ԿԵԱՆՔԸ ԼԻՕՐԷՆ ԱՊՐԻԼ

Փիլիսոփայ ըլլալու հարկ չկա՛յ, կեանքը լիօրէն ապրելու համար։ Աստուած ամէն մարդու տուած է զոյգ մը աչք եւ ականջ՝ Բնութեան հետ զգայաբանական հաղորդակցութիւն հաստատելու, եւ իր կեանքը ճոխացնելու Բնութեան համերգովը եւ համայնապատկերովը։ Արդարեւ, մարդ էակին ձրի շնորհքն է «վայելել»ու շնորհքը եւ կարողութիւնը։

«Գիտնալ»ու համար պէտք է «սորվիլ», բայց «խորհիլ» եւ «զգալ»՝ բնատուր կարողութիւններ են ամէն մարդու։ Մարդ կրնայ չգիտնալ, բայց կը խորհի եւ կը զգա՛յ։ Այս իմաստով համեստ եւ չափաւոր գիտութեան տէր մէկու մը համար ալ ձրի առանձնաշնորհում մըն է Բնութիւնը վայելել՝ իր ամբողջ վեհափառութիւնովը, սքանչելիքները՝ այնքան լիօրէն ո՛րքան չեն կրցած վայելել ընդարձակ գիտութեան տէր մարդիկ յաճախ։

Կեանքը վայելել կը նշանակէ՝ Բնութիւնը ճանչնալ եւ Բնութիւնը վայելել։

Արդարեւ, կեանքը սահմանաւորուած է ժամանակի չափով, ամէն մարդու համար, որուն ընթացքին մարդ փոփոխութիւն կը կրէ՝ կը ծերանայ։ Կեանքին այս բնական ընթացքը մարդուն կը յիշեցնէ, թէ միայն «սահմանափակ ժամանակ» մը ունի իրագործելու՝ վայելելու իր կեանքը։ Բայց հաւատացեալներու կեանքը, ո՛չ թէ կը փճանայ, այլ կը կերպարանափոխուի. անոնց կեցութիւնը երկրի վրայ երբ վերջ գտնէ, անոնք արդէն յաւերժական բնակարան մը ունին երկինքի մէջ՝ յաւիտենական կեանքով։

Երկրային կեանքը Աստուծոյ մօտենալու ուղի մըն է, որ իբրեւ ելակէտ ունի արարչութիւնը, նիւթական աշխարհը եւ մարդկային անձը։ Մեկնելով աշխարհի ցուցաբերած շարժումէն, լինելութենէն, պատահմունքներէն, կարգաւորութիւններէն եւ գեղեցկութենէն, որոնք կը կազմեն կեանքը, կարելի է ճանչնալ Աստուած իբրեւ սկիզբ եւ վախճան տիեզերքին։

Կեանքի նպատակն է Աստուած որոնել, մօտենալ Անոր եւ ճանչնալ զԱյն։ «Ուրախութիւն՝ Աստուած որոնող սրտերուն» (ՍԱՂՄ. ՃԴ 3)։

Մարդ կրնայ Աստուած մոռնալ, եւ կամ մերժել զԱյն, սակայն Աստուած երբեք չի դադրիր կոչելէ մարդը, որ որոնէ զԻնք եւ ապրի եւ երջանկութիւնը գտնէ։ Բայց այս որոնումը կը պահանջէ մարդուն իմացականութեան ամբողջ ճիգը, անոր կամքին ուղղամտութիւնը, անոր «ուղիղ սիրտը» եւ նաեւ բարի վկայութիւնը անոնց, որոնք իրեն Աստուած փնտռել կը սորվեցնեն։

Սուրբ Օգոստինոս կ՚ըսէ. «Մե՛ծ ես դուն Տէր, եւ գերազանցօրէն գովելի, մեծ է քու զօրութիւնդ, իսկ քու իմացականութիւնդ անչափ է։ Եւ մարդը, այս փոքր մասնիկը Քու արարչութեանդ, կը յաւակնի գովաբանել քեզ, ինք որ մահկանացուի վիճակ զգեցած, իր մէջ կը կրէ վկայութիւնը իր մեղքին եւ վկայութիւնը թէ դուն հակառակ ես ամբարտաւաններուն։ Այսուհանդերձ մարդը, Քու արարչութեանդ փոքր մասնիկը, կ՚ուզէ Քեզ գովաբանել։ Դուն ալ այս ընելու կը մղես զինք, ձգելով որ ան գտնէ իր հաճոյքը Քու գովաբանութեանդ մէջ, որովհետեւ Դուն մեզ Քեզի համար կազմեցիր եւ մեր սիրտը չունի դադար՝ որքան ատեն որ չի հանգչիր Քու մէջդ»։

