ԱՄՈ՛ՒՐ ԸՆՏԱՆԻՔԸ

Ընտանիքը՝ ընկերութեան հի՛մքն է. եթէ ընտանիքը ամուր հիմերու վրայ է հաստատուած, ընկերութիւնն ալ, եւ անշուշտ, ամբողջ մարդկային մեծ ընտանիքն ալ հաստատ հիմերու վրայ կը գոյապահպանուի եւ կը գոյատեւէ։

Արդարեւ, «ընտանիք»ը կորիզն է մարդկային հաւաքականութեան, եւ հոգեւոր իմաստով ալ՝ ընտանիքը առտնին եկեղեցի մըն է, եւ այդ իսկ պատճառով՝ սուրբ եւ նուիրակա՛ն։ Ուրեմն շատ մեծ կարեւորութիւն պէտք է ընծայել ընտանիքին, քանի որ ապագայ սերունդներ անոր վիճակէն կախում ունին՝ լաւ կամ վատ ընթացքի մը մէջ ըլլալու հարցով։ Ուրեմն ի՞նչ կը պահանջուի ընտանիքը կազմող անդամներէ՝ որպէսզի ամուր եւ հաստատ ընտանիք մը յայտնուի։

Ամուր եւ հաստատ ընտանիքը նա՛խ եւ առաջ կը հիմնուի սիրո՛յ վրայ. ամուր ընտանիքի մը հաստատ հիմքը ամէն բանէ առաջ՝ սէ՛րն է, անկեղծ, համակրական հասկացողութեան հետեւանք նուիրական սէ՛րը, բայց նաեւ՝ հաւատարմութիւնը, ուրախութիւնը, փոխադարձ հասկացողութիւնը, համբերութիւնը եւ հանդուրժողութիւնը ընտանիքը ամուր եւ հաստատուն պահելու անհրաժեշտ ազդակներն են։

Ուստի ամուսնացածները եւ ամուսնութեան նոր պատրաստուողները պէտք է հասկնան, պէտք է գիտնան, որ մարդ էակը «փոփոխական» է, եւ այդ կացութիւնը իր ազդեցութիւնը ցոյց կու տայ նաեւ ընտանեկան կեանքին մէջ։

Հին յոյն իմաստասէրներէն Հերակլիտ կ՚ըսէ, թէ՝ «ո՛չ մէկը կրնայ երկու անգամ լողալ նոյն գետին մէջ»։ Այս խօսքը կը վերաբերի ո՛չ միայն աշխարհի, այլ նաեւ՝ մարդու իրերու փոփոխութեանը։ Ուստի միեւնոյն մարդու հետ տեւական ժամանակից ըլլալէ յետոյ, յաջորդ հանդիպումին կը տեսնուի, որ այդ մարդը այլեւս նոյն անձը չէ, քանի որ ան անընդհատ կը փոխուի եւ կամ նոյնը չի մնար իր փորձառութեամբ, իր հաւատալիքներով, իր գործունէութեամբ՝ մտքերու ընթացքով, ապրուած օրերու թիւով, եւ այլն։ Եւ այս փոփոխականութիւնը տեսանելի եւ զգալի՛ է նաեւ ընտանեկան միջավայրի մէջ՝ ամուսիններու միջեւ, ինչպէս՝ անհատական կեանքի մէջ։ Եւ, ահաւասի՛կ, երբ կ՚ըսենք «ընտանիքի մը ամրութիւնը», կը հասկնանք ուրեմն, դիմադրել այդ փոփոխութիւններուն, եւ հակառակ փոփոխութեան այդ բնական ընթացքին՝ հաստատ եւ ամո՛ւր մնալ։ Ուրեմն, ամուսնալուծութեան պատճառներէն գլխաւո՛րն է չկարենալ դիմադրել այդ բնական փոփոխութիւններուն։

Ամուսնալուծութիւնը, կարծես «ընկերային ախտ»ի մըն է վերածուած մանաւանդ մեր օրերուն։ Ամուսնալուծութեան պատճառներէն մէկն ալ նախամուսնական շրջանի պայմաններու պակասը կամ բացակայութի՛ւնն է։

