ՉԱՐ ՄԱՐԴ ԲԱՐԻ ՄԱՐԴ

«Չար մարդ մըն է ան՝ որ հոգ չէ թէ՝ ո՛րքան բարի եղած էր անցեալին մէջ, այժմ, օր ըստ օրէ, աւելի չար կ՚ըլլայ. եւ բարի մարդ մըն է ան՝ որ հոգ չէ թէ՝ ո՛րքան չար եղած էր անցեալին մէջ, այժմ, օր ըստ օրէ, աւելի բարի՛ կ՚ըլլայ», կ՚ըսէ John Dewey։

«Չար մարդ»ը բարի կրնա՞յ ըլլալ։ Ոմանք «ո՛չ» կը պատասխանեն այս կենսական հարցումին։ Ուրիշներ լաւատես կերպով կը մօտենան հարցին, եւ կ՚ըսեն, թէ զանազան պատճառներով, մանաւանդ միջավայրի ազդեցութեամբ մարդ կրնայ հետզհետէ բարի ըլլալ, քանի որ էականը բարի ըլլալն է, եւ բարի մարդ մը՝ ինչպէս որ միջավայրի ազդեցութեամբ ժամանակի ընթացքին «չար մարդ» կ՚ըլլայ, նո՛յնպէս, չար մէկն ալ կրնայ հետզհետէ փոխուիլ, իր սկզբնական վիճակին վերադառնալ եւ «բարի մարդ» ըլլալ, ինչպէս որ աւելի առաջ բարի էր։ Անշուշտ պէտք չէ վճռական ըլլալ այս մասին, բայց մարդկային պատմութիւնը կը վկայէ բազմաթիւ դէպքերու՝ ուր «չար»ը «բարի»ի փոխուած է։

Անշուշտ, այս փոփոխութեան «վերափոխ-ւիլ» ըսել աւելի իմաստալից եւ նպատակայարմար կ՚ըլլայ, քանի որ մարդ էապէս «բարի» է, բարի կը ծնի, յետոյ «չար»ի կը փոխուի, եւ «չար»էն դարձեալ «բարի»ի փոխուիլը՝ «վերափոխուի՛լ» է։

Մարդ էապէս բարի է, քանի որ զայն Աստուած ստեղծեց, եւ Աստուած բացարձակ «Բարի» է, ապա ուրեմն Անոր ստեղծածը բարի՛ է եւ կարելի չէ որ Բարին Աստուած «չար»ը ստեղծէ։ Ուրեմն մարդ էապէս եւ սկզբնաւորութեամբ բարի է եւ աւելի վերջ «չար»ի կը փոխուի եւ քանի որ բարին չարի կրնայ փոխուիլ, ապա ուրեմն չարն ալ ի վերջոյ կրնայ բարիի «վերափոխուի»լ։ Քանի որ Աստուած իմաստութեա՛մբ կը ստեղծէ, ուրեմն արարչագործութիւնը բարեկարգ է։ Յաւիտենական «Բան»ով եւ «Բան»ին մէջ գոյութիւն ունեցած արարչագործութիւնը իբր «պատկեր անտեսանելի Աստուծոյ» (ԾՆՆԴ. Ա 26) եւ (ԿՈՂ. Ա 15), վիճակուած է եւ ուղղուած Աստուծոյ պատկեր մարդուն (ՍԱՂՄ. ԺԸ 2-5), որ իր հերթին կոչուած է «անձնական յարաբերութեան» Աստուծոյ հետ։

«Դուն ամէն ինչ կարգաւորեցիր չափով, թիւով եւ կշիռով» (ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ՍՈՂՈՄՈՆԻ, ԺԱ 20)։

Մարդուս իմացականութիւնը քանի որ մասնակից է աստուածային Իմացողութեան լոյսին, կարող է՝ թէեւ մեծ ճիգով եւ միանգամայն Արարչին եւ Անոր գործին հանդէպ խոնարհութեան ոգիով եւ յարգանքով, իմանալ ինչ որ Աստուած կ՚ըսէ իրեն իր արարչագործութեամբ. (ՅՈԲ. ԽԲ 3)։ Արարչագործութիւնը ծագում առած է աստուածային բարութենէն, ան կը մասնակցի այս բարութեան. «Եւ Աստուած տեսաւ որ բարի էր … շատ բարի» (ԾՆՆԴ. Ա 4, 10, 12, 18, 21, 31)։ Որովհետեւ արարչագործութիւնը Աստուծմէ ուզուած է իբր «պարգեւ» մը մարդուն եւ իբր ժառանգութիւն մը՝ որ սահմանուած եւ վստահուած է անոր։ Եկեղեցին բազմիցս հարկադրուեցաւ պաշտպանել արարչագործութեան, ներառեալ նիւթական աշխարհի Բարութիւնը։

