւր դատաստան մը՝ որ կը հեռանայ անոնցմէ։

Մարդը երբեմն կը հակադրուի կացութիւններու, որոնք բարոյական դատաստանը կը դարձնեն նուազ ապահով եւ որոշումը՝ դժուա՛ր։ Բայց մարդը պէտք է միշտ փնտռէ ինչ որ «արդար» է եւ «բարի», եւ ջոկէ Աստուծոյ կամքը, որ արտայայտուած է աստուածային օրէնքին մէջ։ Առ այս՝ մարդը կը ջանայ մեկնաբանել փորձառութեան տուեալները շնորհիւ խոհեմութեան…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 14, 2020, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2020