ԶՈՒԱՐԹ ԿԵԱՆՔԻ ԿԱՐՕՏԸ

Ցաւերով, վիշտերով, տառապանքներով լեցուն այս կեանքին մէջ ո՜վ կարօտը չի զգար զուարթ եւ ժպտուն կեանքի մը։ Կեանքը միշտ ունի ելեւէջներ՝ երբեմն կը բարձրանայ, երբեմն կ՚իջնէ, երբեմն կը ժպտի, երբեմն ցոյց կու տայ իր խոժոռ, մռայլ դէմքը։ Իրենք զիրենք «երջանիկ» կը նկատեն անոնք, որոնց կեանքին մէջ աւելի են ժպտուն, զուարթ օրերը քան՝ տխուր եւ տրտում պահերը։ Իսկ դժբախտ են անոնք՝ որոնց տխուր եւ տրտում օրերը աւելի են քան՝ ուրախ, զուարթ օրերը։

Մարդ երբ անհոգ է, բայց ո՛չ անտարբեր, մտահոգութիւններ չունի, որ կը տառապեցնէ զինք, պէտք է ուրախ եւ ուրեմն «երջանիկ» նկատէ ինքզինք։

Մարդուս երիտասարդութեան շրջանը, ընդհանրապէս մտահոգութիւններէ հեռո՜ւ շրջան մըն է, քանի որ ան կայտառ է եւ առոյգ, եւ վստահելով իր ուժի զօրութեան, կորովին, արթնութեան, կը կարծէ յաղթահարել ամէն դժուարութիւն եւ ամէն նեղութիւն, ամէն արգելք, որ կը սպառնան իր երջանկութեան։ Բայց պէտք է խոստովանիլ, թէ այս մտահոգութիւններէ հեռու վիճակը խաբէական է, քանի որ իրատեսութեան արդիւնք չէ։ Մարդ որքան ալ ուժով եւ զօրաւոր ըլլայ, ինքնաբաւ չի կրնար ըլլալ բոլորովին, եւ չի կրնար յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները, արգելքները։

Անշուշտ որ մարդուս իր սեփական ուժերուն վստահութիւն ընծայելը դրական ազդեցութիւն մը կը գործէ իր վրայ՝ լաւատեսութեամբ կը դիտէ կեանքը եւ մանաւանդ, ապահով կը զգայ ինքզինք։ Բայց, ինչպէս ըսինք, ասիկա բացարձակ իրականութիւն մը չի կրնար ըլլալ, քանի որ մարդ, ի՛նչ տարիք ալ ունենայ՝ երիտասարդ կամ հասուն, կամ տարեց, ունի տկարութիւններ, թերութիւններ եւ անկատարութիւններ բնականօրէն, եւ այդ իսկ պատճառով կրնայ պարտուիլ կեանքի պայքարին մէջ։ Ուրեմն ինքնավստահութիւնը պէտք չէ՛ չափազանցել եւ հասցնել ինքնահաւանութեան եւ ըլլալ՝ իրատե՛ս…։

Երիտասարդներ, ընդհանրապէս, որոնք կեանքի փորձառութեան պակասը ունին, կը կարծեն, որ իրենց ուժի, զօրութեան, կորովի, արթնութեան շրջանը երբեք վերջ պիտի չունենայ։

Սակայն կեանքը իրերայաջորդ շրջաններու ընթացք մըն է, շրջաններ երբ կը յառաջանան՝ մարդ միշտ նոյն կարողութիւնները չ՚ունենար, կեանքը, բնութեան հետ համընթաց, տեւական փոփոխութեան կ՚ենթարկուի։ Արդարեւ, բնութեան բարեշրջումը խոտոր համեմատութիւն մը ունի մարդկային բնութեան հետ։ Բնութիւնը միշտ կը բարեփոխուի, իսկ մարդ տեւական կը նահանջէ, տեղի կու տայ եւ հետզհետէ կը վատթարանայ։ Այս կը նշանակէ, որ մարդ երբեք իր երիտասարդութեան ուժը եւ կորովը չի կրնար պահել իր տարեց շրջանին մէջ։ Թէեւ կան «երիտասարդ տարեց»ներ՝ որոնք կը կազմեն «բացառութիւն» այս ընթացքին մէջ, բայց սովորական է կորսնցնել իր երիտասարդութեան կորովը  եւ կարողութիւնը։