Հապա «չար»ը ի՞նչպէս գոյացաւ։

Մարդուն վրայ ճնշող խեղճութիւնը, ինչպէս նաեւ «չար»ին եւ մահուան հանդէպ անոր հակումը կարելի չէ հասկնալ առանց անոնց Ադամի մեղքին հետ ունեցած կապին, եւ այն իրողութեան, թէ Ադամ մարդուն փոխանցեց մե՛ղք մը, որմէ համայն մարդկութիւնը արատաւորուած կը ծնի, որ «մա՛հն է հոգիին»։ Հիմնուելով հաւատքի այս ստուգութեան վրայ, Եկեղեցին մեղքերու թողութեան համար մկրտութիւն կու տայ նոյնիսկ անձնական մեղք չգործած մանուկներուն։

Ուրեմն էականը «բարի»ն է, իսկ չարը՝ արատաւորուած բարին։

Ի՞նչպէս ուրեմն Ադամին մեղքը անոր սերունդներուն մեղքը դարձաւ։ Ըստ Սուրբ Թովմաս Աքուինացիի՝ մարդկային ցեղը ամբողջ, Ադամին մէջն է, իբրեւ միակ մարդու մը միակ մարմինը։ Ահաւասիկ, այս «մարդկային ցեղին միութեամբ», բոլոր մարդիկ կցորդակից են Ադամին մեղքին, ինչպէս որ բոլորը բաժնեկից են Քրիստոսի արդարութեա՛ն։

Սկզբնական մեղքին փոխանցումը սակայն խորհուրդ մըն է, զոր մարդ չի կրնար լիովին հասկնալ։

Բայց Յայտնութենէն գիտենք, թէ Ադամ ընդունած էր սկզբնական սրբութիւնը եւ արդարութիւնը, ո՛չ միայն իրեն համար, այլ համայն մարդկային բնութեան համար։ Տեղի տալով փորձիչին, Ադամ եւ Եւա «անձնական մեղք» մը կը գործեն, սակայն այս մեղքը կը վարակէ մարդկային Բնութիւնը, զոր այնքան բնականօրէն անոնք պիտի փոխանցեն անկեալ վիճակի մէջ։ Ասիկա, մարդկութեան, այսինքն փոխանցումով, սկզբնական սրբութենէն եւ արդարութենէն արդէն զրկուած մարդկային բնութեան մը տարածումով փոխանցուած մե՛ղք մըն է։

Այս իսկ պատճառով, սկզբնական մեղքը հանգիտութեամբ կոչուած է. «մեղք», ան «փոխանցուած» մեղք է, ո՛չ գործուած, ո՛չ արարք մը, վիճակ մըն է։ Սկզբնական մեղքին եւ մարդոց գործած անձնական բոլոր մեղքերուն հետեւանքները ամբողջ աշխարհին կը փոխանձեն «մեղանչական իրավիճակ» մը, որ կարելի է բնորոշել Յովհաննէս Առաքեալի արտայայտած խօսքով. «Աշխարհի մեղքը» (ՅՈՎՀ. Ա 29)։

Չարին իշխանութեան ամբողջութեամբ ենթարկուած (Ա ՅՈՎՀ. Ե 19) աշխարհի այս ողբերգական կացութիւնը մարդուն կեանքը կը վերածէ պայքարի մը։

Արդարեւ, չարը Աստուծոյ գործը չէ, ինչպէս՝ մահը. Աստուած չ՚ուրախանար կենդանի էակներու՝ Իր արարածներու կորուստով։ Չարը եւ մահը աշխարհ եկաւ Սատանային նախանձէն։

Մեղքին եւ չարին դէմ Քրիստոսի յաղթանակը մարդուս բարիք տուաւ. Քրիստոս Իր խաչով եւ Յարութեամբ խորտակե՛ց Չարին իշխանութիւնը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 18, 2020, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2020