Մարդ, ընդհանրապէս Բնութեան հետ իր յարաբերութիւնները կը մշակէ զգացական գետնի վրայ։ Եւ մարդ «տգէտ» կը մնայ միշտ Բնութեան գաղտնիքներուն՝ որքան մօտենայ անոր, նոր գաղտնիքներ կը յայտնուին մարդուն առջեւ։ Բայց երբ զգայուն է Բնութեան փառքին յայտնութիւններուն, մարդ հետզհետէ կը մօտենայ անոր, հետզհետէ կը սկսի ճանչնալ զայն, անդրադառնալ անոր գեղեցկութիւններուն, բարիքներուն…։ Զոր օրինակ, կարելի՞ է գիտնալ, թէ ի՛նչպէս կը յղացուի եւ կը ծնի գարունը Բնութեան արգանդին մէջ, բայց մարդ կարող է «վայելել» գարնան հրաշագործ յայտնութիւնը։ Ուրեմն, Բնութիւնը գիտնալէ աւելի՝ Բնութիւնը զգա՛լ պէտք է կարենալ վայելելու համար անոր բարիքներն ու գեղեցկութիւնները։

Արդարեւ, «տեսնուած»ը հասկնալու անհրաժեշտութիւն չկա՛յ, երբ կարելի է «վայելել» ի՛նչ որ կը տեսնուի։

Կեանքն ալ նոյնը չէ՞, կեանքը վայելել աւելի կարեւոր է քան անիկա տեսնել եւ հասկնալ ջանալ։ Ուստի կեանքը չի հասկցուիր, այլ՝ կ՚ապրուի, այսինքն զայն վայելելով է որ անոր գոյութիւնը կերպով մը կը տեսնուի։

Բայց որքան որ կ՚ըսենք «կեանքը վայելել», ասիկա ընդհանրապէս ցոյց կու տայ անոր դրական կամ ուրախ երեսը։ Բայց կեանքը ունի նաեւ բացասական, տխուր երես մը։ Կեանքը նաեւ կը տխրեցնէ մեզ։ Ի՞նչ արդարացում կայ սակայն տխրութեան կեանքին մէջ։

Կեանքը ամէն մարդու համար նոյնը չէ՛. կեանքը կը փոխուի անձին համեմատ՝ մէկուն համար ուրախութիւն, երջանկութիւն, լիութիւն, ուրիշի մը համար՝ տխրութիւն, դժբախտութի՜ւն…։

Կեանքը անցաւոր է, կեանքը ժամանակաւոր է. ուր որ դրախտ կայ՝ քովը կայ անապատ մը՝ ուր վտարանդի, պանդուխտ կ՚անցընենք մեր կեանքին գոնէ կէսը, եթէ ո՛չ աւելին…։

Ժամանակի սրարշաւ կառքը կայուն չի մնար կեանքի որեւէ դրախտային հանգըր-ւանին վրայ. հապա՝ կը յառաջանայ դէպի անակնկալ եւ անծանօթ հորիզոններ…։ Երանի՜ անոնց որոնք երբ ժամանակի կառքը հեծած կը ճամբորդեն՝ շատ անգամներ դրախտը վայելելու բանաւոր ակնկալութիւններ ունին։ Երանի՜ անոնց որոնք անակնկալներու կը հանդիպին, որոնք միշտ ուրախութիւն, երջանկութիւն կը բերեն։

Ուրեմն մարդ պէ՛տք է ամէն ապրուած օրուան համար «փա՜ռք Աստուծոյ» ըսէ՝ իր վայելած գեղեցկութիւններուն եւ բարիքներուն համար…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապրիլ 16, 2020, Իսթանպուլ 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 23, 2020