Եւ կարելի է ենթադրել՝ որ «երիտասարդներ կամենային, տարեցներ կարողանային» ֆրանսական առածը լաւագոյն կերպով կ՚արտայայտէ այս անվիճելի, անուրանալի իրականութիւնը։

Զուարթ, ուրախ, մտահոգութիւններէ հեռո՜ւ եւ երբեմն ալ անտարբեր երիտասարդութեան շրջանին՝ մարդ երբեք չի խորհիր, թէ հաճոյքներու, զուարճութիւններու, վայելքներու, յաջողութիւններու, յաղթանակներու այն շարքը վե՛րջ մը պիտի ունենայ։

Բայց օրը եւ ժամը երբ հասնի՝ այս բոլորը կը վերջանան, ոմանց համար զգալի, իսկ ուրիշներու համար՝ անզգալաբա՛ր։ Ոմանք չեն ընդունիր այդ բնական փոփոխութիւը՝ «պարտութիւն»ը ժամանակին դէմ։ Բայց այդ յամառ կեցուածքը շատ կը վնասէ իրենց կեանքի ընթացքը՝ անորոշութեան, մինչեւ իսկ ինքնախաբէութեան մէջ՝ երեւակայութիւններու մէջ կը կորսուին, ինքնութեան հարցեր կը ստեղծուին իրենց կեանքին մէջ, որը աւելի եւս անորոշութեան կը մատնէ զիրենք։ Ուրեմն նախընտրելի՛ է ընդունիլ իր վիճակը՝ երիտասարդը՝ երիտասա՛րդ, տարեցը՝ տարե՛ց պէտք է զգայ ինքզինք եւ համոզուելու է, որ կեանքը շրջաններու բնական ընթացք մըն է, եւ պէտք է ապրի մարդ այդ շրջաններուն համեմատ եւ համաձայն։

Եւ կարծեմ «երջանկութեան բանալի»ներէ մէկը եւ կարեւորագոյնն է՝ ընդունիլ այս բնական ընթացքին ներկայացուցած պայմանները եւ վիճակը, համակերպիլ, եւ ըստ այնմ շարունակել կեանքը։ Ըսինք՝ մարդ ինքնաբաւ չէ՛. ունի թերութիւններ, տկարութիւններ եւ կարելի չէ որ կատարեալ ըլլայ, ամէն ինչ իրմէ կախում չունի, եւ իր կեանքը, իր էութիւնը կախում ունի բնական՝ անայլայլելի եւ մշտնջենաւոր օրէնքէ մը՝ համակարգէ մը, որուն հակառակիլ կարելի չէ՛ շատ անգամ։ Եւ այս իմաստով՝ աւելի նպաստաւոր է եւ գործնական իրատե՛ս ըլլալ, քան վարանոտ մնալ եւ տատամսիլ լաւատեսութեան եւ յոռետեսութեան մէջ։ Իսկ եթէ նախընտրութիւն մը պէտք ըլլայ ընել լաւատեսութեան եւ յոռետեսութեան միջեւ, անշո՛ւշտ թէ լաւատեսութիւնը նախընտրելի է, քանի որ անիկա է որ բարձր կը պահէ մարդուս տրամադրութիւնը։

Լաւատեսութիւնը նախընտրելի է, քանի որ լաւատեսութիւնը կ՚ենթադրէ յոյս ունենալ, իսկ յոյսը կեանքի բնատուր աւի՛շն է. արդարեւ հոն՝ ո՛ւր յոյս կայ, հոն կայ նաեւ կեա՛նք։

Արարածներու՝ ապրող էակներու մէջ միա՛յն մարդն է որ ունի «ապագայ»ի ըմբռնումը, եւ ապագայի այդ ըմբռնումն է, որ մարդս մտահոգութեան կ՚առաջնորդէ, հոգերով կը զբաղեցնէ, եւ «յո՛յս»ը սպեղանին է այդ մտահոգութեան «վէրք»ին՝ դարմանը եւ դեղը՝ մտային խռովքին՝ մտատանջութեա՜ն…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունուար 29, 2018, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Յունուար 30, 2018