Մինչ ամուսնութիւնը, աւանդաբար, զոյգերը սովոր են զիրար տեսնել միայն տօնական օրերու յատուկ զգեստներով՝ ժամադրութեան պահերուն եւ կամ ամուսնութեան պատրաստուող թեկնածուներուն՝ ապագայ ամուսիններուն («ամուսին» բառը կը գործածուի ամուսնացած թէ՛ այր-մարդուն, եւ թէ՛ կին-մարդուն համար՝ այրը կնոջ «ամուսին»ն է, կինն ալ այր-մարդուն «ամուսին»ը՝ երբ անոնք ամուսնացած են) իրարու սպասած ատեն ապրուած յուզումնալից պահերուն՝ արկածային զգացողութիւններ ունենալով։ Եւ քանի որ ամուսնանալով, ամուսիններու մէջ այս բոլորը կը դադրին, կեանքը սովորական եւ միօրինակ ընթացք մը կը ստանայ, ասիկա կրնայ հարց ստեղծել, խնդիր յառաջ բերել զգացումներու արտայայտութեան մէջ։

Մինչամուսնական եւ յետամուսնական շրջանը կարելի է համեմատել պտղատու ծառի հետ։ Գարնանային շրջանին պտղատու ծառը կը ծաղկի, կը բողբոջի։ Մարդիկ կը հիանան, կ՚ուրախանան անոր ծաղիկներուն, հմայքին եւ հոտին, բոյրին։ Բայց երբ կու գայ պտղաբերութեան ժամանակը՝ կ՚անհետանան, կը կորսուին ծաղիկները, եւ կը սկսի ծառը օգտակար պտուղներ տալ։ Այսպէս ալ, մինչ ամուսնութիւնը, զգացումները կարելի է ծաղիկներու հրաշալի՜ տեսքին, հիասքանչութեան հետ համեմատել, իսկ ամուսնութիւնը՝ պտղաբերութեան, երբ արդէն կորսուած են, չկան ծաղիկներու հմայքը եւ հիանալի տեսարանը, եւ սակայն մարդուս բանականութիւնը ցոյց կու տայ եւ փորձառութիւնը կը փաստէ, թէ այդ հրաշալի՜ տեսարանին յաջորդողը աւելի՛ հասուն է եւ օգտակա՛ր։

Այդպէս է նաեւ ամուսնութիւնը։

Արդարեւ, ի հեճուկս արտաքին գեղեցկութիւններու, երբ մարդ թափանցէ ճշմարտութեան ներքին գեղեցկութիւններուն՝ այն ատեն է որ կրնայ իր նպատակին հասնիլ՝ երջանիկ ըլլալ, որուն կոչուած է իր արարչութենէն իսկ։

Եւ ամուսնութեան սրբութիւնը, նուիրականութիւնը այն ատեն լաւ կը հասկցուի, երբ նկատուի որ առաջին ամուսնութիւնը կատարուեցաւ դրախտի մէջ՝ Աստուծոյ օրհնութեամբ, նախահօր Ադամի եւ նախամօր Եւայի միջեւ։

Պտղաբեր ծառին ծաղիկներու տեսքը կը նուազեցնէ «հէքեաթայի՜ն զգացում»ներու առկայութիւնը, բայց այն աւելի՛ հասուն եւ օգտակար իրավիճա՛կն է՝ որուն եւս դժուարութիւնները յաղթահարելով եւ ամուսիններու՝ այր եւ կնոջ միասնակութեամբ եւ միաբանութեամբ «ընտանեկան պտղատու ծառ»ը կարելի է նոր ծաղիկներով ծաղկեցնել եւ նոր պտուղներ բերելով տեւականացնել՝ ի հեճուկս ամէն դժուարութիւններու, նեղութիւններու եւ արգելքներու։ Ընտանիքի սրբութիւնը պահել պա՛րտք մըն է մարդուս համար…։

- Օգտուեցանք՝ Ադամ Քահանայ Մակարեանի «Ոչ միայն Հացիվ» գիրքէն։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 8, 2018, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Յունուար 23, 2018